ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ / Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս շաբաթավերջին նշեց իր ազգային-եկեղեցական տօներու կարեւորագոյններէն մին, որ ընծայուած է մեր Առաջին Լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներուն։ Տակաւին մանկական հասակէն լսուած անուններ են անոնք, որոնց առաքելական քարոզչութեամբ եւ վարդագոյն արեամբ, Հայերս, հեթանոսութեան խաւարէն առաջնորդուեր ենք Քրիստոնէական լոյս հաւատքին։
Իւրաքանչիւր հաստատութիւն իր հիմնադրութեան հետ առընչուած դէմքերն ու դէպքերը մեծ շուքով կը նշէ, նախ՝ վերյիշելու հաստատութեան նախնական քայլերն ու սկզբունքները եւ ապա՝ պատմական ճանապարհորդութեան ազդիչ զօրութեամբ վերանորոգուելու համար։ Քրիստոսի Մարմինը հանդիսացող Սուրբ Եկեղեցին եւս անմասն չէ մնացած այս իրողութենէն եւ Աստուածային օրհնութենէն նշոյլ մը ստանալու, Աստուածային շունչէն ներշնչանք մը ստանալու առաջնահերթութեամբ զանազան առիթներով հոգեւոր ճանապարհորդութիւն կատարած է դէպի Քրիստոսաօծ իր հիմքերը։ Իսկ մեր իրականութեան մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս, նման ճանապարհորդութեան ընթացքին նաեւ կը դիմենք Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներուն՝ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի բարեխօսութեան, որոնք եկած էին մեր ժողովուրդին մէջ, հաւատարիմ մնալով «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթ. 28.19-20) Փրկչական հրահանգին։
Քանի տարիներ, այս տօնակատարութեան առիթով մասնակցած եմ երբեմնի հայահոծ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագներուն։ Երանաշնորհ Մատթէոս Բ. Չուխաճեան Պատրիարքի ձեռամբ 1846ին հիմնարկէքը կատարուած եկեղեցին, պատրիարքական տնօրինութեամբ ընծայուած է Առաջին Լուսաւորիչներուն եւ այս իմաստուն ու հաւատախառն որոշումով Պոլսոյ իրականութեան մէջ յատուկ ձեւով շեշտադրած՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ժողովուրդին առաքելականութիւնը։ Հետեւաբար, այս եկեղեցին թէ՛ որպէս աղօթքի տուն կը ծառայէ հաւատացելոց եւ թէ՛ որպէս վկայարան կը յիշեցնէ Հայ եկեղեցւոյ օրհնեալ հիմքերուն մէջ գտնուող ուղղափառ վարդապետութիւնն ու առաքելական քարոզչութիւնը։
Ուստի, մեր նախնեաց թողած այս հոգեւոր յուշարձանը ամէն տարի կը հրաւիրէր բոլորս հարց տալու, թէ՝ որպէս ժողովուրդ որքանո՞վ կ՚աշակերտինք ու կը հետեւինք Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի ի գին իրենց արեան քարոզած Քրիստոսին եւ սուրբ հաւատքին։ Անո՜նք էին որ մեր նախնեաց սորուեցուցած էին այն բոլոր բաները որ Քրիստոսէն անձնապէս սորուած էին։ Անո՜նք էին որ հիմքը դրած էին Հայ Եկեղեցիին, այն եկեղեցիին որ սիրելով Քրիստոսը, նոյնիսկ իր եղունքներով ժայռեր փորելով կերտած է աղօթատեղիներ, պարզապէս շարունակականութիւնը ապահովելու համար Տիրոջ Առաքեալներուն ուսուցումներուն։ Հետեւաբար, Պոլսական աւանդութեամբ Ենիգաբուի Եկեղեցիին մէջ գտնուիլը կամայ եւ ակամայ հաւատացեալներուն, առնուազն քանի մը ժամեր մտածել կուտայ օրուան նշանակութեան մասին, ուխտի եւ ուխտագնացութեան գաղափարի ընդմէջէն։ Որքա՜ն խորհրդաւոր է, այս տօնի առիթով մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին միանալ սարկաւագի քարոզին եւ ըսել. «Առաջնորդացն մերոց եւ առաջին լուսաւորչացն սրբոց, Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի Առաքելոցն… հովուաց եւ հովուապետացն Հայաստանեայց. եղիցի յիշատակ ի Սուրբ Պատարագս, աղաչեմք»:
Մատուցուած իւրաքանչիւր հաւատալի աղօթք, վստահաբար կարող է երկինքը շարժելու եւ առաքելոց ոգեւորութիւնը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս հրաւիրելու։ Հաւատքով ուղղուելու պահուն սակայն, իրապաշտ պէտք է ըլլանք եւ յուզումնախառն հայեացքով տեսնենք, թէ՝ ներկայիս նախնական ժամանակներու նման որպէս ժողովուրդ չենք մերձենար առաքելոց ու չենք հպիր իրենք խորհուրդներուն։ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տքնաջան ճամբորդութիւնը Ս. Երուսաղէմէն դէպի Հայ Ժողովուրդը, առաքելոց դէմ յանդիման մնացած տաժանելի չարչարանքի պահերը, ժողովուրդի սիրոյն իրենց թափած արցունքները անիմաստ են լուսաւորչաց հարազատ զաւակներուս՝ Հայերուս մօտ։ Ներկայիս յատկապէս, աչքերը փորձութեան կ՚ուղղեն ցոյց տալով այս տեսարանը եւ բոլորս կը հրաւիրեն անտարբերութեան հոսանքին հետեւելու։ Սակայն միւս կողմէ հաւատքով խառն անձնական փորձառութիւնը, եկեղեցական մթնոլորտին մէջ կը գերիշխէ մեր մարմնին եւ գոնէ մեզ կը պահէ մեր ուխտին մէջ ի Թադէոս եւ ի Բարթողիմէոս։
Յատկապէս համավարակի շրջանի եւս լուրջ ազդեցութեամբ, առաւել եւս զգալի կը դառնայ այս իրողութիւնը, հակառակ անոր որ եկեղեցին տակաւին իր բոլոր միջոցներով կը ջանայ վառ պահել Առաքելոց Ջահը ժողովուրդին մէջ։ Սակայն փառք այն ուխտին, որ եղբայրներու համախմբումով եւ աղօթքի ճամբով կը շնորհէ ամրապնդման կարողութիւնը եւ մեզի խորհրդաբար կը յիշեցնէ Աւետարանի հետեւեալ խոստումը, զոր մեր լուսաւորիչներուն եւս տրուեցաւ Յիսուսի բերնով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը։ Ամէն»։ (Մատթ. 28.20)։ Ահա, այս հանդիսաւոր տօները բոլոր յուսաբեկիչ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ, գոնէ անձնական խանդավառութիւն մը կը շնորհեն մեզի, որուն մէջ կը խառնուի յոյսը։
8 Դեկտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի
İlk yorum yapan siz olun