İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հանգուցեալ ընդհանուր տնօրէն, հայ մամլոյ անմոռանալի ու երախտաշատ սպասաւոր լուսահոգի Արայ Գօչունեան երէկ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ այս առթիւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Գօչունեան գերդաստանի նախորդ սերունդները 1800-ականներու երկրորդ կէսին Կիւրիւնէն, Սեբաստիա, Պոլիս գալով թէեւ հաստատուած էին, ըստ էութեան, Գումգաբուի եւ Կէտիկփաշայի շրջանին, սակայն, հանգուցեալ Արայ Գօչունեան ամուսնանալէ վերջ երկար տասնամեակներ եղած էր Գատըգիւղի բնակիչ։ Լուսահոգի Լիլի (Աստղիկ-Արշալոյս) Սեպուհեանի հետ ամուսնանալէ վերջ ան տեղափոխուած էր քաղաքիս Ասիական ափը՝ փեսայ երթալով կողակցի ընտանեկան բնակարանը։ Ուստի, Գատըգիւղը իր ոգեկոչման բնական կէտերէն մին էր, մանաւանդ, որ Արայ եւ Լիլի Գօչունեաններու վերջին տաներէցն ալ եղած էր Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին, Արայ Գօչունեանի առընթեր, ոգեկոչուեցան նաեւ իր կողակիցը՝ Լիլի Գօչ, ինչպէս նաեւ Մկրտիչ եւ Նեվրիկ Սեպուհեանները, որոնք նոյնպէս հայկական Գատըգիւղի պատմութեան մաս կազմած խորհրդանշական դէմքերու շարքին կը դասուին։ Արդարեւ, Մկրտիչ Սեպուհեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նախկին երաժշտապետներէն էր եւ կրթական մշակ, իսկ Նեվրիկ Սեպուհեան եղած էր թաղի աղքատախնամի եւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի օժանդակ մարմնի իր շրջանի սիւներէն,  նաեւ հրապարակագիր։

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան երէկուան հոգեհանգստեան կարգին ժամանակ առ Աստուած աղօթք բարձրացուց անոնց յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/6-12-2021-հոգեհանգիստ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın