İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԹԱԳԸ (ՄԱՍ 2, շարունակելի)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Կոմիտաս Վարդապետի սաղաւարտին մօտ…

Անոնցմէ առաջինն էր, Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի սաղաւարտը։ Մոխրագոյն թաւիշի վրայ աշխատուած քահանայական թագը, 19րդ դարուն պատրաստուած էր Կ. Պոլսոյ ոճով եւ շրջապատուած՝ աւանդական տեսքով կազմուած ծաղիկներու նաշխերով ու զարդարանքով։ Թագի վերեւէն դէպի վար աշխատուած էին ճառագայթներ։ Իսկ սաղաւարտին գագաթը կը կենար Ս. Խաչը։ 

Եթէ միայն առանձինն սաղաւարտ մը ըլլար այս մէկը, պիտի ըսուէր, թէ՝ պատմական հնութիւն մըն էր մօտաւորապէս հարիւրամեայ պատմութեամբ։ Որպէս գանձ, իրաւ է, թէ՝ պիտի ունենար իր արժէքը։ Սակայն այս միոյն վրայ երբ կը բեռցուէր Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ գործածուած ըլլալու հանգամանքը, գանձը կը վերածուէր անգտանելի յիշատակարանի մը եւ իր բարոյական արժէքը կը գերիշխէր նիւթականին։ Որքա՜ն խորհրդաւոր յիշատակ մը, որ դարձած է Կոմիտաս Վարդապետէն հասած սրբազան գանձ։ Ան կը գտնուէր այն վայրին մէջ, ուր մտած էր Սողոմոն Սողոմոնեան եւ ապա՝ ձեռնադրուած էր քահանայ, դառնալով՝ Կոմիտաս Վարդապետ։ Այս սաղաւարտը, ո՞վ գիտէ քանի անգամներ իր գլխուն վրայ դնելով մատուցած էր Ս. Պատարագներ եւ իր այնքան հանճարեղ ձայնով գրաւած՝ հաւատացելոց ուշադրութիւնը։ Իսկ ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ՝ իր գլխուն վերեւ կրած եւ Քրիստոսի խաչելութեան փուշէ պսակը խորհրդանշող այդ սաղաւարտը, նաեւ խորհրդանիշը պիտի դառնար՝ հանճարեղ վարդապետին ապագայի վիշտերուն ու ողբերգութեան։ 

Այս խոհը առաւել եւս նշանակալից կը դառնար նուաստիս մօտ, քանի խաւարամած գիշերուայ ժամերուն, իր վերջին աղօքթը արտասանած Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղւոյս մէջ, քանի քանի անգամներ մտածած եմ, որպէս երաժշտապետ ի Պոլիս իր վերջաբանին մասին։ Երեւակայած եմ իր ծնկաչոք աղօթքի ու երգած՝ «Տէր Ողորմեայ»ին մասին եւ խաչելութիւնը տեսած եմ իր երաժշտական կեանքէն ներս։ Իսկ միւս կողմէ նոյն օրուան մէջ էր, որ Կոմիտաս Վարդապետի յօրինած «Առ գետս Բաբելացոց» խմբերգի մասին կը զրուցէինք, քարոզխօսութեան մը առիթով։ Այն հոգեւոր երգին մասին, որ Սաղմոս ՃԼԶ-ի տողերու օգտագործութեամբ գրի առնուած էր եւ դարձած՝ Կոմիտաս Վարդապետի գլուխ գործոցներէն միոյն։ Այս սաղաւարտի խաչելութեան պսակի խորհուրդին մէջ, քնարը կախած երգ երգելէ դադրած սոխակին խաչելութեան դիմանկարը եւս յայտնի կը դառնար նուաստիս մօտ։ 

Հետեւաբար, այս պահը առիթ եղաւ կրկնելու նոյն սաղմոսին տողերէն պատշաճուած ուխտադրութիւնը. «Կոմիտա՜ս, եթէ քեզ մոռնանք, մեր լեզուն չորնայ»։ 

Հիմայ հարց կուտամ հարազատներուն, արդեօք, ո՞ր նիւթական արժէքով կրնանք չափել այս պատմական սաղաւարտը։ Ո՞ր ոսկին կամ արծաթը կրնայ հաւասարիլ Կոմիտաս Վարդապետի անմահ յիշատակին։ Իսկ ես նուաստաբար իր առջեւ կանգնած, որպէս ընծայ կը մատուցանէի Պոլսական իր հաճելի եւ դառն յիշատակները, իրեն մէջ խառնելով աղօթախառն մրմունջ մը։ Ուստի, գանձարանի այս բարոյական գանձին առջեւ կանգնած կը խոնարհիմ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական հանճարին առջեւ ու կը շարունակեմ ուղեւորութեանս։ 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ, 

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին 

16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի

Աղբիւր։ Harutyun Apegha Damadyan https://www.facebook.com/artundamadian 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın