ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2021-ին, կարճ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւդերէս, աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիթ, յոյն ուղղափառ, հայ, սիւննի, շիիթ եւ տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ ընդհանուր քարտուղարին բացման խօսքով, ուր ան յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով, ան պէտք է աւելին կատարէ Լիբանանին համար եւ թէ ինք եկած է լսելու համայնքային ու քաղաքական ղեկավարներու տեսակէտները եւ զանոնք համադրելով ներկայացնելու Մ.Ա.Կ.ի յատուկ մարմիններուն:
Դռնփակ հանդիպման ընթացքին համայնքապետերը յաջորդաբար խօսք առին եւ պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու սպասումները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքի ու Պէյրութի օդակայանին մէջ ընդհանուր քարտուղարին խօսքէն մէջբերում կատարելով՝ ըսաւ, թէ Դուք եկած էք Ձեր զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանին. ա՛յս է Ձեր պատգամը Լիբանանին: Մեր պատգամն է Ձեզի՝ օգնեցէք Լիբանանին, որովհետեւ ծանր հիւանդ է Լիբանանը: Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառը ըսաւ, թէ լիբանանցիները եւ Լիբանանի բարեկամները խօսելով Լիբանանը դիմագրաւող տագնապներու մասին, կ՚անդրադառնան անոնց հետեւանքներուն միայն՝ զգուշանալով անոնց տուն տուող հիմնական պատճառները քննելէ: Ներկայ կացութիւնը պատահական եւ անակնկալ երեւոյթ մը չէ, այլ ան տարիներու վրայ տարածուած բազմազան ու այլազան պատճառներու հետեւանք է: Փաստօրէն կարելի չէ լիբանանեան տագնապը լուծել առանց անդրադառնալու այդ հիմնական պատճառներուն, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ապա չորս կէտերու մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի տագնապներու ետին կանգնող պատճառներուն.-
Առաջին՝ Լիբանանի քաղաքական դրուածքին համայնքային դրութիւնը թէ՛ Լիբանանի հարստութիւնն է եւ թէ՛ իր խոցելիութիւնը, որ առիթ կու տայ ուրիշներուն միջամտելու Լիբանանի ներքին հարցերուն: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է համայնքային դրութիւնը պահելով հանդերձ զայն դարձնել ապակեդրոն, թափանցիկ եւ համարատու:
Երկրորդ՝ քաղաքական պատասխանատուներուն յաճախ անպատասխանատու ու շահադիտական մօտեցումները, որոնք պատճառ դարձած են անարդարութեան ու փտածութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է պետական պաշտօններ ստանձնած մարդոց համար համարատուութեան յստակ ուղեգիծ ճշդել՝ ներառնելով նաեւ պատժական միջոցներ:
Երրորդ՝ Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն սպասելի է, որ յարգեն Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը՝ պահելով հանդերձ իրենց պատմական ու կրօնական յարաբերութիւնները:
Չորրորդ՝ Լիբանանը պէտք է վերահաստատէ իր ինքնաճանաչումը իբրեւ պետութիւն՝ շեշտելով օրէնքի գերակայութիւնն ու պետութեան կեդրոնական հեղինակութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ յիշեալ եւ առնչակից խնդիրները անհրաժեշտ է, որ քննարկուին լիբանանցիներու կողմէ՝ լուրջ, պատասխանատու ու համապարփակ երկխօսութեան ճամբով:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Մ.Ա.Կ.ի դերակատարութեան: Ան ըսաւ, թէ որոշ չափով ծանօթ ըլլալով Մ.Ա.Կ.ի պատասխանատուութեան՝ կը խորհիմ, թէ երեք ուղղութեամբ ան կրնայ օգտակար դառնալ Լիբանանին՝ կարճաշունչ ու երկարաշունչ աշխատանքներով ու ծրագիրներու մշակումով: Այս շրջագիծէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.-
Ա) Անհրաժեշտ է, որ Մ.Ա.Կ.ը կոչ ուղղէ միջազգային համայնքին եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ անմիջական օգնութիւն կատարելու Լիբանանին, մասնաւորաբար մարդասիրական, ընկերային ծառայութեան, առողջապահական ու կրթական մարզերէն ներս:
Բ) Անհրաժեշտ է, որ Մ.Ա.Կ.ը մղէ Լիբանանի կառավարութիւնը հիմնական բարեկարգութեան գծով անմիջական ու շօշափելի քայլեր առնելու, յառաջիկայ ընտրութիւններու թուականը ճշդելու եւ այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ պետական կազմալուծուած կառոյցները վերակազմակերպելու եւ օգտակար դառնալու ժողովուրդի հիմնական կարիքներուն:
Գ) Անհրաժեշտ է, որ Մ.Ա.Կ.ը յիշեցնէ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որ գործնապէս աջակից դառնան Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ իր վէրքերը դարմանել, տնտեսութիւնը վերականգնել եւ իր քաղաքական դերը վերստանձնել յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս:
Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ այս բոլոր քայլերէն առաջ եւ անդին Մ.Ա.Կ.ը պէտք է զգուշացնէ միջազգային համայնքը, թէ խաղաղ ու բարգաւաճ Լիբանան մը կարեւոր նպաստ մըն է մարդկային քաղաքակրթութեան, կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան ու գոյակցութեան. սակայն տագնապալից Լիբանան մը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ թէ՛ շրջանէն ներս եւ թէ՛ նոյնիսկ անդին:
Յայտնենք, որ պաշտօնական հանդիպումէն առաջ եւ ետք, Վեհափառ Հայրապետը առիթը ունեցաւ կարճ խօսակցութիւն մը ունենալու ընդհանուր քարտուղարին հետ Հայաստանի ու Արցախի մասին:
İlk yorum yapan siz olun