ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հասած է Ս. Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետի, Մարուգէ Ճգնաւորի եւ Մելիտոս Եպիսկոպոսի տօն մը եւս։ Այս այն պահն է, որ Պոլսոյ մէջ Սամաթիոյ Թաղի մերձաւոր Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ ուխտի օրը կը կատարուի ամենայն խանդավառութեամբ եւ Սամաթիոյ սարկաւագաց ու դպրաց դասերը, հանդերձ իրենց ժողովուրդով կը փութան Սամաթիա եւ բերնէ բերան կը լեցնեն եկեղեցին։ Նախահամավարակեան շրջանին այս տեսարանը ամէն տարի կը կրկնուէր պատմական այս եկեղեցւոյ մէջ եւ այդտեղ կը տեսնուէր արտացոլացումը՝ Սամաթիոյ ժողովուրդին անչափ եկեղեցասիրութեան։ Համավարակը անշուշտ, թէ՝ դժուարացուց այս տեսարանը մեր մօտ եւ արդէն իսկ վերջին շրջաններուն ակամայ զրկուած էինք այս ոգեւորութենէն։ Բայց նորէն ալ փառք, որ հակառակ համավարակի պայմաններուն եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Սամաթիոյ ընտանիքի ներդրումով կը կատարուին տօնական արարողութիւնները։
Իսկ միւս կողմէ, Ս. Էջմիածնի մօտ, ես այս տարի առիթը պիտի ունենայի վայելելու այնպիսի հանդիսաւորութիւն մը, որ պիտի յիշեցնէր մեր երբեմնի փառահեղ օրերը։ Ուստի ուզեցի վերյիշել շաբաթավերջի տօնախմբութիւնը, որ առիթ տուաւ որ Ս. Յակոբի խորհրդաւոր ներկայութիւնը առաւել եւս վայելեմ ու վայելեմ։
Մասյացոտնի Թեմի Առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեանի խնդրանքով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր խաչը Մայր Աթոռոյ Գանձատունէն դուրս պիտի բերուէր ու պիտի հասնէր՝ նախ Ներքին Դուինի Ս. Յակոբ, ապա՝ Մրգավանի Ս. Յակոբ եւ հուսկ՝ Արարատ Գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցիները։ Այս մէկը առիթ պիտի ըլլար որ, հաւատացեալներ փութային եկեղեցի, երկրպագէին սուրբի մասունքներուն առջեւ եւ այս ոգեւորութեամբ իրենց ձեռքերը բարձրացնելով ջերմեռանդօրէն աղօթէին առ Աստուած։ Իսկ միւս կողմէ, սուրբի յիշատակին ընծայուած եկեղեցիներուն մէջ մատուցանելի Ս. Պատարագները, այս մթնոլորտին մէջ առաւել եւս հանդիսաւոր պիտի դառնար եւ սուրբ տաճարներու դռները պիտի վերածուէին՝ հոգեւոր խնճոյքի ընդունարաններուն։ Իսկ ես այս տօնակատարութեան մէջ առաւել եւս բախտաւոր պիտի դառնայի, քանի մասունքակիր խաչին Մայր Աթոռէն դուրս բերուելուն եւ օրուայ աւարտին վերստին իր տունը վերադառնալուն ականատեսը պիտի դառնայի, իսկ միւս կողմէն՝ տօնական առիթով Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէի Մրգավանի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։ «Օրհնութիւն երգեցէ՛ք ՏԻՐՈՋ։ Օրհնութիւն երգեցէ՛ք Աստուծոյ, իր սրբարանին մէջ» (Սղմ. 150.1)։
Արդէն իսկ նախընթաց երեկոյեան Մայր Աթոռոյ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան Մատուռ-Մկրտարանի մէջ նախագահութեամբ Վանօրէից Տեսուչ՝ Արտակ Սրբազանին տեղի ունեցած էր հանդիսաւոր նախատօնակ մը եւ այս արարողութիւնը առիթ եղած էր, որ հաւատացեալներ խոնարհէին Գանձատունէն դուրս բերուած Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր խաչին եւ աջին առջեւ։ Երկու քահանաներ ի ձեռին ունէին սուրբ մասունքները, հանդիսապետ Սրբազանը իր մօտ ունենալով վեղարաւորները կանգնած էր առաջի Ս. Սեղանոյ եւ սարկաւագներ միատեղ կ՚երգէին շարականները ու կը միանային աղօթքներուն։ Այս բոլորին մէջ անշուշտ ամենէն ոգեւորիչ պահը կը դառնար երբ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ներբողական գրիչէն բխած «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» շարականը երգուիլ կը սկսէր, իր այնքան ազդեցիկ եղանակով։
«Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ նման մեծին Մովսէսի, բարձող խաչին պարծանաց ընդդիմամարտ հանդիսիւ. ըզքեզ ունիմք բարեխօս առ Հայր յերկինս վասն մեր»։ «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ, մեծ Մովսէսի նման, ընդդիմամարտ հանդիսութեամբ պարծանքի խաչը կրող, երկնքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք» (Աշխարհաբար)։ «ԳԿ» եղանակաւ գրի առնուած այս շարականը, իր ծանրակշիռ երգեցողութեամբ արդէն իսկ հմայած է զիս շատ անգամներ եւ իւրաքանչիւր Ս. Յակոբի Տօնին այս գեղեցիկ շարականը ամենայն ոգեւորութեամբ երգելու սովորութիւնը ունեցած եմ առ հասարակ։ Արարողութեան ամենէն խորհրդաւոր եւ զգացական պահը կը համարեմ այս շարականի երգեցողութիւնը, քանի սարկաւագ մը կ՚երգէր ամենայն ներդաշնակութեամբ, իսկ մնացեալ սարկաւագներ իրեն կ՚ընկերանային շարունակ ձայնով։ Նման ոգեւորիչ երգեցողութեան ընթացքին մեզ կը մնար անձայն լսել շարականը եւ կեդրոնանալ սուրբի սրբազան մասունքներու ներգործական զօրութեան։ Իսկ յաջորդիւ երգուած շարականներով, նախ ժողովուրդը խոնարհեցաւ մասունքներուն առջեւ, ապա հոգեւորականներս կարգաւ խոնարհեցանք ու համբուրեցինք Ս. Հայրապետի մասունքակիր խաչն ու աջը։
Ս. Յակոբի Տօնին առաւօտեան նոյն Մատուռին մէջ ճեմարանական աշակերտներու եւս մասնակցութեամբ կատարուած արարողութենէ յետոյ, հասած էր մասունքը փոխադրելու պահը դէպի Ներքին Դուինի Ս. Յակոբ Եկեղեցին։ Ուստի Մայր Աթոռ հասած էր Եզնիկ Քահանան, որուն յանձնուած էր մասունքի փոխադրութեան պաշտօնը։ Մինչեւ Մրգավան իր հետ պիտի ճանապարհորդէի եւ այս ուղեւորութիւնը առիթ պիտի դառնար որ շղարշով ծածկուած մասունքակիր խաչը հարազատօրէն ձեռքերուս մէջ առնեմ եւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին առջեւ համբուրելով զայն, աղերսեմ օրհնութիւնը Մեր Տիրոջ։ Տակաւին Մայրավանքի համալիրէն դուրս չելած, արդէն իսկ հաւատացեալներ լսելով Ս. Յակոբի մասունքի մասին, ամենայն երկիւղածութեամբ կը փափաքէին մասունքին մօտենալ։
Օդը մշուշապատ էր եւ մօտաւորապէս կէս ժամուայ ճանապարհորդութեան ընթացքին տարբերութիւն չէի տեսներ տարբեր գիւղերուն, քանի սպիտակազարդ մրրիկը ծածկած էր ամէն ինչ։ Առ այդ սրբազան մասունքը որպէս օրհնեալ գանձ կը պահպանէի ձեռքերուս մէջ։ Սակայն հետաքրքրական ճանապարորդութիւն մըն էր այս մէկը, քանի սահմանամերձ Արաս Գետէն քանի մը քիլօմեթր հեռաւորութեամբ գիւղերէ կ՚անցնէինք։ Վեհափառ Հայրապետի ծննդավայր Ոսկեհատէն, Հայանիստ, Զորակ եւ մինչեւ Մասիս… Պահ մը կանգ առինք Մասիսի Ս. Թադէոս Եկեղեցւոյ մօտ եւ կարճ ժամանակի մը համար այցելեցինք եկեղեցի։ Այս այցը առիթ եղաւ որ, տեսնեմ թուֆէ քարերով կերտուած եկեղեցին, որ շինուած է 2015 թուականին։ Եկեղեցին ու համալիրը արդիական տեսք մը ունէր, որուն մէջ դալարագեղ պարտէզը, նստարանները, խաչքարերը կարծես իրար կ՚ամբողջացնէին։ Համալիրը բաւականին կանոնաւորուած եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին քանի մը հաւատացեալ մայրիկներ, որոնք երբ Տէր Հօրմէ լսեցին, թէ՝ մասունքը կը կրեմ, մօտեցան ինծի եւ խնդրեցին որ սուրբ մասունքով օրհնեմ բոլորը։ Կարճատեւ այս այցելութեան ընթացքին, թէ՛ մօտէն տեսայ այս սիրուն եկեղեցին, թէ՛ վայելեցի տեղւոյն հաւատացեալ մայրիկներուն ուրախութիւնը եւ թէ՛ ստացայ իրենց օրհնութիւնը։ Երբ բաժնուեցանք եկեղեցիէն, Ս. Մասունքով օրհնեցինք շրջակայքը եւ մաղթեցինք, որ Աստուած անսասան պահէ այս եկեղեցին եւ իր համայնքը։
Մասիսէն դէպի ուղղուեցանք Տիմիթրով Գիւղը, ուր Մրգավանի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Միքայէլ Քահանան ինծի կը սպասէր։ Այստեղ միացայ Տէր Հօր եւ մօտաւորապէս տասը վայրկեան հեռաւորութեամբ՝ Արարատ Մարզի Մրգավան Գիւղը հասանք։ Փոքրիկ եւ անուշիկ գիւղ մըն էր, որուն բնակչութիւնը կը հաշուուէր մօտաւորապէս երկու հազար հոգի։ Գիւղի մուտքին կը գտնուէր մրգերու նկարներով զարդարուած ցուցատախտակ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր գիւղին անունը եւ այցելուներ երբ գիւղէ ներս մտնէին առաջին հերթին այս գրութիւնը կը տեսնէին։ Գիւղը ունէր երկու եկեղեցիներ, առաջինը Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, որ քայքայուած էր ժամանակօք եւ ներկայիս կը շարունակուէին վերանորոգման աշխատութիւնները, իսկ երկրորդը՝ Ս. Յակոբ Եկեղեցին, որուն մէջ կը կատարուէին արարողութիւնները։
Ս. Յակոբ Եկեղեցին ունէր պատմական ճարտարապետութիւն մը, ըստ որում եկեղեցին կառուցուած էր մոխրագոյն քարերով եւ ունէր Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյս նմանողութեամբ կաթողիկէ գմբեթ մը։ Բաց աստի եկեղեցւոյ մայր դրան մուտքին կը գտնուէր հսկայ ու գմբեթաւոր զանգակատուն մը, որուն ներկայութեամբ եկեղեցին կը դառնար ակնառու շէնք մը։ Եկեղեցին կառուցուած էր 20րդ դարու սկիզբը Երանաշորհ Խորէն Արքեպս. Մուրատբեկեանի (ապա՝ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց) կողմէ տեղւոյն հայ բնակչութեան խնդրանքին ընդառաջելով։ Եկեղեցիէն ներս առաջին հերթին մուտք գործեցի եւ առաջին հերթին ուշադրութիւնս գրաւեց սաղիմական աւանդութեամբ սարքուած Ս. Խորանը, Ս. Սեղանի երկու կողմերը գտնուող անցքերով։ Ս. Խորանը իր շրջակայքով ամբողջութիւն կը կազմէր, որուն մէջ մայր սեղանի մեծ որմնանկարը ուշադրութիւնը կը գրաւէր այցելուներուն։ Եկեղեցին ունէր պահարան մը, որ կը գործածուէր որպէս սարկաւագատուն։ Իսկ միւս կողմէ կը գտնուէր ձախակողմեան մատուռ մը, որուն մէջի մասունքակիր տապանը եկեղեցւոյ ամենէն յատկանշական սրբութիւնն էր։ Տաճարի կառուցման ժամանակ այս մատուռի մէջ սարքուած էր փոքրիկ տապան մը, որուն մէջ բծախնդրօրէն զետեղուած՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքները։ Ուխտաւորներ առջին հերթին կը խոնարհէին այս տապանին մօտ եւ առաջի Ս. Յակոբի սրբապատկերներուն եւ մշտավառ կանթեղին, տապանի մօտ կ՚արտասանէին իրենց ուխտի աղօթքները։ Այս վայրը ո՛չ միայն եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առիթով, այլ միշտ կը հիւրընկալէր ուխտաւորներ, որոնք կը դիմէին սուրբի բարեխօսութեան, յատկապէս վասն հիւանդաց բժշկութեան։
Նախ քան Ս. Պատարագի սկիզբը, առիթն ունեցայ Տ. Միքայէլէն եւ տեղւոյն երբեմնի հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Պարգեւէն տեղեկութիւններ ստանալ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մասին։ Այս տօնը առիթ պիտի ըլլար, որպէսզի շրջակայ եկեղեցիներու համայնքները եւս ուխտաւորաբար այցելեն եկեղեցի հանդերձ իրենց հոգեւոր հովիւներով ու միանանան տօնական Ս. Պատարագին։ Այլապէս ուղղուեցայ դէպի խորհրդատուն, որպէսզի զգեստաւորուիմ։
ՏՕՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ուխտագնացութեան ամէնէն էական մասնիկն է Ս. Պատարագը, որ հաւատացեալներուն կը շնորհէ ցնծութիւն. «Ե՛լ, Տէ՛ր, ցոյց տուր զօրութիւնդ, եւ մենք երգով ու նուագով պիտի ներբողենք հզօր գործերդ» (Սղմ. 21.13)։ Պատրաստութեան բաժնին մէջ արդէն իսկ հաւատացեալներ տակաւ առ տակաւ եկեղեցի գալ սկսած էին։ Եկեղեցին ունէր իգական երգչախումբ մը, հանդերձ իր երգեհոնահարով։ Բաց աստի, պատանի դպիրներ իրենց դպրական շապիկները զգեցած ամենայն պատրաստակամութեամբ կը սպասէին արարողութեան սկիզբին։
Երբ ժամը հասաւ 10.30-ին, եկեղեցւոյ զանգերը եւ միասնաբար արտասանուած «Տէրունական Աղօթք»ը աւետել կը սկսէին Ս. Պատարագի սկիզբը։ «Խորհուրդ Խորին» շարականի երգեցողութեամբ դպիրներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցայ դէպի փոքր ատեան եւ այդ պահուն արդէն իսկ շարականի յանգը կը խօսէր բոլոր հաւատացեալներուն։ Սակայն յաջորդիւ, ժողովուրդին խանդը զգացի «Բարեխօսութեամբ» շարականի թափօրին մէջ։ Շատ ատեններ միայն տաղաւարի Ս. Պատարագներուն մեր վարժուած ոգեւորութիւնը, Ս. Յակոբի Տօնին կը տիրապետէր եւ աւելին ժողովուրդին ջերմեռանդութիւնը տեսնել կ՚արժէր։ Թափօրը շատ դանդաղ կ՚ընթանար, քանի հաւատացեալներ ուղղակիօրէն շրջապատած էին թափօրը, խաչվառէ եւ կամ պատարագիչին ի ձեռին ունեցած Ս. Խաչէն օրհնութիւն խնդրելու համար։ Այս ծէսը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երեք տարուան քարոզչութիւնը եւ ժողովուրդին մէջ շրջելով իրենց հետ ըլլալու պահը։ Եւ այդ պահուն ծէսը լաւագոյնս կը համապատասխանէր իր իմաստին, քանի հաւատացեալներ եւս իրենց ներդրումը կը բերէին։ Անոնք նոյնիսկ պատարագիչին շուրջառին դպչելով կը ցանկային իրենց հաւատաւոր քայլը նետել առ Աստուած։ Յատկապէս համավարակէ յետոյ ակամայ դատարկացած մեր հոգեւոր տուներէն յետոյ այս տեսարանը վայելելով, աղօթեցի ի խորոց սրտի, որպէսզի մեր մօտ եւս այս տեսարանը մարմին զգենու։ Այս մէկը որովհետեւ թէ՛ կը նպաստէ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ թէ՛ առաջի Աստուծոյ յանուն ժողովրդեան արարողութիւն կատարող հոգեւորականին։ Աստուած ուխտերը ընդունելի ընէ բոլոր հաւատացելոց։
Ս. Պատարագի ընթացքին ոգեւորութիւնը առաւել եւս բարձրացաւ երբ, Ներքին Դուինի Ս. Յակոբ Եկեղեցիէն, Մրգավանի Եկեղեցին արդէն իսկ հասած էր Ս. Յակոբի մասունքը։ Երբ վերաբերող քանանան եկեղեցիէն ներս մուտք գործեց, նոյն հաւատացեալները այս անգամ սուրբ մասինքէն օրհնութիւն աղերսելու փափաքով երկիւղով մօտեցան վերաբերեալ շղարշապատ մասունքին։ Այնպիսի մթնոլորտ մըն էր, կարծէք Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը ամենայն փառաւորութեամբ տաճարէն ներս մուտք կը գործէր։ Մասունքակիր քահանան հասաւ մինչեւ փոքր ատեան եւ խորանին առջեւի գրակալին վրայ զետեղեց մասունքը։ Այս պահուն արդէն իսկ եկեղեցին խուռներամ բազմութեամբ լեցուած էր։ Երգչախումբը կ՚երգէր, քահանաներ կ՚աղօթէին, ժողովուրդը արտասուալից դէմքով իր հայեացքը կը սեւեռէր դէպի խորան ու մասունք։ Եւ պէտք է խոստովանիմ, թէ՝ ի տես այս մթնոլորտին ես ալ ակամայ կը վերանայի եւ կ՚աղօթէի վասն Հայ Եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ մխիթարութեան ժողովրդեան։ Այս մթնոլորտին մէջ հասաւ «Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցանելու» պահը, որով միացայ ֆա Մինէօր եղանակաւ գրի առնուած ու աւանդաբար Արմաշու Վանքէն տարածուած ծանր «գոհութեան» երգեցողութեան։ Պոլսոյ մէջ հանդիսաւոր առիթներուն երբ կ՚երգէինք այս եղանակով, հրապուրիչ եղանակը կ՚առնէր երգեցողներս ու կը բարձրացնէր խորհրդաւոր երկինք, ուր կը գտնուէր մէկ բան, որ էր՝ Տիրաշնորհ խաղաղութիւնը։ Շատ գեղեցիկ այս անակնկալով վերացած այժմ պատրաստ էի օրուայ պատգամը փոխանցելու հաւատացեալ ժողովուրդին։ Այստեղ կ՚ուզեմ պահ մը դառնալ հաւատացեալ ժողովուրդէ անդամներէն միոյն եւ իրենց բերնով ներկայացնել քարոզի պահը։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Պատարագիչ Հայր Սուրբը, Ս. Յակոբի մասունքը ի ձեռին ունենալով փառք տուաւ Աստուծոյ ընծայուած շնորհքին համար, յաջորդաբար որդիական ակնածանօք յիշատակեց բոլոր այն հոգեւոր առաջնորդերը, որոնց օրհնութեամբ եւ քաջալերութեամբ կը զօրանար ծառայութեան մէջ։ Յաջորդաբար «Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ» շարականը որպէս բնաբան ընդունելով պատգամ փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին.
«Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ընտանիքէն է եւ իւրաքանչիւր անգամ, որ կը յիշատակենք այս սուրբ ընտանիքի մէն մի անդամը, հաւատքով մեր ձեռքերը կը բանանք վստահ ըլլալով, թէ՝ երկնային օրհնութեան գանձարանէն կաթիլ առ կաթիլ օրհնութիւն կը տեղայ։ Ս. Յակոբը մեր ժողովուրդի կողմէ այնքան սիրուած է, որ նման բազում սուրբերու իրեն համար եւս գրի առնուած է ներբողական շարական մը, որուն առաջին տողը կը սկսի «յաղթող» ածականով։ Յաղթող ածականը որքան հարազատ է Քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Հոգեւոր յաղթանակը այս աշխարհին մէջ, լոյսի յաղթանակը խաւարին մէջ, մեղքի աշխարհի մէջ Քրիստոսով փրկութեան յաղթանակը իւրաքանչիւրիս գլխաւոր փափաքն է եւ իւրաքանչիւր աղօթքին մէջ առհասարակ կը յիշատակենք այս սուրբ կամքը»։
Յաջորդաբար անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորութեան, ըսելով. «Մենք Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով, Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերուն աղօթքներուն ճամբով, իրենց բերնով ու ոգիով այս եկեղեցիին մէջ պէտք է աղօթենք։ Մենք մեր եկեղեցին պէտք է սիրենք հաւատքով, մենք մեր եկեղեցիին պէտք է կապուինք սիրով, յոյսով, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին է որ այնքան հարազատ սուրբեր շնորհած է մեզի եւ նոյն եկեղեցւոյ պատմութենէն կը կարդանք, որ այդ սուրբերը ինչպէս մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս յայտնուած են անցեալին։ Յատկապէս ներկայ դարուն մեծ նեղութիւններ ունինք յատկապէս ապագայի նկատմամբ ու ապագային մէջ լոյսի փոխարէն երբեմն կը տեսնենք խաւար։ Սակայն այս պահը այն պահն է, որ այս սուրբ մասունքին առջեւ մենք մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մեր ուխտերը վերստին կնքենք եւ լոյսի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը վերադարմացնենք։ Եւ այս բոլորին մէջ գիտնանք որ մեր եկեղեցին է որ մեզի կը շնորհէ յոյսը Քրիստոնէական։ Եկէ՛ք այս օրհնութիւնը ստանալու համար առաջի մասունքին մեր աղօթքները վերառաքենք»։
Քարոզի աւարտին, սուրբ մասունքը յանձնեցի Արարատ Գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն ժամանած հոգեւորականին եւ մասունքը վերստին ժողովուրդին մեծարանքին արժանանալով վերաբերուեցաւ դէպի Արարատ Գիւղ։ Եկեղեցւոյս մէջ կը տիրապետէր հոգեպարար մթնոլորտ մը, երբ հանուր հաւատացեալներ միանալով Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեան փառքը կը հիւսէին Երկնաւոր Հօր։ Եկեղեցւոյ խորհրդաւոր մթնոլորտը արդէն իսկ կը վկայէր, թէ՝ հաւատացեալներ արդէն իսկ արժանացած էին Քրիստոսի սիրոյն յորդառատ անձրեւումին։ Այս մթնոլորտի մէջ էր, որ այնքան խորհդաւոր «ԲՁ» եղանակաւ երգուեցաւ «Ամէն Հայր Սուրբ»ը եւ յաջորդիւ Խորենեան «ԳԿ» «Տէր Ողորմեա»ն։ Երգեցողութեան ձայնագրութիւնը յատուկ ձեւով կը նշեմ, որովհետեւ ինչպէս բազմաթիւ երաժշտագէտներ վկայած են, երաժշտական տարբեր եղանակները, մարդկային հոգիի վրայ ազդելու կարող են, նոյնիսկ հիւանդութիւններու բուժման ժամանակ։ Իսկ «ԲՁ» եւ «ԳԿ» եղանակները, այն եղանակներէն են որ երբ լաւ ձեւով կ՚երգուին, ունկնդիրին կամայ եւ ակամայ ապաշխարութեան խորհուրդին կ՚առաջնորդեն եւ ալ աւելին անոնք խաղաղութիւն շնորհելու յատուկ զօրութեամբ մը օժտուած են։ Այլապէս, ինչպէս «Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ» շարականին մէջ ազդած էր, նոյն խորհդաւոր հոգին «Տէր Ողորեան» ըսելու կ՚առաջնորդէր բոլորս. «Տէր Ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Արի՛ Աստուած հարցն մերոց, Որ ապաւէնդ ես նեղելոց: Հա՛ս յօգնութիւն ծառայից քոց Լեր օգնական ազգիս Հայոց»:
Հանդիսաւոր այս արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, բազմաթիւ հաւատացեալներու ստացած Ս. Հաղորդութեամբ եւ վերջին օրհնութեամբ, որով անգամ մը եւս կ՚աղօթենք «Պահպանեա զմեզ Քրիստոս Աստուած մեր»։
Հոգեւոր արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզի անկիւնը սարքուած էր մատաղի ճաշ, ի պատիւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ սեղանի շուրջ բաժակաճառեր արտասանուին եւ բարեմաղթութիւններ կատարուին։ Սիրոյ սեղանի հասկացողութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտուէր, այս համեստ պայմաններով սարքուած սեղանին շուրջ։ Այս հանդիպումը առիթ եղաւ, որ եկեղեցւոյ համալիրը տեսնեմ։ Առ այդ, եկեղեցին մեր վարժուած իմաստով երիցատուն եւ կամ սրահ չունէր։ Հետեւաբար ամէն ինչ կը կատարուէր բացօթեայ պայմաններով։ Տայ Աստուած, որ օր մը եկեղեցւոյ համալիրը առաւել եւս ճոխանայ եւ դիւրագործածելի դառնայ ի պայծառութիւն Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ ժողովուրդին։
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցի ժամանեց Առաջնորդ Գէորգ Սրբազանը եւ անգամ մը եւս առիթը ունեցայ, շնորհաւորելու Ս. Յակոբի Տօնը։ Այս մէկը առիթ եղաւ որ միասնաբար հակիրճ աղօթք մը արտասանենք, Ս. Յակոբի մասունքարան մատուռին մէջ։ Առ այդ, այս մատրան մէջ Տէր Հօր կողմէ հաստատուած էր աւանդութիւն մը, ըստ որում յատկապէս հիւանդներու բժշկութեան համար մատուռին մէջ աղօթք կը բարձրանար, բարեխօսութեանը դիմելով Ս. Յակոբ Հայրապետին։ Սրբազան Հայրը, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ վերջին շրջաններուն հաստատուած Մասյացոտնի Թեմի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ իր գոհունակութիւնը յայտնելով հեռացաւ եկեղեցիէն։
Այստեղ պէտք է նշել, թէ՝ եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամները, փոքրիկ դպիրները՝ յատկապէս Իգնատն ու Խաչատուրը, Տէր Հօր աջ բազուկները դարձած էին եւ այս տեսարանը գոհութիւն կը յառաջացնէր այցելու հոգեւորականիս մօտ։ Միասնաբար կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, անոնց պատրաստակամութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը առաւել եւս յայտնի կը դառնար։ Եւ ահա օրուայ արարողութեան վերջին եւ կարեւոր մաղթանքը բոլորիս. «Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց Սուրբ Հոգւոյն։ Երթա՛յք խաղաղութեամբ…»։
Արարողութեան աւարտին, Արարատ Գիւղէն Տ. Դաւիթ Քահանան մասունքը փոխադրած ըլլալով հասաւ Մրգավան եւ միասնաբար ուղեւորուեցանք դէպի Մայր Աթոռ՝ մասունքի մշտական պահպանութեան վայրը։ Այստեղ կատարուած վերջին աղօթքով, մասունքը համբուրեցինք եւ մաղթեցինք որ օրուան տօնական օրհնութիւնը ճառագայթէ մեր եկեղեցւոյ անդամներուն եւ անշուշտ բոլորիս վրայ։ Կը կարծեմ, թէ՝ տօնական մթնոլորտը իր ամբողջ էութեամբ պատած է բոլորս եւ Ս. Յակոբ Հայրապետը, պիտի մնայ բարեխօսական մշտավառ կանթեղը մեր գլխոյն վերեւ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
20 Դեկտեմբեր 2021, Երկուշաբթի
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին
Աղբիւր։ Harutyun Apegha Damadyan https://www.facebook.com/artundamadian
İlk yorum yapan siz olun