Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Դեկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ուսուցչաց Հիմնարկի Ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու Բ. Ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեանը։
Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ Նորին Ամենապատուութեան նուիրել ուզած էին յայտնի լեզուաբան Յակոբ Մարթաեան – Տիլաչարի «Աթաթիւրքէն Յիշատակներ» գիրքէն օրինակ մը, զոր լոյս տեսած էր Ուսուցչաց Հիմնարկի ջանքերով։ Գիրքը թէ՚ հայերէն եւ թէ՛ թրքերէն տարբերակներով անջատաբար լոյս տեսած էր։
Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրուած գիրքին համար եւ յայտնեց, թէ սոյն հրատարակութիւնը առիթ դառնայ որ վերյիշուի լեզուաբան Յակոբ Մարթաեանի անուրանալի վաստակը, յատկապէս հանրապետական շրջանին։ Հուսկ, մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Ուսուցչաց Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր անդամներուն իրենց մշակութանուէր ծառայութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun