İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՅՑԸ ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով ՊատրիարքականՓոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, 21 Դեկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 12.00-ին այցելեց Ֆաթիհի Քաղաքապետարան եւ հիւրասիրուեցաւ Քաղաքապետ՝ Էրկիւն Թուրանի կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքապետարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Փոխ Քաղաքապետ՝Մէհմէտ Էօզչէլիքի եւ Ֆաթիհի Քաղաքապետական Խորհուրդի ԱՔ Փարթի Կուսակցութեանանդամուհիներէն Պիւշրա Ունճու Էօզթէնի կողմէ։ Հաճելի անակնկալով մը ՆորինԱմենապատուութիւնը դիմաւորեցին նաեւ Ֆաթիհի գաւառակի սահմաններուն մէջ գործողեկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, ինչպէս նաեւ վարժարաններուտնօրէնները եւ ուսուցիչները եւ խումբ մը աշակերտներ, որոնք կազմեցին հետեւորդներու խումբ մը։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները, առաջնորդութեամբ քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն, նախ այցելեցին քաղաքապետարանի մուտքի յարկին վրայհաստատուած գրադարանը, ուր աշակերտներ կամ սոսկ ընթերցողներ կը պարապէինընթերցումով։ Հոյակապ հաստատութիւն մըն էր այս գրադարանը իր ընթերցասրահներով եւհիւրասիրութեան բաժիններով, ուր զգալի կը դառնար տիրող կանոնաւորութիւնը։ Գրադարանըամէն օր 24 ժամ բաց էր եւ նոյն պահուն 400 ընթերցողներ կրնային օգտուիլ ընթերցասրահէն։Քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան գրադարանի մէջ դիմաւորեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրհետեւորդներով հիւրասիրեց իր պաշտօնարանին մէջ։ Թաղային խորհուրդներու խումբին կողմէգրադարանին նուիրուեցան գիրքեր։ Նորին Ամենապատուութիւնը նուիրեց Արսէն Եարմանիհեղինակած Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի պատմութեան հատորը։ Մեծայարգքաղաքապետը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց քաղաքապետարանիհրատարակութիւններէն օրինակներ ինչպէս նաեւ յախճապակեայ յուշապնակ մը Ֆաթիհ ՍուլթանՄէհմէտի դիմանկարով։

Ապա Քաղաքապետի առաջնորդութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները այցելեցին Ետիքուլէի պատմական բերդերը ուր սկսած էին բարեզարդման աշխատանքներ, հաւատարիմմնալով պատմական հետքերու պահպանման։ Հետաքրքրական էր քալել քարերով յարդարուածճանապարհներէն, որոնք  մնացած էին Բիւզանդական Կայսրութեան եւ Ֆաթիհի շրջանէն։ Հոսբացատրութիւններ տրուեցան համալիրի պատմական արժէքին ու կատարուած աշխատութեանցմասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները Քաղաքապետարանի Թօփգափուի Գրադարանի վերնայարկ սրահին մէջ հիւրասիրուեցան ճաշասեղանով։ 

Քաղաքապետը իր խօսքերուն մէջ ընդգծեց տարուած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, որոնքուղղուած էին բոլոր հայրենակիցներուն անխտիր։ Կոչ ուղղեց, որպէսզի մեր վարժարաններուաշակերտները գան եւ այցելեն քաղաքապետարանի գրադարանները եւ ազատ համարձակգիտութիւն որոնեն գիրքերու ընդմէջէն։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծայարգ Քաղաքապետին ընծայուած ընդունելութեան համար եւ դրուատիքը հիւսեց Քաղաքապետարանի գլխաւորութեամբ տարուած աշխատանքներուն, որոնք ուղղուած էին մանուկներու եւերիտասարդներու։  Անդրադարձաւ թէ ամենակարեւոր ներդրումը մարդոց համար տարուածաշխատանքն է, մանաւանդ գիտութեան եւ մշակոյթի զարգացման նպատակաւ։ Անգամ մը եւսշնորհակալութիւն յայտնեց եւ հրաժեշտ առաւ Թօփգաբուի Գրադարանէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın