Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի միջօրէին, այցելեց Պէյօղլու՝ նախ Փանկալթիի երբեմնի Լուսաւորչեան Վարժարանի շէնքը, ուր դիմաւորուեցաւ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Սիմոն Չէքէմի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանար գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ տեղեկութիւն ստացաւ երբեմնի վարժարանի շէնքի մասին, որ երկար տարիներէ ի վեր պարապ ու անխնամ մնացած էր։ Սիմոն Չէքէմ յայտնեց, որ ծրագրած են սոյն շէնքը եւս նորոգել ու բարեզարդել եւ որպէս մշակոյթի կեդրոն ի սպաս դնել մշակութասէր հասարակութեան։
Ապա մեր Հոգեւոր Պետը մեկնեցաւ Էսայեան Վարժարան, որու մուտքին դիմաւորուեցաւ ուսուցչաց կազմի եւ աշակերտութեան կողմէ։ Այստեղ գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն վարժարանի սաներ աղ ու հաց մատուցին Նորին Ամենապատուութեան եւ ծաղկեփունջ մը յանձնեցին։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ հիւրասիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան սենեակին մէջ, ուր հակիրճ տեղեկութիւն տրուեցաւ իրեն։ Ապա Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ հանդիսութեան սրահ, ուր մէկտեղուեցաւ ուսուցչաց կազմի եւ աշակերտութեան հետ։ Այստեղ մեր Հոգեւոր Պետը հաճելի զրոյց ունեցաւ շուրջ հարիւր աշակերտներու հետ, որմէ ետք պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
Վարժարանի այցելութենէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ թաղի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ երկար ժամանակէ ի վեր նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած է։ Մեր Հոգեւոր Պետը այստեղ Սիմոն Չէքէմէ տեղեկութիւն ստացաւ տարուած աշխատանքներու մասին եւ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ աշխատանքներու աւարտման եւ պաշտամունքի վերաբացման թուականի մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց փառաւոր սոյն աղօթատան երկար սպասումէ ետք վերստին պաշտամունքի բացուելու պատրաստութեան պատճառաւ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun