İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Պոլսահայ եկեղեցիներու եւ անոնց հովանաւորած կրթական եւ բարեսիրական ու մշակութային առաքելութեան պատմութեան հետ հետաքրքրիր անձերու համար կարեւոր է ի ձեռին ունենալ յուշամատեաններ, որոնք կրնան օգտակար հանդիսանալ իրենց պարունակութեամբ։

Այս առումով մեզի համար հոգեւոր ուրախութիւն է վայելել Պէշիկթաշի Յուշամատեանի ներկայութիւնը մեր գրադարաններէն ներս։ Որովհետեւ այս գրքի հրատարակութեամբ, պարզ թուղթի վրայ տպուած արձանագրութիւններ իսկութեան մէջ վերածուած են յուշարձանի կամ յուշակոթողի, որ կը ցոլացնէ հոգեւորական եւ աշխարհական ազնիւ անձնաւորութիւններու նուիրեալ ծառայութիւնները այս թաղի համայնքային կեանքէն ներս։

Պէշիկթաշը յատուկ տեղ ունի մեր Պոլսահայ համայնքի անդամներուն սրտերուն մէջ։ Այս թաղի եկեղեցին թէ իր շքեղութեամբ եւ թէ իր փառաւոր կառոյցով յիրաւի պատմական յուշարձան մըն է, ըլլալով Կարապետ Ամիրա Պալեանի ձեռակերտը։

Մեր այս եկեղեցին ոչ միայն թաղեցի ժողովուրդին համար հոգեւոր հաստատութիւն մըն է, այլ նաեւ ուխտատեղի մը բոլոր հաւատացեալներուն համար, որոնք կը դիմեն խնդրելու Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ Իրաւ է, թէ ամիրայական այս թաղը ներկայիս ունի նոսրացած թիւով ժողովուրդ մը, բաղդատմամբ՝ անցեալի փառաւոր օրերուն, սակայն մեր պատուական ժողովուրդը միշտ մօտիկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է նաեւ այս սրբատեղիին նկատմամբ։ Այդ հետաքրքրութեան ցայտուն ապացոյցն է, վերջին քսանեւհինգ տարիներու ընթացքին կատարուած ի հիմանէ բարեզարդման աշխատանքները։ Փառք մեր ժողովուրդին, որ նախանձախնդրութիւնը ունի Աստուծոյ Փառքին ընծայուած մեր աղօթքի տուները պայծառ վիճակի մէջ պահելու համար։ Մենք ճակատաբաց կ՚ընդունինք գեղարուեստի պատմութեամբ հետաքրքիր եւ կամ մեր եկեղեցիներու մասին գիտական հետազօտութիւններ կատարող անձերու դիմումները, որոնք կը փափաքին տեղւոյն վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարել։ 

Երբ թղթատենք այս յուշամատեանը պիտի տեսնենք, թէ մեր նախնիք չեն բաւարարուեր միայն աղօթատեղի կերտելով, այլ անոր հովանիին տակ հաստատեր են վարժարան, կեանքի կոչելով հայեցի մեր հնամենի աւանդութիւնը։ Այս թաղին մէջ գործեր են միութիւններ, ընկերութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան եւ պայմաններու ներած չափով լծուեր է օգտաշատ առաքելութեան։ Այս թաղին մէջ մարդիկ լծուեր են այնպիսի հերոսական աշխատանքի, որով լումաներ իրարու վրայ կուտակուելով վերածուեր են եկամտաբեր կալուածներու, ի շինութիւն եկեղեցւոյ եւ վարժարանին։ Սա խորհրդանշանն է այդ օրերուն գործելու տրամադրութեամբ մէջտեղ ելած երիտասարդներու աննկուն կամքին։ 

Եկեղեցի, վարժարան, միութիւն. մեր համայնքային կեանքի աւանդական եռոտանին։ Այս թաղը իր անցեալով ցոյց տուած է, թէ այդ եռոտանին որքան բարերար դեր ունեցեր է ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն ներս։

Մենք, այս առթիւ կը գնահատենք եկեղեցւոյ երբեմնի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանը, որ սիրայօժար իրագործած է նման մատեանի մը պատրաստութիւնը, վառ պահելու համար մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական ու կրթական շինութեան ու վերելքին ծառայող ազնիւ հոգիներու յիշատակը, եւ ինչու չէ նաեւ քաջալերելու՝ անոնք որոնք ի կեանս են եւ կը շարունակեն իրենց վիճակուած պաշտօնները կատարել պատրաստակամութեամբ։

Մեր հայրական օրհնութիւնը կու տանք Պէշիկթաշի Թաղական Խորհուրդի պատուարժան անդամներուն, որոնք սիրով ընդառաջած են եղած առաջարկին եւ նիւթապէս սատարած՝ յուշամատեանի լոյս ընծայման աշխատանքներուն։ Կ՚աղօթենք եւ կը մաղթենք, որ Աստուած անսասան պահէ Գիւտ Գօտւոյ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցին, որ իր հոգեւոր հովանին շարունակէ տարածել Պէշիկթաշի ընտանիքին վրայ, որպէսզի ապագային՝ նոր սերունդներ արժանանան նշելու եկեղեցւոյ եւ թաղի պատմութեան հետ առընչուած իրադարձութիւնները։

Թող Ամենաբարին Աստուած լուսեղէն եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ ի Քրիստոս ննջած եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներու, կրթական մշակներու, վարիչներու, բարերարներու հոգիները։ 

Եւ վերջապէս օրհնութիւն՝ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ամէն առթիւ իր աննկուն հաւատքով կը յայտնուի իբրեւ հարազատ տէրը մեր աղօթքի տուներուն, կրթական, մշակութային ու բարեսիրական հաստատութեանց։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին եւ իրենց պարգեւէ քաջառողջ կեանք։ 

Մնամք ողջունիւ սիրոյ ի Քրիստոս եւ հայրական օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝ 

ՍԱՀԱԿ Բ.

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın