Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Դեկտեմբեր 2021, Շաբաթ, Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։
Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Էրճան Ժիլպէռ Սրկ. Քարափէքմէզ, Բրկ. Արտա Փընարճը, Գրիգոր Էրքան Կարապետեան, Շանթ Չէվիք կիսասարկաւագներ ու դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Պատր. Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Տ. Կորիւն Ֆէնէրճեան Աւ., Զօհրապ Ճիվանեան, Զաքար Քօփարեան, Շիրվան Միւրզեան, Պետրոս Պուլտուքեան, Նաթան Արապեան, Ներսէս Այվազեան քահանաներ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը նախ խօսեցաւ օրուան նպատակին մասին, որ էր Ալթըմէրմէր փոքրիկ թաղի Ս. Յակոբ Գլխադիր Եկեղեցւոյ մէջ տօնել Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի օրն ու նշել բոլոր Յակոբներու անուան տօնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Ս. Յակոբ Գլխադիր Առաքեալի, ապա Մծբնայ Ս. Յակոբ Հայրապետի կեանքերուն կարեւոր դրուագներուն։ Պատմեց վերջնոյն վարքը, թէ ինչպէս նուիրուած էր ճգնաւորական կեանքի, թէ ինչպէս սիրուած եւ յարգուած էր եւ ի վերջոյ ընտրուած՝ Մծբին քաղաքի եպիսկոպոս, երբ դեռ աշխարհական էր։ Ժողովուրդը իր մէջ տեսած էր անապատական կեանքէ հասած եւ ժողովուրդին Աստուծոյ մասին խօսող Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի կերպարը։ Երկուքն ալ անկեղծ էին եւ կ’ապրէին այնպէս, ինչպէս որ կ’ուսուցանէին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց եւ յիշեցուց, որ Աստուած ալ անկեղծութիւն կ’ակնկալէ իւրաքանչիւր հաւատացեալէն։ Ճգնողական կեանքէ հասած Ս. Յակոբ եղած էր ժողովուրդին նուիրեալ հայրապետը՝ ըլլալով հեռատես եւ պայծառատես։
Ս. Յակոբ Հայրապետ կամեցած էր բարձրանալ Արարատ Լեռ, գտնելու եւ ժողովուրդին ցոյց տալու Նոյեան տապանէն մասունք մը, որպէսզի հաւատային Սուրբ Գիրքի մէջ նկարագրուած ջրհեղեղի դէպքին։ Սուրբ Հայրապետի այս փափաքը իրականացած էր Աստուածային կարգադրութեամբ եւ Տիրոջ հրեշտակի միջնորդութեամբ իրեն հասած էր այդ մասունքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, թէ հաւատացեալներ այսօր եւս կրնային դասեր կը քաղել Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի կեանքի օրինակէն։ Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց Տէր Յիսուսի այն խօսքը, ըստ որում անհրաժեշտ էր աղօթքն ու ծոմապահութիւնը եւ ըսաւ. «Հոգեւոր կեանք մտնելու եւ այնտեղ զօրանալու համար պայման է աղօթքի ու ծոմապահութեան կարգապահութիւնը։ Ծոմապահութիւնը կը հանդարտեցնէ մեր կիրքերը եւ մենք կը տիրապետենք մեր էութեան ու զգացումներուն, իսկ աղօթքը կը հանդարտեցնէ մեր հոգին ու այսպէսով կարելի կ’ըլլայ քալել Աստուծոյ ճամբուն մէջ։ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի օրինակէն մենք պէտք է սորվինք բարձրանալ դէպի Աստուած։ Աստուած մեզ կը սպասէ, ինչպէս առակին մէջ հայրը կը սպասէր անառակ որդին։ Մինչեւ իսկ կէս ճամբուն ընդառաջ պիտի ելլէ մեզ դիմաւորելու։ Մենք՝ Քրիստոնեաներս գիտենք այս բոլորը, սակայն դժբախտաբար կը յետաձգենք։ Սուրբերը այս բաները կատարեցին առանց յետաձգելու եւ իրականացուցին զանոնք իրենց կեանքի օրերու ընթացքին։ Աղօթքն ու ծոմապահութիւնը մեր հոգեւորապէս կուրացած աչքերը կը բանան եւ այդ աչքերով կրնանք տեսնել ճշմարտութիւնները։ Տէր Յիսուս եկած էր, որպէսզի կոյրեր տեսնեն եւ տեսնողներ կուրանան։ Տեսնել զԱստուած, կը նշանակէ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն մշակել. ա՛յս է կենսականը։ Հակառակ պարագային՝ կ’իյնանք կոյրերու վիճակին»։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդը եւ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը Նորին Ամենապատուութիւնը եւ արարողութեան մասնակից հայրերը հիւրասիրեցին սիրոյ սեղանի շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Թաղային Խորհուրդի եւ Տիկնանց Յանձնախումբի ջանքերը, որով եկեղեցին կը պահուէր մաքուր եւ ներկայանալի վիճակի մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun