İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑԱՒ

Հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, «Պէշիկթաշի Յուշամատեան»ի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 11 Դեկտեմբեր 2021, Շաբաթ, ժամը 17.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու Սրահին մէջ։ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած հանդիսութիւնը առիթ ստեղծեց, որպէսզի Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի գրի առած յուշամատեանը հանրութեան ներկայանայ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ իրականացած հանդիսութեան ներկայ էին, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանայից դասու անդամները, գրքի հեղինակ Տէր Հայրն ու Երէցկին Տիրամայր Սիլվա Տամատեանը, Պէշիկթաշի եւ Գատըգիւղի Եկեղեցեաց ներկայացուցիչները, տեղւոյն՝ Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամները, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ մերազն ժողովուրդի անդամներ։ Թագաժահրի համավարակի պատճառաւ սրահի տարողութիւնը սահմանափակուած էր։ Իսկ միւս կողմէ, հանդիսութիւնը ուղիղ կը սփռուէր Պատրիարքական Աթոռոյս կայքէջէն, որով ի սփիւռս աշխարհի շատեր կը հետեւէին հանդիսութեան։

Օրուան խօսնակն էր Մարիամ Տրամերեան։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Եկեղեցւոյ Դպրապետ Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշլեանի ողջոյնի խօսքով։ Բարեշնորհ Սարկաւագը, նախ ողջունեց Ամենապատիւ Տիրոջ գլխաւորութեամբ ներկաները եւ յայտնեց, թէ համավարակի պատճառաւ ակամայ յապաղած հանդիսութիւնը ի վերջոյ կ՚իրականանար։ 

Ապա, Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ, Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ երգեցին «Կենդանարար Աստուած» շարականը, որմէ յետոյ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կողմէ ընթերցուեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ուղղեալ Օրհնութեան Գիրը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ի միջի այլոց կ՚ըսէր.

«Մեզի համար հոգեւոր ուրախութիւն է վայելել Պէշիկթաշի Յուշամատեանի ներկայութիւնը մեր գրադարաններէն ներս։ Որովհետեւ այս գրքի հրատարակութեամբ, պարզ թուղթի վրայ տպուած արձանագրութիւններ իսկութեան մէջ վերածուած են յուշարձանի կամ յուշակոթողի, որ կը ցոլացնէ հոգեւորական եւ աշխարհական ազնիւ անձնաւորութիւններու նուիրեալ ծառայութիւնները այս թաղի համայնքային կեանքէն ներս։ Պէշիկթաշը յատուկ տեղ ունի մեր Պոլսահայ համայնքի անդամներուն սրտերուն մէջ։ Այս թաղի եկեղեցին թէ իր շքեղութեամբ եւ թէ իր փառաւոր կառոյցով յիրաւի պատմական յուշարձան մըն է, ըլլալով Կարապետ Ամիրա Պալեանի ձեռակերտը»։

Յաջորդաբար, Մարիամ Տրամերեանը ներկայացուց հեղինակ Տէր Հօր կենսագրութիւնը։ Այսպէս ներկաներ լսեցին, Տէր Հօր հոգեւոր ծառայութեան առընթեր մատուցած գրական վաստակին եւ իր կողմէ նախապէս գրի առնուած այլ աշխատութեանց մասին։ 

Ապա, բարձրախօսը յանձնուեցաւ հեղինակ Տէր Հօր, որ յուշամատեանը ներկայացուց իր զանազան կողմերով։ Տէր Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որուն օրհնութեամբ կ՚իրականանար հանդիսութիւնը։ Տէր Հայրը անդրադարձաւ գիրքի հրատարակութեան ոդիսականին եւ յայտնեց, թէ նման գիրքի մը պատրաստութեան մասին առաջին անգամ փափաք յայտնած էր Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հայրը։ Սակայն կամքէ անկախ պատճառներով, պատրաստութիւնը այդ շրջանին չէր իրականացած եւ գիրքի նօթերը տարիներ շարունակ մնացած էին, որպէս հրատարակութեան սպասող աշխատութիւն։ Այլապէս գիրքը մինչեւ իր հրատարակութիւնը, անցած էր Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքներու շրջաններէն ու հուսկ՝ հրատարակուած Սահակ Բ. Պատրիարքի օրով։ 

Տէր Հայրը յայտնեց, թէ՝ այս աշխատութիւնը, որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած եկեղեցիին հանդէպ սրտի պարտք մըն էր եւ Աստուծոյ կամքով ու կամաւորներու ներդրումով իր կատարումին հասած էր։ Գիրքին մէջ թէ՛ Պէշիկթաշ թաղին, թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ քարոզիչներու ու հոգեւորականներու, թէ՛ դպրաց դասու, թէ՛ երբեմնի վարժարանին, թէ՛ միութենական կեանքի մասին, թէ՛ նշանաւոր թաղեցիներու մասին տեղեկութիւններ կային։ Իսկ միւս կողմէ աշխատութիւնը կարեւոր նշանակութիւն մը եւս կ՚ունենար, նկատի ունենալով, թէ երբեմնի Պէշիկթաշի գերեզմանատան պատմութիւնը, որ նախապէս ո՛չ մէկ տեղ գրի առնուած է, այս յուշամատեանով պատմութեան կը յանձնուէր իր ամբողջ գիծերով։

Տէր Հայրը իր խօսքերու աւարտին, մի առ մի նշեց բոլոր անոնց անունները, որոնք ներդրում ունեցած էին պատրաստական աշխատութեան եւ այս առթիւ յատուկ ձեւով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։

Տէր Հօր ներկայացումին յաջորդեց, Գիրքի Յանձնախումբի Նախագահ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն ուղարկած ուղերձին սփռումը։ Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ գրքի առաջին օրինակը յանձնուած էր Պատրիարք Հօր եւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալէ յետոյ, յանձնախումբի անդամներ գիրքէն ուղարկած էին թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ արտասահմանի հոգեւոր ու կրթական բազում հաստատութիւններուն։ Ի տես այս աշխատութեան, զանազան հաստատութիւններէ կը հասնէին գնահատական արտայայտութիւններ։ Այս բոլորին մէջ կ՚առանձնանար, յուշամատեանի օրինակներէն միոյն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին յանձնուիլը։ Հայր Սուրբը այս առիթով յայտնեց, թէ այս առիթով գիրքին կը միանար Հայրապետական օրհնութիւնը։ Հայր Սուրբը, շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ ներկաներուն ու մաղթեց, որ աշխատութիւնը իր ներդրումը բերէ համայնքային կեանքին։ 

Ուղերձէն յետոյ յանձնուած յուշանուէրը, յանուն Հայր Սուրբի ստացաւ Տիրամայր Երէցկինը։ 

Ապա, ասմունքեց Սիլվա Կոմիկեան եւ ներկայ ունկնդիրներու գնահատանքին արժանացաւ։ 

Յաջորդաբար յանուն Նարեկացի Դպրաց Դասու արտայայտուեցաւ Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետ Բրկ. Մկրտիչ Ուր. Դպ. Նառլըն եւ յանուն Թաղային Խորհուրդի՝ Բ. Ատենապետ Կարօ Վարժապետեան։

Ապա Արման Սարկաւագ բեմ հրաւիրեց գրքի մուտքագրութիւնը կատարած Սիրվարդ Մալխասխեանը եւ իրեն յուշանուէր մը յանձնեց։ 

Յաջորդաբար գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը։ Յարութիւն Էտվին Սարկաւագի դաշնակի ընկերակցութեամբ, Գրիգոր Թէրզեան մեներգեց «Կռունկ»ը, Յովսէփ Գույումճեան «Վարդը»ն, Արթիւր Պաղտասարեան «Ինչպէս Երազ»ը, Սէրճան Կազէրօղլուն՝ «Ափ մը հող»ը։ Իսկ հուսկ՝ բոլոր խումբը միասնաբար երգեց «Բարի Արագիլ»ն ու «Երեւան Երեբունի»ն։

Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Պէշիկթաշի Յուշամատեանի ի պատիւ եղած հանդիսութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան, բան մը որ թէ՛ մարդկային եւ թէ հաւաքական կեանքէ ներս ունէր իր գործնական դերը։ Նման անհատներու, հաւաքականութիւններ եւս իրենց իւրայատկութիւնը կը կորսնցնեն երբ կը մոռնան իրենց անցեալը։ Պատրիարք Հայրը, այս առումով յայտնեց, թէ պատմագրական նման աշխատութիւնները համայնքային կեանքէ ներս յիշողութիւնը կենսունակ պահելու տեսակէտէ շատ կարեւոր էր։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդաբար անդրադարձաւ կրթական հաստատութիւններուն եւ յայտնեց, թէ նման գիրքերով պէտք է մեր ապագայ սերունդի մօտ արժէքներու մասին գիտակցութիւն ստեղծուէր։ Իր խօսքերուն մէջ ի միջի այլոց ըսաւ. «Այս գիրքը պատրաստուեցաւ ու գնահատանքի արժանացաւ։ Այսօր կը ներկայացուի հանրութեան եւ իր արձագանգը կ՚ունենայ։ Սակայն եթէ յաջորդիւ գիրքը պիտի մնայ մեր գրադարաններուն մէջ եւ գիրքէն գիտելիքներ պիտի չփոխանցուին մեր զաւակներուն, այն ատեն ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենայ այս աշխատութիւնը։ Յատկապէս Պատրիարքական կոչ կ՚ուղղեմ հայերէնի եւ կրօնքի ուսուցիչներուն, որպէսզի այս գիրքը որ դպրոցներուն եւս հասաւ, աշակերտներուն հետ բանան ու թերթատեն։ Թո՛ղ աշակերտները իմանան, թէ Պոլսոյ մէջ Պէշիկթաշի մէջ կը գտնուի եկեղեցի մը, որուն այցելելու համար նոյնիսկ արտասհմանէն բազմաթիւ անձեր կը խուժեն։ Ո՛չ միայն բանան գիրքը, այլ՝ խումբով այցելեն ու տեղւոյն վրայ տեսնեն այս տաճարը եւ անմոռանալի յուշերով զարգացնեն իրենց յիշողութիւնը։ Որովհետեւ այս ընթացքը, ո՛չ թէ անձական աշխատութիւն է, այլ՝ անհրաժեշտ գործունէութիւն մը, որ պիտի նպաստէ ազգային գիտակցութեան եւ յիշողութեան»։ 

Պատրիարք Հայրը իր թելադրութիւնները կատարելէ յետոյ, գնահատեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, որ կազմակերպած էր նման հանդիսութիւն մը։ Ապա, գնահատեց հեղինակը Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան, որ իր տքնաջան աշխատութեամբ համայնքային կեանքին նման գիրքերով կը նպաստէր։ Պատրիարք Հայրը, յիշեցուց նաեւ, թէ՝ Տէր Հայրը որպէս Պատրիարքական Փոխանորդ իր ծանր պաշտօնը ամենայն պատասխանատուութեամբ կը տանի եւ այս աշխատութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ իր գիտակից ծառայութիւնը։ Այս առումով Տէր Հօր անձին մէջ, Տիրամօր Երէցկնոջ եւ Հայր Յարութիւն Աբեղային իր օրհնութիւնը փոխանցեց եւ մաղթեց որ իրենց համայնքանուէր ծառայութիւնը առաւել եւս պտղաբերուի։

Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերու աւարտին յանուն Պէշիկթաշի Եկեղեցւոյ, Տէր Հօր յանձնեց յուշանուէր մը եւ կարողութիւն մաղթեց իր ծառայութեան մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın