İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 15 Դեկտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 18.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց սանուց միութեանց ատենապետները։ Ընդունելութեան ներկայ էին Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Ամենապատուութիւնը նախապէս ընդունած էր սանուց միութեանց ատենապետները եւ որպէս եզրակացութիւն թելադրած էր, որ սանուց միութեանց վարչութիւնները առաջին հանդիպման մասին իրենց ատենապետներուն փոխանցած տեղեկութեանց լոյսին տակ խորհրդակցին զիրենք յուզող հարցերու մասին եւ այդ խորհրդակցութեանց արդիւնքները բաժնեն նոյն դահլիճին մէջ գումարելի երկրորդ հաւաքին։

Այս երկրորդ հանդիպումին ներկայ էին 11 սանուց միութիւններու ատենապետները եւ Նորին Ամենապատուութիւնը մի առ մի լսեց զանոնք։ Ատենապետներէն ոմանք կը բացակայէին իրենց զբաղումներուն պատճառաւ։  

Հետաքրքրական զեկուցում մը ունեցաւ Արամեան Սանուց Միութեան Վարչութեան Ատենապետ՝ Սեւան Աթաօղլուն որ անդրադարձաւ երկար ժամկէտով իրագործելի դրութեան մը, որուն հիմը պիտի կազմէր գիտական ու արհեստավարժ միջոցներով վիճակագրութիւններու կատարումը երիտասարդներու մօտ միութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու մասին։

Ապա Կեդրոնական Սանուց Միութեան Ատենապետ՝ Գէորգ Սիմքէշեան կատարուած միջմիութենական խորհրդակցութեան արդիւնքներուն մասին արտայայտուեցաւ։ Ըստ տրուած տեղեկութիւններուն յայտնի կը դառնար, թէ եկեղեցւոյ, վարժարանի եւ միութեան եռոտանիին ու անոր գործունէութեանց մասին առողջ գիտելիքներով օժտուած վարժարանի սաներ կրնային լաւագոյնս օգտակար հանդիսանալ սանուց միութեանց որպէս անդամ եւ որպէս վարչային։ Կարեւոր նշում մը ունեցաւ նաեւ երկու կարեւոր կէտեր մատնանշելով։ Առաջինը այն էր, որ աշակերտներ շատ անգամ տարուելով իրենց ապագայ ուսումնական շրջանի պատրաստութեան մտահոգութենէն՝ կը մատնուէին «վարժարանէն փախուստ տալու», այսինքն ժամ առաջ շրջանաւարտ ըլլալով վարժարանէն բաժնուելու հոգեվիճակին։ Եւ անգամ մը որ այս հոգեվիճակին կը մատնուէին ու չէին կրնար զայն թօթափել, հեռու կը կենային սանուց միութեան շրջանակէն։ Նաեւ միջնակարգի ուսումէն յետոյ լիսէի ուսման համար այլ վարժարան հետեւող աշակերտներ իրենց շրջանաւարտութենէն յետոյ զիրենք աւելի մօտ կը զգային լիսէի սանուց միութիւններուն, հետեւաբար իրենց միջնակարգի կամ նախակրթութեան վարժարանի սանուց միութիւնները կը տուժէին։ Նաեւ կարեւորութեամբ նշեց, թէ աշակերտներ իրենց ուսանողական շրջաններուն պէտք էր դաստիարակուէին այն գաղափարին շուրջ, որ պարզապէս յիշեցում մը պիտի ըլլար, թէ իրենց ուսանած վարժարաններուն գոյատեւումը կը պարտէին ժողովուրդի զոհողութեան, հետեւաբար իրենք ալ ապագային պէտք էր որ իրենց ծառայութիւնը բերէին համայնքային կեանքի զանազան վարչութիւններու ծիրերէն ներս։

Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպման մասնակից Կեդրոնական, Էսայեան, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Սահակեան, Մխիթարեան, Ֆերիգիւղի, Արամեան, Սեմերճեան-Ներսէսեան, Թարգմանչաց սանուց միութեանց, նաեւ Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան եւ Մարալ Երգի Պարի Միութեան ատենապետներուն հետ մի առ մի հետաքրքրուեցաւ եւ իրենց ունեցած խորհրդակցութեանց մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, բոլորը լսելէ յետոյ յայտնեց իր գաղափարը, ըսելով թէ սանուց միութիւններէն իւրաքանչիւրը իր սահմաններուն մէջ կը գործէր ու իր կարելին ի գործ կը դնէր։ Հետեւաբար ի տես այսօրուան իրենց վիճակին պէտք չէր յուսախաբ ըլլալ ու զանոնք տեսնել որպէս անգործութեան մատնուած հաստատութիւններ։ Պարզապէս կարիքը կար վարժարաններու ուսանողութիւնը իրենց աշակերտական շրջաններուն կապել սանուց միութիւններուն, անոնց թելադրելով թէ միութիւնը իրենց համար հարազատ տուն է, ինչպէս իրենց վարժարանները եւ ընտանեկան յարկերը։

Կեդրոնական Սանուց Միութեան Ատենապետ՝ Գէորգ Սիմքէշեան Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին յաջորդող օրերուն Կեդրոնական Սանուց Միութեան մէջ կայանալի միջմիութենական հանդիպումին։ Նորին Ամենապատուութիւնը թելադրեց, որ այդ հանդիպումը ունենայ իր օրակարգը, որու նիւթերուն շուրջ տեղի ունենան գաղափարի փոխանակումներ։

Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ իր կարգին հայրական օրհնութիւնը տալով բարեմաղթութիւններ ըրաւ մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın