İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Դեկտեմբեր 2021, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի եւ Ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի։

Անոնք եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան սեմին օրհնութիւնը խնդրեցին Պատրիարք Հօր եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու կրօնական արարողութեան, որ պիտի կայանայ 12 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։  Անոնք Պատրիարք Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարանի հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։ Բաց աստի յայտնեցին, թէ՝ համավարակի պատճառաւ արարողութեան աւարտին տեղի պիտի չունենար սիրոյ սեղան։ 

Պատրիարք Հայրը լսելով փոխանցուած տեղեկութիւնները, իր խորհուրդները տուաւ այցելուներուն եւ մաղթեց որ իրենց սիրայօժար ծառայութիւնը իր դրական արդիւնքները կ՚ունենայ Թօփգաբուէ ներս։ Բաց աստի Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատութեամբ յիշատակեց եկեղեցւոյ երբեմնի հոգեւոր հովիւ Լուսահոգի Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանը եւ իր պարտաճանաչութիւնը։  Առ այդ մատաղօրհնութեան սեմին յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın