Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջընդունեց Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Հրանտ Մոսկոֆեանի։
Անոնք եկած էին Եկեղեցւոյ զանազան ընթացիկ գործունէութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասինՆորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւն տալու եւ օրհնութիւնը խնդրելու։
Պատրիարք Հայրը լսելով տեղեկութիւնները, ուրախութիւնը յայտնեց, որ այժմ համայնքային կեանքէնօսրացած Գումգաբուի մէջ այցելուները կը շարունակեն գործել, վառ պահել Աթոռանիստ ՄայրՏաճարի կանթեղը, ինչպէս նաեւ գործօն պահել ուսման հնամենի օճախը՝ Պէզճեան ՄայրՎարժարանը։ Խորհրդակցութենէ եւ զանազան ցուցմունքներէ ետք, մեր Հոգեւոր Պետը այսդժուարին շրջաններուն համբերութիւն մաղթեց եւ քաջալերական խօսքերով կարողութիւն ույաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun