İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու 20 Դեկտեմբեր 2021, Երկուշաբթի, Հալիճի Համաժողովի կեդրոնին մէջ Ս. Ծննդեան ընթրիք սարքեց։

Քաղաքիս Քրիստոնեայ համայնքներու վարիչներուն ուղղեալ ընթրիքի պատուոյ սեղանի շուրջ էին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը, Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Լատին Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փելինուրա Եպս.ը, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Չէթին Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպս.ը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ այլ բողոքական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ, այլ քաղաքատեպեր, հիւպատոսներ եւ օրուան տանտէր Էքրէմ Իմամօղլու եւ կողակիցը։

Համայնքէս ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Քաղաքապետութեան դիւանապետի օգնականը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ստանպուլի ոչ-մահմետական համայնքներու ներկայացուցիչներու մէկտեղման եւ այս մէկտեղման Ս. Ծննդեան առթիւ իրականանալուն պատճառաւ։

Իրենց սրտի խօսքով հանդէս եկան Յունաց եւ Հայոց պատրիարքները, Լատին եւ Ասորի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «փոքրամասնութեանց համար ամենախաղաղ ու ամենասիրելի նաւահանգիստը մեծամասնութեան սիրտն է»։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքը աւարտին դիմելով Մայր Քաղաքապետ Իմամօղլուին, յիշեցուց իր նախակրթարանի դասագիրքերուն մէջէն Եզովբոսի մէկ առակը, ուր ցուրտ եւ տաք օդերը կը վիճաբանին։ Ցուրտ օդը հովով ու փոթորիկով կը ջանայ մարդուն վերարկուն հանել տալ, սակայն մարդը աւելի կը փաթթուի իր հագուստներուն։ Իսկ երբ արեւը ցոյց կու տայ իր ժպտուն դէմքը՝ մարդը սիրով կը հանէ վերարկուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Իմամօղլու իր ժպտուն դէմքով ու աշխատասիրութեամբ կը գրաւէ բոլորին սիրտերը։

Իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորի ներկայութեան համար եւ ընդգծեց, որ այս գիշերը կամ իրենց բերած ծառայութիւնները մասնաւոր բաներ չեն, այլ պարզապէս բաներ, որոնք պէտք է որ ըլլան։ Իմամօղլու խնդրեց, որ ոչ ոք ներկայ համայնքները «փոքրամասնութիւն» յորջորջէ։  Չկայ փոքրամասնութիւն, այլ կայ մէկ ժողովուրդ։ Ան ըսաւ նաեւ որ ինք որպէս հաւատացեալ մահմետական, իրեն պարտք կը զգայ շնորհաւորել իր համաքաղաքացի Քրիստոնեայ համայնքներու մօտալուտ տօնը, որ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնն է։ Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորի ներկայութեան համար, շնորհաւորեց բոլորի մօտալուտ Ս. Ծննդեան տօնը՝ այն մէկը 25 Դեկտեմբերին հանդիպի կամ 6 Յունուարին։

Ելոյթներ ունեցան Յոյն եւ Հայ եկեղեցիներու երգչախումբեր։ Նախ Յոյն Եկեղեցւոյ հոգեւորկաններէ, սարկաւագներէ եւ երաժիշտներէ բաղկացեալ խումբ մը բիւզանդական շարականներով հանդէս եկաւ։ Ապա Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համանուն երգչախումբը Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի մականին տակ հոգեւոր ու աշխարհիկ երգերով մասնակցեցաւ հանդիսութեան։ Երգչախումբին երգեհոնով ընկերացաւ Լուսի Քահվէճիօղլու։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın