İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մուրատ Էօզչէլիքի։

Անոնք եկած էին Եկեղեցւոյ գործունէութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին մեր Հոգեւոր Պետին տեղեկութիւն տալու, Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան հրաւիրելու եւ օրհնութիւնը խնդրելու։

Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ, որ երբեմնի Կէտիկփաշան այսօր շատ բան կորսնցուցած է իր փառքի օրերէն, Յարութիւն Շանլըի մահը եւս ծանր կորուստ եղաւ թաղին համար, սակայն շնորհիւ մեր հաւատացեալ եւ եկեղեցասէր ժողովուրդի ջանքերուն, գողտրիկ թաղը դեռ կը մնայ պատնէշի վրայ։ Առանց թաղեցի ունենալու իսկ, լուռ կիրակիներու հաւատացեալներու ներկայութիւնը լաւագոյն փաստն է այս ոգիին։ Պատրիարք Հայրը լսելով փոխանցուած տեղեկութիւնները, ուրախութիւնը յայտնեց, որ Կէտիկփաշան կը մնայ կենսունակ եւ վառ կը պահուի Եկեղեցւոյ մշտավառ կանթեղը։ Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ նաեւ Յարութիւն Շանլըի համար կազմակերպուած յուշերեկոյին եւ հրատարակուած յուշամատեանին եւ ըսաւ, որ այս տարի եկեղեցւոյ տօնախմբութեան հետ կը համընկնի Կէտիկփաշայի այլ սպասաւորի մը՝ հոգելոյս Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի քառասունքը։ Ան նախ քան ձեռնադրութիւնը, երկար տարիներ անձնուիրաբար ծառայած էր Կէտիկփաշայի մէջ։ 26 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի առաւօտ, պիտի կատարուի Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը եւ աւարտի հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին քարոզիչ, հոգեւոր հովիւ եւ սատարողներու հետ պիտի յիշուի նաեւ Թաթուլ Ծ. Վրդ.ը։

Պատրիարք Հայրը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Թաղային Խորհուրդին, իր եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın