İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՐՕՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 14 Դեկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահի մէջ ընդունեց համայնքային վարժարաններու կրօնագիտութեան ուսուցիչներն ու նոյն թաղերու հոգեւոր հովիւները։

Հանդիպումի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը, յետ աղօթքի, բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ըսաւ, որ վարժարաններու տնօրէններու հետ կայացած ընդունելութենէն յետոյ նախատեսուած  հանդիպում մըն էր այս մէկը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ընդգծեց, թէ մեր համայնքային վարժարաններու գոյութեան նպատակն էր արդի կրթական գիտելիքներու առընթեր ջամբել հայերէնի եւ կրօնագիտութեան դասեր։ Անդրադարձաւ, թէ տնօրէններու հետ կայացած հանդիպումին կրօնագիտութեան դասաւանդութեան պարագային զգալի դարձած էին կարեւոր թերութիւններ, մանաւանդ շեշտուած էր դասանիւթերու ցուցակի եւ դասագիրքերու պակասը, որոնք կը կարօտէին վերանայման եւ կանոնաւորման։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ կարելին պէտք է ընել, որպէսզի սոյն կարեւոր նիւթը աւելի արդիւնաւոր դարձնելու ճարերը որոնուին, գտնուին եւ ի գործ դրուին մեր նոր սերունդին աւելի առողջ կրօնական գիտելիքներ դասաւանդելու համար։

Եղան կարծիքներու փոխանակումներ։ Ուսուցիչներ իրենց փորձառութիւնները բաժնեցին եւ յայտնեցին իրենց ունեցած դժուարութիւնները, որոնք ծագում կ՚առնէին դասագիրքերու եւ տեսողալսողական պայմաններու պակասէն։ Եղան առաջարկներ, որոնց աւարտին ուսուցիչներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատիլ եւ նոր ծրագիրներ մշակել կրօնագիտութեան դասաւանդութեան առաւել եւս արդիւնաւորութեան համար։ Բոլորը միացան այն գաղափարին շուրջ, որով կրօնագիտութեան դասաւանդութիւնը կրնար արդիւնաւետ ըլլալ երբ աշակերտը կը սիրէր աւանդուած դասանիւթերը։ 

Մասնակիցներ յայտնեցին իրենց ուրախութիւնը, անոր համար որ յանձին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Հոգեւոր Վերին Իշխանութիւնը պատուած էր զիրենք, հետաքրքրուելով՝ դասաւանդութեանց կապակցութեամբ իրենց ունեցած գաղափարներուն հետ։ Նաեւ գոհունակութիւն յայտնեցին, քանի որ Նորին Ամենապատուութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէր օգնելու բոլորին, որպէսզի առաւել եւս պատրաստուին ու իրենց աւանդած նիւթերուն մէջ զարգանան։ Ներկայ ուսուցիչներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական հետաքրքրութեան։

Հանդիպումը վերջ գտաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın