Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Դեկտեմբեր 2021, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, եւ Խորհուրդի Ատենապետ Հապիպ Էօզֆըրընճըի։
Անոնք եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան սեմին օրհնութիւնը խնդրեցին Պատրիարք Հօր եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու կրօնական արարողութեան, որ պիտի կայանայ 19 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ։ Զրոյցի ընթացքին յատուկ ձեւով շեշտեցին մասնաւորապէս վերջին շրջաններուն յառաջ եկած նիւթական նեղութիւնները եւ այս ուղղութեամբ վարչութեան դիմագրաւած հարցերը։ Բաց աստի յայտնուեցաւ, երիտասարդներուն անհրաժեշտութիւնը եկեղեցական եւ վարչային կեանքէ ներս։
Պատրիարք Հայրը լսելով փոխանցուած տեղեկութիւնները, ինք եւս հաստատեց, թէ՝ համավարակի շրջանին նիւթական նեղութիւնները շատցած էին եւ այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատութիւններու եւ միջոցներու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը եւս անդրադարձաւ երիտասարդներու կարեւորութեան եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ այս ուղղութեամբ, ընդգծելով թէ՝ Եշիլգիւղի մեր հայաշատ թաղերէն մին է։ Պատրիարք Հայրը այս դժուարին շրջաններուն համբերութիւն մաղթեց հիւրերուն եւ քաջալերական խօսքերով յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun