İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՀԱՅ-ԹԵՐԹ»Ը 20 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

ՄԱՐՄԱՐԱ.- «ՀայԹերթ» լրատու կայքէջը կը նշէ հիմնադրութեան քսանամեակը։ Քսան տարի առաջ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի առաջարկով ու աջակցութեամբ բացուեցաւ այս կայքէջը որ այդ օրերուն թէեւ կային հայկական կայքէջեր, բայց հայերէնն ու թրքերէնը միասին գործածող համացանցային առաջին թերթն էր։ Կայքէջի հիմնադիրը համայնքային շրջանակներուն ծանօթ, իրաւագէտ՝ Ողբ. Մուրատ Պէպիրօղլուն էր. ան մինչեւ իր մահը՝ 2017 թուական, խմբագրական յօդուածներով ու դիտարկումներով արթուն պահեց լրատուական այս հարթակը, հանրութեան ուշադրութիւնը պահելով մա՛նաւանդ իրաւական հարցերու, Պոլսահայութիւնը հետաքրքրող կարեւոր խնդիրներուն վրայ։

Այժմ կայքէջը կը հրատարակուի Այտա Էրպալի, Թամար Գարասուի, Ազատ Ճանի, Մուրատ Էօզքանի ճիգերով։

Կը շնորհաւորենք «ՀայԹերթ»ի ընտանիքը, մաղթելով որ կայքէջը դեռ երկար տարիներ ուշագրաւ եւ օգտաշատ լուրերով  հաղորդ պահէ մեր համայնքը։ 

Աղբիւր։ ՄԱՐՄԱՐԱ  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın