İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան պատրաստութեան շրջանի՝ Յիսնակի այս օրերուն՝ 9 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի ճաշի յանձնախումբը հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։

Տիկիններ երկար աշխատելով զարդարեցին Պատրիարքարանի միջին յարկի մեծ տօնածառը, ինպէս նաեւ շքամուտքն ու հանդիսաւոր սանդուխները։

Աշխատանքի աւարտին, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը իջաւ միջին յարկ եւ բարի գալուստ մաղթեց սիրայօժար ծառայող տիկիններուն, որոնք եկած էին ամբողջ համայնքի տան՝ Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարելու եւ լուսաւորելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմապէս գնահատեց իւրաքանչիւրը եւ յիշեցուց, որ Պատրիարքարանի տօնածառի զարդարումը հին աւանդութիւն էր Պոլսոյ պարագային, սակայն նախորդ տարի համավարակի պատճառաւ զանց առնուած էր։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրերէն ի վեր կը կատարուէր այս աւանդութիւնը։ Կը մասնակցէին նաեւ Պատրիարքարանի պաշտօնեաները։ Այսօր, երբ դեռ չէ վերացած համավարակը, սակայն մասամբ ազատութիւններ սկսած են, այս սրբազան երդիքին տակ ալ անգամ մը եւս կը զարդարուի ու կը լուսաւորուի տօնածառը։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը այժմէն շնորհաւորեց բոլորի Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը եւ մաղթեց Աստուածային օրհնութիւններով լի, առողջ եւ ուրախ նոր տարի մը։

Մէկտեղումը իր աւարտին հասաւ տօնածառի շուրջ առնուած լուսակարով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın