İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՄԷՎԼԱՆԱՅԻ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի երեկոյեան, Մէվլէվի միաբանութեան Ղալաթիոյ կեդրոնին մէջ ներկայ եղաւ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանար գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մէվլանա Ճէլալէտտին-ի Ռումիյի մահուան 748րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ էին Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, Նախարարի օգնական Ահմէտ Միսպահ Տէրմիրճան, Պէյօղլուի Քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզ, Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Պուրհան Էրսոյ, ինչպէս նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Մետրոպոլիտ, Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Հրէից Խախամապետ Ռավ Իսհաք Հալէվա, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսը եւ այլ հրաւիրեալներ։

Մէվլէվիներու իւրայատուկ արարողութենէն ետք Նախարար Էրսոյ ըսաւ, որ Մէվլանայի ժառանգութիւնը դարձած է ուղեցոյց, որ կը տարածուի ողջ աշխարհի տարածքին եւ այս դարաշրջանի ճնշումներէ, անարդարութիւններէ եւ պատերազմներէ բոցավառուած կրակը կարելի է մարել՝ ականջ տալով Մէվլանայի և Եունուսի նման հոգեւոր առաջնորդներու խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կոչին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın