Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 18 Դեկտեմբեր 2021, Շաբաթ, Սենթ Էսփրի Լատին Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Լատին Կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ Եպիսկոպոս Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրոյի գահակալութեան արարողութեան եւ անդրանիկ Սուրբ Պատարագին։
Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանային Աթոռոյս Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ներկայ էին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մօր Ֆիլիւքսինոս Չէթին Մետրոպոլիտը։
Ի ժամ արարողութեան կարդացուեցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոնդակը, որու աւարտին տեղապահ Մոնս. Լորենցօ Փիրէթթօ եպիսկոպոսական գահը եւ հովուական գաւազանը յանձնեց նորանշանակ Սրբազանին։
Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եւ քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հիւր առաջնորդներուն։
Ի ժամ Ս. Պատարագի ուղերձ մը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ըսաւ թէ դժուար ժամանակներ քաջ առաջնորդներ կը պահանջեն, որպիսին պիտի ըլլայ նորընտիր առաջնորդը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց եւ մաղթեց, որ ան զարկ տայ միջեկեղեցական յարաբերութեանց զարգացման։
Յաւարտ արարողութեան Առաջնորդարանին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ, որուն եւս մասնակցեցան Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun