İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՄԻՐԱՅ ՊԷԶՃԵԱՆԷ ԴՊՐԱԿԱՆ ՇԱՊԻԿ (ՄԱՍ 3, շարունակելի) (ՄԱՍ 3, շարունակելի)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Պէզճեան»ի դպրական շապիկին մօտ…

Յաջորդաբար ուշադրութիւնս գրաւեց դպրական շապիկ մը եւ ուրար մը, որոնք բաւականին հարազատ էին նուաստիս, նկատի ունենալով որ յիշատակն էր 19րդ դարու ազգային բարերար Յարութիւն Ամիրայ Պէզճեանի։ Յատկապէս վերեւի բաժինը ծանր արծաթամած թելերով աշխատուած, զուտ ծաղիկներու նաշխերով ձեռագործուած շապիկները, Պոլսոյ պատմութեան հետ նոյնացած շապիկներու կարգին կը դասուին։ Այս շապիկները նաեւ ունին լուրջ ծանրութիւն մը, նկատի ունենալով որ պատրաստուած են ծանր թաւիշներով։ 

Նոյն ոճով որպէս ամբողջացուցիչ տարր պատրաստուած են նաեւ սարկաւագական ուրարները, որոնցմէ օրինակ մը եւս հասած էր գանձատունը։ Տէր Թէոդիկը, որ մօտէն կը հետաքրքրուի նման նաշխերով ու աշխատութեամբ, ինք եւս հիացմունքը յայտնած է ի դիմաց եզակի աշխատութեան։

Պոլսոյ մէջ յատկապէս Աթոռանիստ Մայր Տաճարի գանձատան գլուխ գործոցներէն են այս շապիկները, որոնք գրեթէ միայն հանդիսաւոր արարողութեանց առթիւ յատուկ արտօնութեամբ դուրս կը բերուին։ Աստուածավախ մեծ բարերարը ժամանակօք ասեղնագործութեան գործարաններ հաստատած է իգական սերունդի համար ու անոնց պատուիրած՝ որ իրենց շնորհքը ի սպաս բերեն ի փառս եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ։ Ներկայիս, աւա՜ղ որ, նման աշխատութիւն մը կատարելը գրեթէ անհնարին է եւ մենք կը շարունակենք վայելել անցեալէն փոխանցուած այս հիանալի գանձը։ Այլապէս, ոսկի մը չէ այս մէկը այլ զգեստ մը միայն, սակայն ան թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս բաւականին կ՚արժէ ըստ մեր տեսութեան, նկատի ունենալով, թէ՝ ինք խորհրդանշական վկայութիւններէն միոյն վերածուած է Յարութիւն Ամիրայի եւ իր մէջ խառնուած՝ եկեղեցի, հաւատք եւ բարերարութիւն բուրող պատմութիւն մը։ 

Հետեւաբար, գանձարանի այս գանձը, առիթ է որ վերյիշենք Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի խօսուն հաւատքն ու աննախընթաց գործունէութիւնը եւ դպրական շապիկին օրինակով իրեն քանիցս կրկնած սաղմոսը. «Աղաղակեցէ՛ք առ Տէր, ամենա՛յն երկիր, ծառայեցէ՛ք Տեառն ուրախութեամբ»։ Եւ կամ ինչպէ՞ս չյիշել, Տէր Յիսուս Քրիստոսի «Գանձեր դիզեցէ՛ք ձեզի երկնքի մէջ, ուր ո՛չ ցեց եւ ո՛չ ուտիճ կը փճացնեն եւ ո՛չ ալ գողերը ծակ կը բանան ու կը գողնան» (Մատթ. 6.21) խօսքին այնքան հաւատարմութեամբ փաթթուած ու հանուր կեանքի ընթացքին իր նիւթականով թէ՛ եկեղեցին շէնցուցած եւ թէ՛ Աստուծոյ փառքը երգած երջանկայիշատակը։ Այս առթիւ հանգստեան աղօթքով կը յիշատակեմ զինք եւ խոնարհելով իր վաստակին առջեւ կը շարունակեմ ուղեւորութեանս։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ, 

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին 

16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի

Աղբիւր։ Harutyun Apegha Damadyan https://www.facebook.com/artundamadian 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın