Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, 4 Դեկտեմբեր 2021, ժամը 16.00-ին, Գումգաբուի Պէզճեան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Լուսահոգի Յարութիւն Շանլըին ձօնուած «Harutyun Şanlı» գիրքին շնորհանդէսը։ Կէտիկփաշայի Թաղային Խորհուրդը, համավարակի շրջանին վախճանած իր ատենապետի բազմաբեղուն կեանքն ու գործունէութիւնը յիշատակելով, ձեռնարկած էր նման գիրքի մը պատրաստութեան եւ սոյն շնորհանդէսը առիթ կը դառնար որ գիրքը ներկայանար հանրութեան։
Հանդիսութիւնը հովանաւորեց եւ նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որուն կողքին ներկայ էին նաեւ Հրատարակչական Յանձնախումբի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Կէտիկփաշայի Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Լուսահոգի Յարութիւն Շալըի կողակիցը՝ Էօժէն Շանլը եւ զաւակները՝ Վրէժն ու Գարինը, ինչպէս նաեւ ազգականները, Մուրատ Էօզչէլիքի ատենապետած Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գիրքի պատրաստութեան իրենց ներդրումը բերած կամաւորներ եւ մերազն ժողովուրդի անդամներ։ Նկատի ունենալով համավարակի պայմանները, սահմանափակ մասնակութեամբ իրականացաւ հանդիսութիւնը։
Մեր Հոգեւոր Պետը, հոգեւորականաց եւ վարչայիններու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի սրահ եւ հանդիսութիւնը սկսաւ Նորին Ամենապապուութեան արտասանած Տէրունական Աղօթքով։ Յաջորդաբար հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցաւ Յարութիւն Շանլըն, որմէ յետոյ հանդիսութիւնը սկսաւ գործադրուիլ։ Խօսնակի պարտականութիւնը ստանձնած էր Սէրտա Ասլան, որ նաեւ գրքի պատրաստութեան սեմին իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ատենապետ Մուրատ Էօզչէլիքը եւ յանուն վարչութեան ողջունեց ներկաները։ Իր խօսքին մէջ որդիական ակնածանօք շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, Կէտիկփաշայի Եկեղեցւոյ ծրագրին իր բերած օրհնութեան համար։ Բաց աստի շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր անոնց որոնք գրքի պատրաստութեան սեմին իրենց աջակցութիւնը բերած էին աշխատութեան։
Յաջորդաբար իր ելոյթը ունեցաւ գրքի հեղինակ Սէրլի Նշանեանը եւ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին, հանգուցեալի բարեկամներուն եւ գրքի կամաւորներուն, որոնք իրենց գրի առած յիշատակներով ու արտայայտութիւններով առիթ ընծայած էին որ սոյն գիրքը առաւել եւս խօսուն վկայութիւն դառնար հանգուցեալի մասին։ Ընթերցողներ գրքին մէջ թէ՛ պիտի ընթերցէին հանգուցեալի մասին եւ թէ՛ նկարներու ճամբով պիտի թարմացնէին իրենց յիշատակները։ Առ այդ յայտնեց, նաեւ թէ՝ Բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի տողերէն ուղղուելով, գրի առնել սկսած էր հանգուցեալի մասին։ Բաց աստի, աշխատութեան պատրաստութեան ընթացքը, կը պարունակէր յուզումնախառն պահեր, նկատի ունենալով հանգուցեալի մահը։ Իր խօսքերու աւարտին, մաղթեց որ ընթերցողներ գրքի ճամբով յիշատակեն հանգուցեալը։
Սէրտա Ասլան, բացման ելոյթներէն յետոյ յիշեցուց, թէ՝ հանդիսութենէ երկու օրեր առաջ պիտի նշուէր հանգուցեալի տարեդարձը, եթէ ան ի Տէր ննջած չըլլար։ Հետեւաբար, գիրքի շնորհանդէսը եւ գիրքը, որպէս յիշատակելի նուէր կը մատուցուէր հանգուցեալի ընտանիքին եւ բոլոր հարազատներուն։ Այս յիշեցումէ յետոյ, գործադրուեցաւ երաժշտական կարճ յայտագիր մը։ Այնուհետեւ՝ Մարալ Չաղլըչուպուքճու երգեց Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջ» երգը, որմէ յետոյ՝ Թաթիանա Պոսթան, Սեւան Ակօշեանի բերած երգեհոնի ընկերակցութեամբ երգեց «Տուն իմ հայրենի» երգը։
Երաժշտական յայտագրէն յետոյ բարձրախօսը յանձնուեցաւ Տ. Զաւէն Քահանային, որ անցեալին երկար տարիներ Կէտիկփաշայի Եկեղեցւոյ մէջ ստանձնած էր հոգեւոր հովուութեան պաշտօն։ Տէր Հայրը յայտնեց, թէ՝ յուզումնախառն զգացումներով կը դիմէ ներկայ հասարակութեան, սակայն միւս կողմէ ուրախ էր, որ նման աշխատութեամբ մը պիտի անմահանար հանգուցեալ Յարութիւնի անունը։ Յետ ձեռնադրութեան Մեսրոպ Պատրիարքը զինք նշանակած էր Կէտիկփաշայի Եկեղեցին եւ առաջին զրոյցներուն ընթացքին Տէր Հայրը ականատեսը եղած էր եկեղեցւոյ ընտանիքին սիրալիր վերաբերմունքին եւ տարիներ շարունակ այս բոլորին մէջ իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէր հանգուցեալը։ Հաւատարմութեան եւ վստահութեան վրայ հիմնաւորուած յարաբերութեան մէջ հանգուցեալի նշանաւոր խօսքն էր. «Հարց չկայ. Կը կարգաւորենք»։
Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ յայտնեց, թէ՝ հանգուցեալի յիշատակը պանծացնելու համար գրի առնուած էր սոյն գիրքը։ Սակայն Պատրիարք Հայրը յայտնեց նաեւ, թէ՝ այս գիրքը գրի առնուած էր նաեւ բոլորիս համար։ Նկատի ունենալով որ համայնքային կեանքէ ներս մեծագոյն խնդիրներէն մին էր, սպասարկելու պատրաստ հոգիներ գտնելը։ Իր ժողովուրդին հարցերուն հետ յուզուող, անոնց լուծման համար ջանք վատնող եւ աշխատող, նոյնիսկ իր ընտանեկան կեանքէն զիչող անհատներու կարիքը ունէր այս համայնքը։ Բաց աստի նման անձերուն իրենց կեանքի օրերուն նոյնիսկ պէտք է զգացնել, թէ՝ անոնք արժէքաւոր են եւ իրենց յիշատակը մնայուն ներկայութիւն պէտք է դառնայ։ Թէ՛ կեանքի օրերուն եւ թէ՛ հանգուցեալ դառնալէ յետոյ արժէքաւոր են նման ծառայասէր անձինք։ Հետեւաբար, Յարութիւնը լաւ օրինակ մըն էր ծառայասիրութեան ոգիին եւ ընթերցողներ վստահաբար պիտի ներշնչուէին իրմով։
Պատրիարք Հայրը յիշեցուց նաեւ, թէ՝ երբ գիրքի ծրագիրը ծնունդ առաւ, շատեր ուզեցին բաներ մը գրել եւ իրենց յիշատակներուն ընդմէջէն ներկայացնել Յարութիւնը։ Հետեւաբար այս աշխատութիւնը առիթ պիտի դառնար, որ ան գտնուէր նաեւ իր հարազատներուն գրադարաններուն մէջ եւ իր յիշատակով ապրէր անոնց մօտ։ Դժբախտաբար իր վախճանումը զուգադիպած էր համավարակի շրջանին, սակայն այս հանդիսութիւնը առիթ եղաւ որ ծափահարութիւններով յիշատակուի հանրութեան առջեւ։ Իր խօսքերու աւարտին, մաղթեց որ ծառայասէր նման անձեր շատնան համայնքային կեանքէ ներս։
Հանդիսութեան աւարտին, հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին ներկաներ առիթն ունեցան առաջին անգամ մօտէն տեսնելու Յարութիւն Շանլըի ձօնուած իմաստալից գիրքը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun