İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս.ԹԱԴԷՈՍ – Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի, Ենիգաբուի Ս.Թադէոս – Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի եւ Մուրատ Քարամանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Քորոնա Համավարակի պատճառաւ տօնախմբութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Տ. Ներսէս Քահանան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երչախումբի կողմէ կատարուեցան, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։ Արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներու վարքերուն եւ յայտնեց, թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը իրենցմէ կուգայ։ Այս առումով Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ՝ իւրաքանչիւր Հայ անգիր պէտք է գիտնայ իրենց անունները եւ նշանակութիւնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը յաջորդաբար յիշեցուց, թէ՝ սուրբերը ընդհանրապէս դժուար կեանք ունեցած են։ Երբեմն իրենց կեանքը տուած են հալածանքներէ եւ չարչարանքներէ յետոյ։ Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ՝ մարգարէներ եւս նոյն ձեւով հալածուած են մարկդութենէ։ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու հալածանքը միեւնոյն ժամանակ կը գտնուին եւ մեր մարդկային միտքով հասկնալ ալ շատ դիւրին չէ։ Իսկ, օրուան Ս. Աւետարանը եւս կը խօսէր մարդոց մտածելակերպին եւ Աստուծոյ մանկավարժութեան մասին։ 

Աւետարանական հատուածին մէջ, ժողովուրդը կը խօսէր անբախտ մահ ունեցած այլոց մասին, սակայն Յիսուս օրինակներուն մասին խօսելով կը յիշեցնէր որ անոնք եւս մեղաւոր էին նոյնիսկ մեռեալներու չափ։ Յիսուս իրեն մօտեցած ժողովուրդը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր այս օրինակին ընդմէջէն։ Պատրիարք Հայրը, այս շրջագիծով շարունակեց եւ ըսաւ. «Այսօր աշխարհի վրայ կան բազմապիսի դժբախտութիւններ եւ կը տեսնենք մեռեալներ։ Իսկ Յիսուս կը հրաւիրէ այս դժբախտութեանց մէջ տեսնել մեր մեղաւոր ըլլալու իրողութիւնը եւ ապաշխարութեան անհրաժեշտութիւնը։ Մարդ արարածը ի ծնէ Աստուծոյ դէմ է եւ ապաշխարութեան ճամբով պէտք է բարեկամութիւն մշակէ Աստուծոյ հետ, նկատի ունենալով որ Աստուծմէ զատ ուրիշ ապաւէն չունի մարդ արարածը։ Աստուծոյ Խօսքը արդէն կը պատմէ, թէ՝ սուրբերուն հալածանքներու եւ չարչարանքներու ենթարկուիլը բնական էին»։ 

Իր խօսքերու աւարտին շեշտեց, թէ՝ Աստուած մեզի հետ պիտի ըլլայ, նոյնիսկ մենք չզգանք։ Յատկապէս ներկայ դարուն երբ կը վախնանք, կը մտահոգուինք, համավարակը նիւթական եւ առողջապահական խնդիրներով անհանգիստ կ՚ընէ մեզ, առաւել եւս պէտք է մօտենանք Աստուծոյ փրկարար հովանիին եւ բարեկամութիւն մշակենք Իր հետ։ 

Պատրիարք Հայրը, տօնակատարութեան առիթով գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, սարկաւագներն ու դպիրները եւ վարիչները, որոնք եկեղեցւոյ պայծառութեան համար իրենց ներդրումը կը բերեն Ենիգաբուի մէջ։ Բաց աստի, գնահատեց նաեւ Սահակեան Դպրաց Դասու անդամները, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ կը կատարեն Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը, բարձր պատնեշի վրայ պահելով Պոլսական մեր աւանդութիւնները։

Քարոզէն յետոյ, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն, որով հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները, բարերարները, հիմնադիրները եւ ժողովուրդը։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Մեր Հոգեւոր Պետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın