«Անատոլու» գործակալութիւնը շաբաթավերջին ուշագրաւ թողարկում մը կատարեց՝ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ նախատեսուած բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։ Այսպէս, պետական գործակալութիւնը փորձեց բռնել թրքահայ համայնքի զարկերակը այս նիւթին վերաբերեալ։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ապագայ հաւանական բարելաւման կապակցութեամբ գործակալութեան կողմէ շօշափուեցաւ համայնքային շրջանակներու տրամադրութիւնը։ Անոնք, բնականաբար, այդ հեռանկարը ողջունելի համարած են։ Այս նիւթին կապակցութեամբ «Անատոլու» գործակալութիւնը զրուցած է մեր համայնքէն երկու յայտնի բարերարներու՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, ինչպէս նաեւ յայտնի շինարարութեան ճարտարագէտ Նազար Պինաթլըի հետ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ տարածաշրջանէ ներս նոր հաւասարակշռութիւններ ձեւաւորուած են, ինչ որ, միեւնոյն ժամանակ, ճանապարհ կը հարթէ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու համագործակցութեան առջեւ։ «Թուրքիոյ հայերը շատ յուսադրուած են բնականոնացման համար։ Մենք կը սպասենք երկու հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման ու երկու ժողովուրդներու եղբայրութեան ամրապնդման։ Առաջ Աստուած, այժմու դրական ընթացքը կը շարունակուի շօշափելի քայլերով ու պատերազմի վէրքերը ժամ առաջ կը սպիանան։ Ըլլալով տարածաշրջանի յառաջատար երկիրը՝ Թուրքիա այս գործընթացը բաղձալի կէտին կրնայ հասցնել։ Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացը նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու երկիրներու շահերուն տեսակէտէ», նշած է Պետրոս Շիրինօղլու, որու խօսքով՝ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ապրանքներու Հայաստանէ ներս վաճառքէն օգուտ կը քաղեն միայն ու միայն միջնորդները։ Շիրինօղլու յիշեցուցած է, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ այն հայերուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի ժողովուրդին տեսակէտէ։ «Թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ դժուարութիւն մը չկայ, նեղութիւնը պետութիւններու միջեւ է», նշած է Շիրինօղլու եւ յոյս յայտնած՝ թէ երկու ղեկավարութիւնները կը յաջողին լուծել առկայ խնդիրները։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ դիտել տուած է, որ Թուրքիա պէտք է ձեռքը երկարէ Հայաստանին ու պէտք է հայրաբար վարուի։ Անցեալի դէպքերը պէտք է լուսաբանուին ո՛չ թէ քաղաքական գործիչներու, այլ պատմաբաններու կողմէ։ «Երեսուն տարի առաջ Ատրպէյճանի տարածքներու անարդարօրէն բռնագրաւումը Թուրքիա-Հայաստան լարուածութեան ամենակարեւոր պատճառներէն մին էր։ Հայաստան սեղանի շուրջ, համաձայնութիւնով պէտք է վերադարձնէր իր բռնագրաւած տարածքները։ Եթէ Հայաստանի մէջ ըլլար այդ քայլը առնելիք հզօր ղեկավար մը, ապա այս բոլորը չէին ապրուեր եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններն ալ շատ տարբեր կրնային ըլլալ։ Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի դէմ գործուած անարդարութիւն մը կար։ Թուրքիան ալ արդարօրէն դիրք գրաւեց Ատրպէյճանի կողքին։ Հետեւաբար, երեսուն տարի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մերձեցում մը ապահովել կարելի չեղաւ։ Թուրքիոյ զօրակցութեամբ՝ Ատրպէյճան անարդարօրէն բռնագրաւուած տարածքները ետ առաւ պատերազմով։ Երանի այսպէս չըլլար։ Երկու կողմն ալ պատերազմին զոհ չի տար իր երիտասարդները։ Երանի այս խնդիրը սեղանի գլուխ լուծուէր։ Ներկայ փուլին անընդունելի է երկու պետութեան միջեւ այլեւս համաձայնութիւն չգոյանալը», ըսած է Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ աւելցուցած՝ որ Թուրքիա 85 միլիոն բնակչութեամբ երկիր մըն է, իսկ Հայաստան՝ 3 միլիոն։ Թուրքիոյ տեսակէտէ Հայաստան երբեք վտանգ մը չի կրնար ներկայացնել։ Հայաստանի խնդիրը Թուրքիոյ տեսակէտէ փութով լուծման կը կարօտի։ Եթէ Թուրքիա այս խնդիրը լուծէ, ապա աշխարհի հետ իր յարաբերութիւնները կը վերաձեւաւորուին։ Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւնը Հայաստանի տեսակէտէ մեծ երաշխիք մը կ՚ըլլայ։ «Մէկ կողմէ Հայաստան տնտեսապէս կը զարգանայ, իսկ միւս կողմէ Թուրքիան ալ ամբողջ աշխարհին ցոյց կու տայ իր բարեացակամութիւնը», ըսած է Կիւլմէզկիլ։
Նազար Պինաթլըն ալ նշած է, որ յարաբերութիւններու բնականոնացումը երկու ժողովուրդներու տեսակէտէ պատմական նշանակութիւն պիտի ունենայ։ Անցեալ երեսուն տարիներու լարուածութիւնը որեւէ օգուտ չէ բերած երկու երկիրներուն։ Յարաբերութիւններու հաստատումը մեծ նպաստներ կրնայ ապահովել երկու ժողովուրդներուն համար։ «Վերջին իրադարձութիւններն ալ ցոյց տուած են, որ այլեւս այս թշնամութիւնը պէտք է վերջանայ», ըսած է Նազար Պինաթլը, որու դիտարկումով Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը գոհունակութեամբ կ՚ընկալէ բնականոնացման ազդանշանները։ «Ես քաղաքականութենէ շատ չեմ հասկնար, սակայն, համոզուած եմ, թէ այս բնականոնացման գործընթացը թէ՛ տնտեսական եւ թէ քաղաքական առումով նպաստաւոր պիտի ըլլայ։ Այս նիւթին շուրջ ծայր աստիճան լաւատես կը մտածենք։ Կարելի է դիտարկել, որ Հայաստանի ժողովուրդն ալ լաւատես է», եզրակացուցած է Նազար Պինաթլը, որ երկար տարիներէ ի վեր մասնագիտական գործունէութիւն ալ կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F6-12-2021-ողջունելի-հեռանկար
İlk yorum yapan siz olun