İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՑԵԱԼԸ ՇԱՂԿԱՊԵԼ ԳԱԼԻՔԻՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ մեր կողմէ հնչեցուած ահազանգին արձագանգները կը շարունակուին հայկական բազում լրատուամիջոցներուն մօտ։ Հայ մամլոյ նահապետին մատնուած կացութիւնը եկած է տագնապեցնել նաեւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհը, ուր զօրակցութեան տրամադրութիւնով մեր բազմաթիւ պաշտօնակիցները կը փորձեն խորաթափանց ընկալել առկայ հարցերը եւ իրենց նպաստը բերել տագնապի յաղթահարման հեռանկարներուն։ Այս շրջանակին մէջ «Բարեւ TV» առցանց հեռուստակայանը տեսակցութիւն մը ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ «Բարեւ»ը, ըստ էութեան, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջաններուն համար նախատեսուած սփռումներ կ՚իրականացնէ, սակայն, ընկերային ցանցերու միջոցաւ եւս կարելի է հետեւիլ անոր։ Արա Գօչունեանի հետ հեռավար՝ տեսակապով հարցազրոյցը կատարուած է «Բարեւ»ի գլխաւոր դէմքին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ Վարդան Ապտոյի կողմէ։ Այս վերջինը ամերիկահայ կեանքէն ներս կը վայելէ վարկ ու հեղինակութիւն՝ որպէս համայնքային-հասարակական գործիչ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով իր կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նկատմամբ ցուցաբերուած զգայնութեան համար՝ ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցի սղագրութիւնը։ Նշենք, որ խմբագրման դոյզն միջամտութիւններով կը մատուցուի այս սղագրութիւնը՝ խօսակցականէ գրաւորի փոխադրումներու անհրաժեշտութիւններով պայմանաւորուած։

*

-Արտասահմանի հայութեան թերթերը ի՞նչ տագնապէ կ՚անցնին: Ինչո՞ւ այս վիճակին հասեր ենք եւ որո՞նք են այն դժուարութիւնները, զորս պէտք է դիմագրաւենք:

-Դժբախտաբար մենք անցեալ հոկտեմբերի 28-ին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 114-րդ տարեդարձի խմբագրականով պարտաւորուեցանք ահազանգ հնչեցնել, որ մեր թերթը անդունդի եզրին հասած է: Սա, անշուշտ, տխուր երեւոյթ է եւ այս տարուան հոկտեմբերի 28-էն ի վեր, այսինքն՝ վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին, աշխարհի բոլոր կողմերէն ունեցանք արձագանգներ. մարդիկ մտահոգուած, անհանգստացած են: Մենք ալ այստեղ այս տագնապը դիմագրաւելու որոնումներուն մէջ ենք: Ընդհանրապէս, մեր զանգուածային լրատուութեան աշխարհը ունի հաստատութենական (էնսթիթիւսիոնէլ) խնդիրներ, որոնց դրսեւորումները զանազան տեղեր զանազան ձեւերով կ՚ըլլան: Մասնաւորապէս սփիւռքի մէջ հայերէնով լոյս տեսնող լրատուամիջոցներու պարագային հետզհետէ կը դժուարանայ ամէն ինչ, որովհետեւ ուծացման դրսեւորումները աւելի կ՚ընդլայնուին: Արեւմտահայերէնով հաղորդակցուելու ի վիճակի եղող փոքրամասնութիւնը կը փոքրանայ եւ այսօրինակ կացութեան մէջ ալ դժուարութիւնները սկսած են բազմապատկուիլ: Թէեւ համացանցային մթնոլորտի մէջ արեւմտահայերէնով հաղորդակցուելու հնարաւորութիւն ունեցող զանգուածը ձեւով մը կարելի է հարթակի մը վրայ հաւաքել, համախմբել, բայց սփիւռքի հայերէն լրատուամիջոցները ընդհանրապէս տուեալ համայնքի սահմանափակ միջավայրին մէջ կ՚արտադրուին եւ այդպիսի միջավայրերու հնարաւորութիւններով կը սնուին, իրենց եկամուտները այդ միջավայրերէն կը գոյանան: Այս վերջին շրջանին մասնաւորապէս՝ քորոնաժահրի համավարակի հետեւանքով խնդիրները աւելցած են: Նոյնիսկ ամենազարգացած տնտեսութիւնով երկիրներու մէջ մարդիկ նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, աւելի նուազ վճարունակ կը դառնան:

-Ինչպէ՞ս կրնանք փոքր եւ անկախ թերթերը պահել արտասահմանի մէջ՝ մանաւանդ հայ թերթերը, որոնց պարագան աւելի դժուար է: Եւ ի՞նչ է հաւանականութիւնը, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ամէնօրեայ դրութենէն անցնի ու դառնայ եռօրեայ կամ շաբաթական:

-Ո՜հ, գիտէք, եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը օրաթերթ ըլլալէ դադրի, արդէն իր գոյութիւնը լրիւ կ՚իմաստազրկուի: Որովհետեւ մեր քաղաքին մէջ կան ուրիշ բազում հայկական լրատուամիջոցներ, որոնք ամէնօրեայ պարբերականութիւն չունին եւ մեր թերթի լինելութեան ամբողջ իմաստը այն է, որ 114 տարիէ ի վեր անխափան՝ որպէս օրաթերթ կը շարունակուի: Նոյնիսկ այսօր հայաշխարհի տպագիր թերթերը՝ ըլլան անոնք երկօրեայ կամ շաբաթաթերթ, իրենց համացանցային կայքէջերուն վրայ գործնականօրէն աւելի յաճախակի պարբերականութեամբ լրատուութիւն կը թարմացնեն: Հետեւաբար թերթի պարբերականութիւնը փոխելու մասին խօսիլը բնաւ իրատեսական չէ: Այսինքն՝ եթէ օրաթերթ ըլլալէ դադրի, ուրիշ ձեւով չի կրնար գոյատեւել: Մեր հնչեցուցած ահազանգին բնոյթին մէջ կայ այն կէտը, որ պէտք է այս թերթը ապագայի պատրաստել. մեր ամբողջ տագնապը այդ է: Մենք չենք ուզեր երազի մը ետեւէն վազել՝ ըսելով, թէ քանի մը տարի եւս այսպէս աւանդական ձեւով երթայ, թող այսպէս ալ երթայ եւ այլն:

Հայութիւնը աշխարհով մէկ սփռուած ազգ է եւ հայութեան հաւաքական միտքը պատրաստելու համար մենք պէտք է ժամանակակից աշխարհի պայմաններուն համահունչ, արդիական լրատուամիջոցներու վերածուինք, որպէսզի կարենանք մեր ժողովուրդը պահել համախումբ, ընդհանրական նպատակներու ճանապարհին կարենանք որոշ մտածելակերպի մը, որոշ զգայնութիւններու հասարակաց յայտարարին վրայ պահել զայն: Եթէ հայկական լրատուամիջոցներու ընթացքը այսպէս տկարանայ, մենք ինչպէ՞ս պիտի ընենք այս բանը: Սա մեծ հարցական է եւ սփիւռքը, բնականաբար, պէտք է իր ապագային մասին մտածելու ժամանակ այս խնդիրն ալ առաջնահերթօրէն նկատի առնէ։

-Կա՞յ մարմին մը, որուն կրնաք դիմել եւ ըսել՝ եկէք, միասնաբար աշխատինք եւ հարցը լուծենք:

-Ամենէն ցաւալի խնդիրներէն մէկը այն է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Պոլիսէն այս ահազանգը կը հնչեցնէ հայ իրականութեան տեսակէտէ շատ դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ: Որովհետեւ Հայաստան եւ Արցախ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ունին ծով կարիքներ, որոնք իսկապէս հրատապ են ու ճակատագրական: Միւս կողմէ՝ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած իրավիճակը, ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան մատնուած կացութիւնը… Համազգային կառոյցներու միջոցներու յատկացման տեսակէտէ որոշ առաջնահերթութիւններ պարտադրող վիճակ մը ստեղծած են: Այդ բոլորով հանդերձ, մենք տարի մը առաջ, երբ ըսած էինք՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութիւնը վտանգուած է, որոշ կառոյցներ անտարբեր չմնացին, փորձեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կարիքները հասկնալ, փորձեցին դիտարկել, թէ ի՛նչ կրնան ընել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար եւ ոմանք իրենց կարելին ըրին: Բայց մեր պարագային խնդիրը այն է, որ տեղւոյն վրայ վիճակը ծանր է, այսինքն՝ Պոլսոյ մէջ: Մենք մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր, հետեւողական ձեւով, կը դիմագրաւենք վիճակ մը։ Պոլսոյ մէջ ինչ հասոյթ որ կ՚ունենայինք տարի մը առաջ, յաջորդ տարի անբաղդատելիօրէն կը նուազի: Տեղւոյն վրայ ինչ որ կ՚ունենաք, պէտք է ունենաք կայուն ձեւով, որպէսզի մնացեալը փորձէք ամբողջացնել յարակից միջոցներով: Իսկ եթէ տեղւոյն վրայ ձեր ընթացիկ ունեցածը անկանխատեսելի դարձած է եւ հաշուարկները ձախողիլ սկսած են, այդ պարագային կացութիւնը շատ դժուար է եւ ճիշդ այս պատճառով է, որ մենք հիմա կ՚ուզենք, թէ մեր հնչեցուցած ահազանգը արձագանգ գտնէ հնարաւորինս լայն շրջանակներու մէջ։ Յոյս ունինք, թէ կրնան ըլլալ որոշ անհատներ, որոշ հաստատութիւններ, որոշ կառոյցներ, որոնք գիտնալով հանդերձ հայ իրականութեան բոլոր հրատապ կարիքները՝ կրնան իրենց դատողութիւնով հասկնալ, որ ժամանակաւոր դժուարութիւնները հայութենէն մշտական արժէքներ պէտք չէ խլեն: Եւ 114 տարուան օրաթերթ մը իսկապէս մշտական արժէք կը համարուի: Պատմութիւնը մասնաւորապէս՝ հայութեան նման ազգի մը պարագային, պէտք է այսօր ամուր օղակներով շաղկապուի, ածանցուի ապագային: Պատմութիւնը մեզ ապագայ մղող հիմնական ուժ մըն է: Անոր համար է, որ մենք կը շեշտենք պատմական հանգամանքները, այլապէս անցեալի կամ նոսթալժիի համար բան մը ընելու որոնումին մէջ չենք: Մենք կը հաւատանք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաքելութիւնը չէ աւարտած:

-Կայ իրականութիւն մը. ընդհանրապէս թերթի մը եկամուտը կու գայ ծանուցումներէ եւ բաժանորդագրութիւններէ: Ասոնք ձեւով մը կեանք կու տան թերթին: Ձեր պարագային ինչպէ՞ս կը գոյանայ ձեր պիւտճէն. բաժանորդագրութիւններէ՞, թէ նուիրատուութիւններէ:

-Մենք նուիրատուութիւններով գոյատեւող թերթ մը չենք եղած, այլ գովազդներով՝ առաւել չափով: Ատոնցմով թերթը մնացած է անկախ լրատուամիջոց: Պոլսոյ մէջ աւանդական համակարգ մը կայ եւ մեր համայնքային, ազգային հաստատութիւններն ու կառոյցները ընդհանրապէս իրենց գործունէութեան վերաբերեալ յաճախ մամուլին գրաւոր ծանուցումներ տալով՝ թէ՛ իրենց գործունէութիւնը հանրութեան առջեւ թափանցիկ կը դարձնեն, թէ՛ իրենց գործունէութեան տեսակէտէ պատմութեան մէջ հետք մը կը ձգեն եւ այդ երկու խնդիրները լուծելու ժամանակ ալ յատկացուած միջոցներով տուեալ լրատուամիջոցի, թերթի, մամուլի յարատեւութեան կը նպաստեն: Երկար տասնամեակներէ ի վեր՝ որպէս մայրենիով հրատարակուող օրաթերթ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հնարաւորութիւն չունի առեւտրական գովազդներ ներգրաւելու: Այդ շուկային մէջ մենք գրեթէ չկանք այլեւս: Եւ մեր հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են զուտ համայնքով:

Գիտէք, որ մօտաւոր անցեալին աւելի քան տասն տարուան ցնցումներու շրջանէ մը անցաւ պոլսահայութիւնը: Այդ ցնցումներու շրջանը, դժբախտաբար, իրեն հետ բերաւ պառակտումներ, բեւեռացումներ: Մարդիկ իրարու նկատմամբ ժխտական տրամադրութիւններով սկսան առաջնորդուիլ: Եւ այդ բոլոր պառակտումները սկսան զուգորդուիլ պիտակաւորումներով: Ամէն մարդ սկսաւ պիտակաւորումներ ընել ուրիշներու հասցէին, անոնց կարգին՝ թերթերու, ըսելով, թէ «ասիկա ատոր մարդն է» եւ այլն, եւ այլն: Այս բանէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը շատ ազդուեցաւ: Որովհետեւ մենք շարունակ կ՚ըսէինք, որ այդ պառակտումները համայնքը որեւէ տեղ պիտի չտանին եւ այս համայնքի խնդիրները պէտք է բացառապէս միասնականութեան ոգիով լուծուին, որովհետեւ մեզի նման սահմանափակ ներուժ ունեցող փոքր հաւաքականութիւնները պառակտուելով խնդիր չեն կրնար լուծել, այլ՝ ընդհանուր համաձայնութեան, քոնսենսիւսի  գալով: Երբ այս զգուշացումները ձեւով մը կ՚արդարանային եւ այն բեւեռները, որոնք յաջորդ քայլափոխին ժողովուրդին աչքին առջեւ արդարանալու ստիպողութիւնը կ՚ունենային, կը սկսէին թիրախաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։ Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորաբար վարչական շրջանակներու, որոնք նայեցան, որ այս թերթը իրենց հակակշիռէն շատ դուրս կը մնայ եւ պէտք է անոր «ականջը ոլորել» եւ ձայնը խափանել, որպէսզի իրենց գործը չխանգարէ: Այդ կէտէն սկսեալ մարդիկ սկսան մտածել, որ կարելի է այս թերթին եկամուտներով խաղալ, այդպիսով ազդել անոր վրայ կամ անոր գոյութեան սպառնալ: Դժբախտաբար, այդ սահմանափակ շրջանակներու հաշուարկները արդարացան եւ մենք հասանք այս տագնապալի օրերուն, որոնց լուծման համար, ըստ երեւոյթին, յոյս ունինք տակաւին, կը պայքարինք:

Կ՚ուզեմ նաեւ ուրիշ բան մը շեշտել։ Այս ուծացումն ալ իր ազդեցութիւնը ունի։ Ուծացումը այնպիսի վիճակի մը բերած է, որ կան շարք մը այլասերած հաստատութիւններ, որոնք իրենց լինելութեան նպատակէն, առաքելութեան ճանապարհէն շեղած են եւ ամէն օր հայերէն թերթի մը լոյս տեսնելը մերկացնող երեւոյթի մը վերածուած է: Մարդիկ լեզուէն, մշակոյթէն եւ աւանդութենէն կտրուած են։ Դժբախտաբար անոնց մէջ կան նաեւ վարչայիններ, որոնք ազգի հարստութիւնը կը տնօրինեն ուղղակիօրէն: Անոնք ներքուստ թշնամանալ սկսած են: Զարմանալի վիճակներ են: Մենք կը փորձենք պայքարիլ: Ունինք մեզի համարձակութիւն ներշնչող հանգամանք մը։ Այս պահուն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ոեւէ անձի կամ որեւէ կառոյցի մէկ լումայ իսկ պարտական չէ: Ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր նախադրեալ մըն է այն իմաստով, որ մեր հնչեցուցած ահազանգին տրամաբանութիւնը շատ լաւ կը ցոլացնէ: Այս թերթը այժմու վիճակին չէ մատնուած տնտեսական մսխումի մը, վարչական անհեռատեսութեան ու ելմտական ձախողումի մը պատճառով, այլ բոլորովին ուրիշ պայմաններու ներքեւ այս կացութեան հասած է եւ անկէ դուրս գալու համար որոնումի մէջ է: Եւ երբ հիմա որոշ անհատներու, շրջանակներու եւ հաստատութիւններու զօրակցութեան կը դիմէ, այն ինչ որ իրեն պիտի յատկացուի, ուղղակիօրէն նպատակին պիտի ծառայէ եւ ոչ թէ բաց մը լրացնելու եւ յառաջ անցնելու: Սա կը յուսադրէ մեզ:

-Նոր տարուան սեմին դուք՝ որպէս խմբագիր, ի՞նչ կ՚ակնկալէք: Ի՞նչ խօսք կ՚ուզէք ուղղել մեր ժողովուրդին։

-Երբ լրատուամիջոցի մը մէջ կ՚աշխատիք, լրատուական աշխարհին մէջ էք, ամէն օր կը հետեւիք բազում խնդիրներու: Ձեւով մը ամէն օր ձեր մտքին մէջ կը թարմանան մէկ կողմէ ձեր ազգին հարցերը, միւս կողմէ ձեր ապրած երկրին խնդիրները: Մանաւանդ, որ այս համացանցի շրջանին աշխարհը շատ փոքրացած է եւ մեր խնդիրները մէջ-մէջի են: Կը կարծեմ՝ ամէն Նոր տարի տեսակ մը տօն է, բայց զայն բոլոր դիմաւորողները քիչ մը հասունցած կ՚ըլլան, չըսելու համար՝ ծերացած: Ես կը յիշեմ Շարլ Ազնաւուրի հարցազրոյցներէն մէկը, ուր ան ըսած էր՝ «ես ծեր ծնած եմ, քանի որ հայ եմ, շատ հին ժողովուրդի մը կը պատկանիմ»: Կը մաղթեմ, որ նախ հայ ժողովուրդի պարագային մեր անժամանակ այդ ժառանգութենէն բխած իմաստութիւնը ունենայ դրական դրսեւորումներ, որպէսզի հայութիւնը կարենայ իր առջեւ ծառացած խնդիրներուն լուծումներ գտնելու ատեն համարձակ ըլլալ եւ իր մէջ ուժ գտնել:

Կան նաեւ երկու անփոփոխ մաղթանքներ, որքան ալ որ անոնք կրկնութիւն թուին։ Դժբախտաբար, անոնց կարեւորութեան կ՚անդրադառնանք, երբ զանոնք կորսնցնենք: Անոնք երջանկութեան բանալիներն են՝ առողջութիւն եւ խաղաղութիւն: Հետեւաբար, եթէ այս երկուքը ունենանք, կը կարծեմ՝ մնացեալը մեզի համար աւելի տանելի կը դառնայ: Ես կ՚ուզեմ «Բարեւ TV»էն 2022-ի համար առողջութիւն եւ խաղաղութիւն մաղթել եւ ամերիկահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն այժմէն ըսել՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F20-12-2021-անցեալը-շաղկապել-գալիքին?fbclid=IwAR1_5JTl0hSwp12_4Cr2eQPixoBG-qPADWIzjM7TgCH30EiEsQawBVKs9VQ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın