ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մայր Աթոռոյ Գանձատուն – Թանգարանի սրբազան մասունքներէն օրինակներ…
Ոսկեպատ գոյքերուն մէջ, առանձաբար հիացումով մօտեցայ նաեւ այն գանձերուն, որոնց արտաքինը ոսկի եւ կամ արծաթ ըլլալով հանդերձ, իրենց մէջի գանձը անփոխարինելի էր, նկատի ունենալով որ անոնք մասունքակիր գանձեր էին։
Իրարմէ տարբեր դարերուն պատրաստուած այս գանձանակներուն մէջ կը գտնուէին այնպիսի արժէքներ, որոնք թէ՛ Համաքրիստոնէական արժէք կը ներկայացնէին եւ թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ կը դառնային բարեխօսութեան դիմելու սրբութիւններ։ Նոյեան Տապանի, Ս. Մինասի, Ս. Յովհաննէս Կարապետի, Ս. Գէորգ Զօրավարի, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի, Ս. Սարգիսի, Ս. Ստեփաննոսի, Ս. Անանիա Առաքեալի, Ս. Ղուկաս Աւետարանչի եւ տակաւին բազմաթիւ սուրբերու մասունքներ պահպանուած են մասունքակիր գանձատուփերու մէջ։ Այս գանձատուփերը կը տարբերէին, ոեւէ սկիհէն, խաչէն, զգեստէն եւ կամ գոյքէն, որովհետեւ իրենց մէջ ուղղակիօրէն մաս եւ բաժինը կը գտնուէր սուրբերու։ Հետեւաբար, անոնց մօտ թէ՛ յիշատակ մը կար բարոյական եւ մշակութային, թէ՛ նիւթական արժէք մը՝ արտաքին ոսկիէն եւ կամ արծաթէն բղխած։ Սակայն այս բոլորին մէջ գերիշխողն էր անշուշտ՝ օրհնութեան գանձարանները, բարեխօսական մասնատուփերը, որոնց մէջ ուղղակիօրէն կային յիշեալ սուրբի մը ներկայութիւնը։ Իսկ, անոնցմէ ոմանք միայն ու միայն կը գտնուէին Մայր Աթոռոյ գանձատան մէջ։
Անշուշտ, թէ՝ այս բոլորին մէջ կ՚առանձնանար Ս. Գեղարդի մասունքը, որուն մէջ խառնուած էր Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կենդանարար եւ պատուական սուրբ արիւնը։ Տակաւին երկու շաբաթ առաջ էր, որ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի Տօնին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ դուրս բերուած էր գանձատունէն, որպէսզի ժողովուրդը երկրպագելու համար մօտենար այս սուրբ գանձին։ Տակաւին դարմ են յիշատակներս, որով ականատեսը եղած էի, թէ՝ Լուսարարապետ Մուշեղ Սրբազան Հօր ձեռամբ վերաբերուած Ս. Գեղարդի մասունքին մօտենալու համար ժողովուրդը որքան մեծ ոգեւորութիւն մը ունէր։ Մօտէն ականատեսը եղած էի, թէ՝ որքան մեծ ուշադրութեամբ եւ գուրգուրանքով զայն վերստին ծրարած ու վերադարձուցած էին գանձատունը։ Պատասխանատու հոգեւորականներ ուշադրութիւն կ՚ընէին, թէկուզ փոշի մը անգամ վնաս չհասցներ այս սրբազան աւանդին։
Կրնամ ըսել, թէ՝ բազմաթիւ են մասունքակիր գանձատուփերը եւ իւրաքանչիւրը ունի իր եզակի պատմութիւնը եւ պատրաստութեան փուլը։ Ո՞վ գիտէ, քանի հաւատացեալներ սուրբերու բարեխօսութեանը դիմելու տրամադրութեամբ երկիւղով մօտեցած է մէն մի մասնատուփին։ Չենք գիտեր, թէ՝ ինչ հրաշքներ իրականացած են այս սրբազան մասունքներու ներգործութեամբ հաւատացելոց կեանքերէն ներս։ Սակայն, կը կարծեմ, թէ՝ իւրաքանչիւրը առանձնաբար ներշնչանքի աղբիւրի կը վերածուին առաջի հաւատացելոց։ Իսկ որքա՜ն լաւ սովորութեան վերածուած է, թէ՝ սրբոց այս մասունքները, յատուկ տօնակատարութեանց առիթներով դուրս կը բերուին գանձատունէն եւ կ՚արժանանան հաւատացելոց երկրպագութեան։ Թեկուզ անարժէք մասնատուփի մը մէջ իսկ ըլլայ, այդ մասունքը պիտի արժանանայ հաւատացելոց գնահատանքին եւ երկրպագութեան։ Հետեւաբար կարելի՞ է, նիւթականով չափել այս գանձատուփերու արժէքը։ Սակայն, անոնք նաեւ նիւթական աշխարհի նիւթական կանոններուն մէջ ըսել կ՚ուզեն, թէ՝ օրհնութիւնը այն արժէքն է, որ թանկ է ոսկիի նման։ Այնուհետեւ կը տեսնենք նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւնը այս գանձատուփերու մէջ։
Ուստի այցելուներս եւս անմասն չէինք կրնար մնալ այս սրբութիւններու ներկայութենէն, հետեւաբար խաչակնքեցինք իրենց առջեւ եւ բարեխօսութեան դիմեցինք սուրբերուն, որպէսզի անոնք պայծառազարդեն մեր եկեղեցին եւ հաւատաւոր զաւակները։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ,
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին
16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի
Աղբիւր։ Harutyun Apegha Damadyan https://www.facebook.com/artundamadian
İlk yorum yapan siz olun