İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

100 տարի յետոյ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՏԻՅԱՐՊԱՊԱՔԸՐԻ Ս. ՅՈՎՍԷՓ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՄԱՐՄԱՐԱ.-  Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, շաբաթավերջին ուխտաւոր հաւատացեալներու մեծ խումբի մը ընկերակցութեամբ գնաց Մարտին եւ Տիյարպաքըր։ Երէկ Տիյարպաքըրի Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ 100 տարի յետոյ հնչեցին զանգակները եւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Զէքիեան Գերապայծառի կողմէ։ Զէքիեան Արքեպիսկոպոս 5 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ օծումը կատարելէ ետք, նոյն խորանին վրայ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց, մասնակցութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու։ Ս. Պատարագին սպասաւորեցին Ոսկեբերան եկեղեցւոյ դպիրները, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան Դպրաց Դասը։

Ս. Յովսէփ եկեղեցին կը գտնուի Տիյարպաքըրի Սուր թաղամասին մէջ։ 2015ին երբ ռազմական բախումներ տեղի կþունենային ՓՔՔական ուժերուն դէմ, այլ կառոյցներու կարգին, Ս. Յովսէփ եկեղեցին ալ մեծ վնասներ կրեց։  Եկեղեցին կառուցուած է 17րդ դարու վերջաւորութեան եւ երկար ժամանակէ ի վեր անտերունչ վիճակի մէջ էր։ Եկեղեցին վերականգնուած է պետական միջոցներով եւ տասը տարուայ համար պիտի յատկացուի Տիճլէ համալսարանին՝ որպէս մշակութային ու արուեստի կեդրոն։ Միակ պայմանն այն է որ արտօնութիւն տրուի Ս. Պատարագ մատուցելու համար։

2015ի դէպքերու օրերուն եկեղեցւոյ հիմերուն տակ խրամատներ եւ փապուղիներ փորուած էին, եկեղեցին աւերածութիւններու ենթարկուած էր, բայց Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը ձեռք առաւ վերանորոգութեան գործը եւ յաջողութեամբ աւարտին հասցուց զայն, պահելով պատմական դիմագծութիւնը։ 

Երէկուայ Ս. Պատարագի ընթացքին Լեւոն Արք. Զէքիեան իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն եւ ըսաւ որ եկեղեցին այս նոր դիմագծութեամբ հիացում կը պատճառէ։ եԿառոյցը տասը տարուայ համար Տիճլէ համալսարանին տրամադրուած է այն պայմանով, որ ճարտարապետական առանձնայատկութիւնները չկորսուին, ծէսերու համար արտօնութիւններ տրուին կաթոլիկ համայնքին։ Այս թանկարժէք պատմական յուշարձանը կեանքի շարունակականութեան երաշխիքն է եւ զայն պէտք է ապրեցնել ներկայ ու ապագայ սերունդներու գիտակցութեան մէջ։ Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց որոնք իրենց ներդրումը ունեցան,, շեշտեց Լեւոն Արք. Գերապայծառը, ըսելով որ ծրագրած են ամէն տարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցանել եւ հաւատքի լոյսը անկապաս պահել այս պատմական սրբավայրէն։

https://www.normarmara.com/arsiv2021-2/061221lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın