İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹԷ՛ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԵՒ ԹԷ՛ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՍԿԵԶՕԾԸ՝ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԳԱՆՁԱՏՈՒՆ (ՄԱՍ 1, շարունակելի)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երբ առիթը պիտի ունենայի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Գանձատուն – Թանգարանը շրջելու, առաջին հերթին նախ ուզած էի «գանձատուն» եւ կամ «գանձարան» բառերու նշանակութիւնը ստուգել։ Զանազան առիթներով քանիցս գործածուած «գանձ» բառէն սերած էին այս նորակերտ բառերը որոնց նշանակութիւնը, թէ՛ Ստեփան Մալխասեանց եւ թէ՛ Հրաչեայ Աճառեան իրենց ոճով գեղեցկօրէն կը ներկայացնէին։ Գանձատուն կը նշանակէ գանձի տուն եւ կամ շինութիւն, որուն մէջ կը պահպանուի ոսկի, արծաթ եւ այլ դրամական արժէքներ։ Այլ խօսքով, ան հարստութիւն պարունակող վայրն է։ Իսկ ի՞նչ էր այդ հարստութիւնը, եթէ ոչ՝ նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւնը։ 

Բառերը երբեմն իրենց պարզ տեսքով, թեկուզ տկար երեւնան,  շատ բաներ կրնան խօսիլ գաղափարներու եւ կամ խորհուրդներու մասին, որոնցմէ մին է «գանձ» բառը։ Քանի անգամներ գործածուած է նիւթական հարստութիւն մը բնութագրելու համար, հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր։ Եւ կամ քանի անգամներ ռամիկ հաւատացեալի մը կողմէ հոլովուած է հոգեւոր արժէքներու կարեւորութիւնը շեշտադրելու համար։ Չեմ գիտեր քանի անգամներ այս բառը գործածելով, առաւօտեան մեր աղօթքներուն մէջ միացած ենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ներշնչանքին ու ըսած՝ «Գանձդ ողորմութեան, գանձիդ ծածկելոյ, գտող զիս արա, Դուռն ողորմութեան, դաւանողիս բաց, դասեցո վերնոցն»։ Եւ կամ չե՞նք լսած Տէր Յիսուս Քրիստոսի բազմիցս կրկնած խորհուրդը. «Վասն զի ուր որ են ձեր գանձերը, հոն պիտի ըլլան նաեւ սրտերը»։ (Մտթ. 6.21)։ Հետեւաբար այս կարճ սակայն իմաստալից այցելութեան ընթացքին, պէտք էր յիշատակէի գանձ բառին միացած նիւթական եւ կամ բարոյական եւ ալ աւելին Ս. Գրային երեսակները, որովհետեւ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Գանձատուն – Թանգարանը այն վայրն էր, որուն մէջ թէ՛ նիւթականը առաւել եւս արժէք կը ստանար բարոյական ու պատմական իմաստով, եւ թէ՛ բարոյականը կը պճնազարդուէր ու փայլէր շողշողուն ոսկիներով եւ կամ ձեռագործին շաղախուած արդար աշխատութեան քրտինքով։ 

Նախ քան թանգարան մուտք գործելս, պիտի ուզէի նաեւ գանձատուն – թանգարանի մասին Մայր Աթոռոյ մէջ լոյս տեսած պաշտօնական տեղեկութիւններէն հատուած մը բաժնել։ Գանձատուն – Թանգարանը բացուած է 11 Հոկտեմբեր 1982ին, Երանաշնորհ Վազգեն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառի հայրապետութեան շրջանին, բարերարութեամբ՝ Ամերիկահայ Ազգային Բարերարներ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու։ Գանձատան – Թանգարանի ճարտարապետն է Պաղտասար Արզումանեան, որ հայ դասական ճարտարապետութեան նոր եւ իւրայատուկ գիծերով կառուցած է շէնքը։ Գանձատան մէջ ցուցադրուած նմոյշները ժամանակի ընթացքին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին բերուած են հայկական տարբեր համայնքներէ։ Այս նմոյշները կը վկայեն տարբեր դարաշրջաններու հայ վարպետներու հմտութեան եւ բարձր ստեղծագործական ոգիին։ Իսկ հուսկ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հոգածութեան արժանանալով, գանձատունը առաւել եւս կանոնաւորուիլ սկսած է վերջին տարիներու ընթացքին եւ ըստ կարելւոյն նոր գոյքերով ու բաժանմունքներով կ՚ընդարձակէ իր առաքելութիւնը։

Գանձատուն – Թանգարան երթալու համար նախ պէտք է անցնիլ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի դիմացի Ս. Տրդատի Դուռէն եւ պէտք է ընթանալ դէպի նորակերտ Վեհարանը։ Ես ալ Տ. Թէոդիկ Քահանայ Հօր հետ միատեղ այդպէս կատարեցի եւ միատեղ կամաց, սակայն ամուր քայլերով ընթացանք դէպի գանձատուն։ Քիչ մը եւս շարժելէ յետոյ Վեհարանի շէնքէն դէպի ձախ ուղղուեցանք եւ գանձատունը արդէն իսկ իր աւանդական կառուցուածքով դիմաւորեց մեզ։ Շէնքը շրջապատուած էր հիանալի ճաշակով զարդարուած կանաչագեղ խոտերով եւ ծաղիկներով, որոնց շրջակայքը կը գտնուէին տուֆի քարերով պատրաստուած խաչքարեր։ Կանոնաւոր ձեւով իրարու մօտ կանգնած խաչքարերու երեսներու վրայ քանդակուած էին գրեթէ իրերանման մոթիֆներ, իսկ անոնց ետեւը արձանգրուած՝ յիշատակարաններ, որոնց մէջ տեղ գտած էին Երանաշնորհ Վազգեն եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետներու, ինչպէս նաեւ այժմու Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի շրջանին բարերարութիւն կատարած անձերու եւ իրենց գաղութներու անունները։ Ցանկագրութիւնը ինքնին կը վկայէր, թէ՝ Մայր Աթոռը տասնամեակներու ընթացքին արժանացած էր սփիւռքեան զանազան օճախներու վստահութեան եւ օժանդակութեան։ Իսկ այս բոլորին մէջ կ՚առանձնանար Ալեք եւ Մարի Մանուկեան ամոլին շիրիմը, զոր գանձատան առջեւ կառուցուած է իրենց աճիւններուն 2007ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ամփոփուելէն յետոյ։

Յաջորդաբար բարձրացանք գանձատան մուտքի աստիճաններէ եւ արդէն իսկ մայր դրան ճակատը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հայկական նաշխերով շրջապատուած «ԳԱՆՁԱՏՈՒՆ ԱԼԵՔ ԵՒ ՄԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, ՌՆԼԱ» գրութիւնը։ Անցնելով այս կամարանման մուտքէն, առաջին հերթին տեսանք, թէ՝ երկյարկանի կառոյցի վերի յարկին մէջ կը շարունակուէին նորոգութեան աշխատութիւնները եւ կը նախատեսուէր աշխատութեանց աւարտին վերստին օգտագործել այդ բաժինը, որպէսզի առաւել եւս գոյքերը ցուցադրելու հնարաւորութիւնը ստեղծուէր։ Բաց աստի, ինչպէս շէնքի արտաքին տեսքը, նոյնպէս ալ ներքին կառոյցը եւս իր հայկական աւանդական ճարտարապետութենէ բխած շունչով կը ներկայանար այցելուներուն։

Երբ գանձատան սրահէն մուտք գործեցինք, դիմաւորուեցանք տեղւոյն պատասխանատուներէն միոյն կողմէ, որ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ գանձատան մասին։ Ինչպէս ինք եւս վերյիշեցուց, գանձատան մէջ կը ցուցադրուէին զգեստներ, դպրական շապիկներ, սկիհներ, խորանի վարագոյրեր, մասունքակիր աջեր, մասունքներ, ջահեր, խաչեր, աւետարաններ եւ պէս պէս արժէքաւոր իրեր: Զանազան գոյքեր բոլորուած էին ապակեայ պահպանակներով եւ այցելուներ կարգաւ կանգ առնելով իրենց առջեւ, նայուածքով կը շօշափէին պատմական արժէք ներկայացնող այս գանձերը։ Ես ալ նման բոլոր այցելուներուն մեծ հետաքրքրութեամբ սկսայ շրջիլ եւ տեսնել, թէ՝ ինչպիտի գանձեր փրկուած են պատմութեան քայքայումէն եւ ձեւով մը հասած՝ մերօրեայ ժամանակներուն։ Պատմական ընթացքը որովհետեւ, թէ՛ պատճառ եղած է որ պատրաստուին բազմապիսի գոյքեր, սակայն նոյն ընթացքը պատճառ եղած է, որ նման գոյքերը կորսուին եւ կամ փճանան։ Փառք Աստուծոյ, որ ընդարձակ սրահի մը մէջ մենք կը վայելէինք փրկուածները, փոխանակ՝ կորստեան մատնուածներուն։ 

Եւ ահա, այս տեսքն է, որ մտածել կ՚ուտայ «գանձ» բառի խորունկ նշանակութեան մասին, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ իրականութենէն ներս։ Պատգամը խոր իմաստներ կը փոխանցէ, նկատելով որ առաջին հերթին Յիսուս Քրիստոսի «Վասն զի ուր որ են ձեր գանձերը, հոն պիտի ըլլան նաեւ սրտերը» խօսքը կը վերյիշեցնէ։ Իւրաքանչիւր գոյք ցոյց կուտար, թէ՝ հարիւրաւոր տարիներ առաջուց Հայ Եկեղեցին իր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն մէջ տեղ գտած է եւ նոյն ժողովուրդը իր թէ՛ նիւթական հարստութիւնը եւ թէ՛ ձեռագործ աշխատութիւնը ի սպաս դրած է Հայ Եկեղեցիին։ Այս մէկը առիթ էր, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյս Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի Անուան Թանգարանը վերյիշելով, Մայր Աթոռոյ իրականութեան մէջ անգամ մը եւս տեսնելու փորձը կատարեմ Հայ Ժողովուրդին եկեղեցասիրութեան երակին։ Գոյքերու բոլորն ալ, ճիշտ է, թէ՝ որպէս պատմական հնութիւն եւ ոսկեպատ գանձերը մեծ հարստութիւն կ՚արժէին, սակայն նախ կը ներկայացնէին, թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ արուեստագէտ վարպետները իւրացուցած ըլլալով «Մարդ է որ գործէ զերկիր» աստուածաշնչական սիրուած արտայայտութիւնը, սկսած էին գործել ի սիրոյն Հայ Եկեղեցւոյ։ Գործած էին մեր ժողովուրդի վարպետները եւ գեղեցկութիւնը աճեցուցած էին, որովհետեւ անոնք հետեւողը եղած էին Ս. Սողոմոն Իմաստուն Թագաւորին, որ ոսկիով պատած էր Աստուծոյ Տաճարը, իր ունեցած նիւթականը օգտագործելով։ Եւ կամ անոնք հետեւորդներն էին Ս. Մովսէս Մարգարէին, որ Աստուածային պատուիրանին հնազանդելով պատրաստեց «ոսկի» տապանակ, որուն մէջ դրաւ հոգեւոր գանձերը։ Այլապէս, Աստուածաշնչական օրինակները, Հայոց մօտ եւս շատ ատեններ վերակենդանացած են ու անոնք իրենց սիրտը դնելով իրենց Տիրոջ՝ փափաքած են նիւթական հարստութիւն եւ կամ վարպետութիւն ի սպաս դնել։ Այլապէս եղեր են հաւատացեալ անձինք, որոնք փորձեր են ժամանակին մէջ անժամանակ արժէքներու գանձարան՝ Եկեղեցիին նժարը ծանրացնել իրենց ստեղծագործութեամբ եւ կամ բարերարութեամբ, վերստին յիշատակելով Աստուածային գրութիւնը. «Երանի որ ունիցի յիշատակ ի Սիոն»։ Ներկայիս եւս շատ ատեններ անհասկնալի դարձած այս նուիրեալ ընծայումը, յատկապէս անցեալին մեր արուեստագէտ վարպետներու մօտ դարձեր է ծառայութեան եղանակ ու անոնք ուզեր են նիւթական աշխարհի մէջ, նիւթական փայլով ցուցադրել Աստուածային փառքը յաչս ժողովրդեան։ 

Գանձատան մէջ անշուշտ, թէ՝ բազմապիսի գոյքեր կան եւ անոնց բոլորին մասին կ՚արժէ առանձնապէս գրել եւ կամ տեղեկութիւններ փոխանցել։ Իսկ եթէ այս մէկը կատարուի, համայնագիտարան մը կազմելու աստիճան գիտելիքներով ճոխ գանձեր կը գտնուին առ նուազն այս գանձարանին մէջ։ Բայց ես անհատաբար պիտի ուզէի, այս բոլորին մէջէն առաձնացնել քանի մը գոյքերը, որոնց տէրերուն մասին մտածելը իսկ բաւականին կ՚ոգեւորէր այցելուներս։ 

16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın