ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բնաւ պատահական չէ, որ անցնող օրերուն Սուրիոյ դերի մը վերադարձի մասին սկսուած է խօսուիլ։ Խնդիրը այն է, որ Սուրիոյ ուժերու հեռացումէն ետք շրջանային ազդեցութեան տակ Լիբանան մտաւ փորձարկումներու ժամանակ մը, որ բոլոր առումներով ալ ինքզինք սպառեց։ Լիբանանի քաղաքական շրջանակներ, ղեկավարներ ու կուսակցութիւններ անկարող եղան երկիրը կայուն հունի մը մէջ պահել, աւելի մեծ յանցանք մըն ալ ընելով՝ հրաժարեցան Լիբանանի կառավարութեան արտաքին պարտքի տոկոսները վճարելու յանձնառութենէն։
Այս բոլորին զուգահեռ յստակ դարձաւ նաեւ, որ ԱՄՆ-Իրան պարանաձգութիւնը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ Սուրիոյ տագնապին բարձրակէտի մը հասնիլը ժխտական կերպով ազդեցին, որ Լիբանանի համար առկայ յանձնառութիւնները սպառին եւ հասնին զերօ մակարդակի։ Իբր այդ, Լիբանան մտաւ «իրական» խաչելութեան եւ մեծ տագնապներու փուլ, որ ցայսօր ալ կը շարունակուի։
Այս զարգացումներու լոյսին տակ սկսաւ նաեւ համոզման կարեւոր յենարան դառնալ այն միտքը, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանի համար հաշուի առած է մի քանի «կարմիր գիծեր», որոնց ամենէն հիմնականը անշուշտ երկիրը համընդհանուր պատերազմէ մը ամէն գնով հեռու պահելու որոշումն է։ Մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական տագնապները կրնան յառաջիկայ ժամանակներուն ալ շարունակուիլ, սակայն այդ բոլորը նախասկիզբը պիտի կազմեն նոր լուծումներու ենթաշրջանի մը, որն անշուշտ կապուած է շրջանային լուծումներու մեծ ծրարներուն հետ։
Ու հիմա հարց կը տրուի, թէ արդեօք վերջին ամիսներուն Սուրիոյ հետ եղած նախնական «համաձայնութիւններ»ը, կամ Գահիրէ, Դամասկոս եւ Ամման շփումներն ու վառելանիւթի հարցով ստեղծուած քոնսենսիւսները այդ սպասուած համայձայնութիւններու առաջին պատուհանը չե՞ն։ Պատասխանը՝ բնականաբար, դրական է, որովհետեւ մեծ հաշուով այն ինչ որ կը կատարուի ԱՄՆ-Իրան կտրուածքով կամ նոյնիսկ Սուրիա-արաբական աշխարհ նոր վիճակներուն հետ կապուած՝ իրենց դրական «հովանի»ն պիտի տան Լիբանանին։ Ու անկէ անդին ալ յստակ պիտի դառնայ, որ Լիբանանի ներքին հաւասարակշռութիւներու, փոխհասկացողութիւններու ընդհանուր ոլորտը պիտի ունենայ նոր գաղտնաբառ մը, որ շատ հաւանաբար ըլլայ Դամասկոսի մեծ վերադարձը դէպի Լիբանանի քաղաքական ափեր։ Դամասկոսը որպէս սաստող ներկայութիւն, նաեւ արաբական ու նոյնիսկ ֆրանսական նախաձեռնութեան մը շարունակութիւնը, որուն հետեւանքով ալ արաբական աշխարհին համար որպէս «հրահրիչ» ուժ համարուող շիի կողմերը եւ յատկապէս «Հիզպուլլահ»ը մէկ քայլ ետ ընելով՝ երկրի ներքին լարումները նուազագոյնի հասցնելու դրական դերով հանդէս պիտի գայ։ Այս բոլորին կրնայ յաջորդել սիւննի-շիի ընդհանուր համաձայնութիւններու եզրափուլը, որովհետեւ ոչ ոք կ՚ուզէ պատկերացնել, թէ ԱՄՆ-ի համար «հակառակորդ» համարուող Իրանը յետհամաձայնութեան դառնայ նաեւ խօսակիցը արաբական աշխարհի հզօրին՝ Սէուտական Արաբիոյ։
Մէկ խօսքով՝ լուծումներու շրջափուլը հեռու չէ, յատկապէս, որ Լիբանանի տագնապը «հասկցող» շրջանային կողմերէն իւրաքանչիւրը դրական միաւորներու կարիք ունի ու այդ գետինը առկայ է Լիբանանի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
İlk yorum yapan siz olun