İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Թաղային ԽորհուրդիԱտենապետ Մուրատ Էօզչէլիքի։

Անոնք եկած էին Եկեղեցւոյ գործունէութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին մեր Հոգեւոր Պետինտեղեկութիւն տալու, Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան հրաւիրելու եւ օրհնութիւնը խնդրելու։

Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ, որ երբեմնի Կէտիկփաշան այսօր շատ բանկորսնցուցած է իր փառքի օրերէն, Յարութիւն Շանլըի մահը եւս ծանր կորուստ եղաւ թաղին համար, սակայն շնորհիւ մեր հաւատացեալ եւ եկեղեցասէր ժողովուրդի ջանքերուն, գողտրիկ թաղը դեռ կըմնայ պատնէշի վրայ։ Առանց թաղեցի ունենալու իսկ, լուռ կիրակիներու հաւատացեալներուներկայութիւնը լաւագոյն փաստն է այս ոգիին։ Պատրիարք Հայրը լսելով փոխանցուածտեղեկութիւնները, ուրախութիւնը յայտնեց, որ Կէտիկփաշան կը մնայ կենսունակ եւ վառ կը պահուիԵկեղեցւոյ մշտավառ կանթեղը։ Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ նաեւ Յարութիւն Շանլըի համարկազմակերպուած յուշերեկոյին եւ հրատարակուած յուշամատեանին եւ ըսաւ, որ այս տարիեկեղեցւոյ տօնախմբութեան հետ կը համընկնի Կէտիկփաշայի այլ սպասաւորի մը՝ հոգելոյս ԹաթուլԾ. Վրդ.ի քառասունքը։ Ան նախ քան ձեռնադրութիւնը, երկար տարիներ անձնուիրաբար ծառայածէր Կէտիկփաշայի մէջ։ 26 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի առաւօտ, պիտի կատարուի Եկեղեցւոյ անուանտօնախմբութիւնը եւ աւարտի հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին քարոզիչ, հոգեւոր հովիւ եւսատարողներու հետ պիտի յիշուի նաեւ Թաթուլ Ծ. Վրդ.ը։

Պատրիարք Հայրը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Թաղային Խորհուրդին, իր եկեղեցանուէրգործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın