Հրեայ համայնքի կարեւոր տօնակատարութիւններէն է «Խանուկա»ն, որ այս տարի տօնախմբուած է 28 Նոյեմբեր – 6 Դեկտեմբեր թուականներու միջեւ։ Այս տօնակատարութեան կապակցութեամբ 5 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Հրէից Խախամապետարանի կազմակերպութեամբ Պալաթու Օր – Ախայիմ Հրէից Հիւանդանոցի կից, Այվանսարայ Ճէմիլ Մէրիչ Ճեմապարտէզին մէջ կատարուեցաւ բացօթեայ աշխարհիկ եւ հոգեւոր հանդէս մը նախագահութեամբ Խախամապետ Րավ Իզաք Հալէվայի։
Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարի Օգնական Ահմետ Միսպահ Տէմիրճի, ԱՔ Փարթի Կուսակցութենէն Թօքաթի Երեսփոխան՝ Էօզլէմ Զէնկին, Պէյօղլուի Քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզ, Ֆաթիհի Քաղաքապետական Խորհուրդի ԱՔ Փարթի Կուսակցութեան անդամուհիներէն՝ Պիւշրա Ունճու Էօզթէն, Սպանիոյ Աւագ Հիւպատոս՝ Ալվարօ Տի Լա Րիվա Կուզման։
Այս արարողութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայ գտնուեցաւ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, որ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Խախամապետին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun