ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը այսօր կ՚ոգեկոչէ հոգելոյս Արայ Գօչունեանը՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։
Եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը համարուի հայ մամլոյ նահապետ, ապա անոր պատմական ճանապարհորդութեան ամբողջին մէջ անուրանալի է լուսահոգի Արայ Գօչունեանի առանցքային դերակատարութիւնը, վիթխարի վաստակը եւ անփոխարինելի ներդրումը։ Ան եղած է այս թերթի պատմութեան տիրական հիմնական դէմքերէն մին, որ ամբողջ կեանք մը նուիրաբերած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութեան ու յարատեւութեան համար, առանց չափազանցութեան։ 65 տարուայ անխափան գործունէութիւնով ան եղած է ախոյեան մը՝ հայ մամուլին բերուած սպասաւորութեան, հայ գիրին մատուցուած ծառայութեան տեսակէտէ։ Իրմով մարմնաւորուած կերպարը այժմ խորապէս կը ներշնչէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մերօրեայ սերունդները, որոնք ծանր ու տագնապալի կացութեան առջեւ յամառ պայքար կը մղեն, յանձնառութեամբ հանդէս կու գան այս թերթի յարատեւութիւնը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։
Իր հրաժեշտէն քառորդ դար անց թերթիս յաւէտ ողբացեալ ընդհանուր տնօրէն Արայ Գօչունեանը (1913-1996) կը վերյիշենք մշտանորոգ յարգանքով, անսահման կարօտով եւ քաղցրութեամբ։ Իր անթառամ յիշատակը յաւերժ կ՚ապրի մեր սրտին մէջ։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F3-12-2021-25-տարի-անց%E2%80%A6
İlk yorum yapan siz olun