Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց եկեղեցւոյ տօնախմբութեան։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ Ֆէնէրճեանի եւ Հապիպ Էօզֆուրունճուի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Քորոնա համավարակի պատճառաւ տօնախմբութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։
Առաւօտուն ժամերգութենէն ետք, Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Վահրամ Լիւլէճեան, Պերճ Երամեան սարկաւագներն ու Բրկ. Ուրարակիրներ՝ Սեւան Դպ. Քըրան, Աթէշ Դպ. Մազման եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ Դպրաց Դաս – Երչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Տիար Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Տիկին Սէրլի Արապօղլու Տէմիրի։ Ներկայ եղաւ նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատրիարք Հայրը նախ խօսեցաւ օրուան նպատակին մասին, որ էր Եշիլգիւղի Եկեղեցւոյ եւ Վարժարանի պիւտճէի բացը գոցել, քանի թագաժահրի համավարակի պատճառաւ սիրոյ սեղան սարքելու աւանդութիւնն ալ առժամապէս կասած էր, այսպիսի մէկտեղումներով ջանք պիտի տարուէր ընել, այն ինչ որ կարելի էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ ինչպէս թաղի վարժարանը տարիներէ ի վեր Մելիքճան Զամանի տնօրէնութեամբ եւ կարող ուսուցիչներու կողմէ ուսում կը ջամբէ մեր աւելի քան երկու հարիւր ութսուն մանուկներուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Վարժարանի տնօրէնը, ուսուցչաց կազմը, պաշտօնէութիւնը եւ թաղային խորհուրդը, որոնք ձեռք ձեռքի տուած, իրենց կարելի կ’ընեն ի պայծառութիւն մեր այս գողտրիկ թաղին եւ նոր սերունդին։ Շեշտելով Եշիլգիւղի վարժարանի մեր լաւագոյն կրթօճախներէն մին ըլլալու պարագան, կոչ ուղղեց բոլորին, որ իրենց լումաներով գան վարժարանի պիւտճէի բացը փակելու։ Յատկապէս հաղորդեց, թէ Թաղային Խորհուրդը երկար մաքառումներէ ետք ստացած էր թաղի երբեմնի գերեզմանատան տարածքը որպէս եկամտաբեր հողամաս գործածելու։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա մեկնելով օրուան աւետարանական հատուածէն, ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնեց գայթակղութեան գաղափարը եւ յիշեցուց, որ մարդ գէշ չի ծնիր այլ ընկերութեան մէջ լաւ կամ գէշ մարդ կը դառնայ։ Այս է գայթակղութիւնը։ Եւ Յիսուս գայթակղութեան պատճառ դարձողներու համար կ՚ըսէ, «Վայ գայթակղութեան պատճառ դարձողին, երանի ան վիզը երկնաքար մը կապելով ծով նետուի»։ Մեր Հոգեւոր Պետը ուշադրութիւն հրաւիրեց որպէսզի գայթակղութեան պատճառ դառնալու մեղքը հեռու մնայ մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն ներս ու ըսաւ. «Եւ նոր սերունդ կերտելու ատեն աւելի կը շեշտուի այս պարագան։ Աշակերտը լաւ օրինակներ տեսնելով լաւ ու բարի մարդ կը դառնայ։ Աշակերտը իր շուրջիններէն կը տպաւորուի։ Այստեղ է ուսման ու կրթութեան եւ յատկապէս վարժարաններու ու ընկերային շրջանակի կարեւորութիւնը»։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա երկխօսութիւն հաստատեց Վարժարանի վեցերորդ դասարանի ներկայ աշակերտներուն հետ եւ պատկերալից ոճով խրատներ տուաւ անոնց։ Յատկապէս զանոնք հրաւիրեց գայթակղութիւններէ հեռու մնալու եւ ուրիշներուն գայթակղութեան առիթ չըլլալու։
Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց նաեւ օրուան երկրորդ Սուրբ Գրական դասը, որ կեդրոնակցած էր ներելու եւ ներողամտութեան գաղափարին վրայ։ Յիշեցուց, որ Աստուած միշտ կը ներէ մեզ։ Մենք ալ պէտք է ներենք։ Ներումին գլխաւոր պատճառը սէրն է եւ մենք սիրոյ մէջ պէտք է մեծնանք։
Պատրիարք Հայրը ապա արտայայտուեցաւ տեղական լեզուով եւ այս անգամ անդրադարձաւ Սուրբ Գրական այլ համարի մը, որ էր մեր կատարածներուն մեր պարտքը ըլլալու պարագան։ Ասոր հակառակը համազօր էր եսամոլութեան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ հիմնադիր Տատեան ընտանիքի անդամները, քարոզիչները, հոգեւոր հովիւները, բարերարները եւ ժողովուրդը։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ մեր Հոգեւոր Պետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։
Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ Թաղային Խորհուրդը Նորին Ամենապատուութիւնը եւ արարողութեան մասնակիցները հիւրասիրեց սիրոյ սեղանի շուրջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun