Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըքի հետաքրքրութեամբ եւ ներդրումով, Ամանորի մերձաւոր այս օրերուն Մայր Քաղաքապետութիւնը կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակեց։ Պատրիարքական Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը, որ համավարակի առաջին իսկ մէկ օրէն կամաւոր սպասաւորներով իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ, իր ենթայանձնախումբերէն՝ Պարենի Յանձնախումբի անդամներու աշխատութեամբ, քաղաքապետութեան օժանդակութեան տոմսերը 4 Դեկտեմբեր 2021էն սկսեալ կարիքաւոր ընտանիքներուն հասցնել սկսած է։
Ինչպէս ծանօթ է, Եաւուզ Սալթըք, 10 Մարտ 2021ին Պատրիարքարան այցելելով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ տեսակցած եւ Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի մասին տեղեկութիւններ ստացած էր։ Ստացուած տեղեկութեանց լոյսին տակ, իր գոհունակութիւնը յայտնած էր եւ յաջորդաբար օժանդակութեան տոմսեր ի սպաս դնելով յանձնախումբի գործածութեան։
19 Հոկտեմբեր 2021ին յանձնախումբի վարիչները Սալթըքին փոխադարձ այցելութիւն տալով, աշխատութեանց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած էին։ Հանդիպման ընթացքին, Սալթըք, կարիքաւոր ընտանիքներու նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան, ծառայութեան պարտաճանաչութեան եւ կարգապահութեան փոխարէն իր ուրախութիւնը յայտնելով, ըսած էր, թէ՝ նման օժանդակութիւններ յաջորդիւ եւս պիտի շարունակուէին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun