İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի ժողովասրահին մէջ ընդունեց համայնքային լիսէներու տնօրէնները, նաեւ լիսէներու հայերէնի ուսուցիչները։ Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Լիսէներու տնօրէններու հետ կայացած այս երկրորդ հանդիպումին Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտադրեց արեւմտահայերէնի նահանջի պարագան եւ այս առումով կարեւորեց հայերէնի դասաւանդութեան կարեւորութիւնը։ Ընդգծեց, թէ հայերէնի դասաւանդութեան համար պէտքը կար գիտական մերձեցումով կատարելի քննարկման, որպէսզի հարցերը ճշդուին ու զանոնք լուծելու աշխատնք տարուին։ Լուծումի որոնման համար պէտք էր տեսական եւ կիրառական աշխատանք տանիլ։ Առաջինը կարեւոր էր ուսումնասիրութեան համար որպէսզի հայերէնի դասաւանդութեան պարագային կարելի ըլլար ճշդել բոլոր ազդակները։ Իսկ երկրորդը՝ ցոյց պիտի տար,  թէ ի՞նչ կարելի էր ընել որպէսզի հայերէնի դասաւանդութիւնը արդիւնաւետ ըլլար։

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց նաեւ կարեւոր կետ մը. մեր հայերէնի ուսուցիչները պատրաստուած էին իրենց ուսանած շրջանի պայմաններուն մէջ եւ այսօրուան աշակերտներուն կարելի չէր այդ պայմաններու համաձայն դասաւանդել։ Պէտք էր ճշդել, թէ ո՞ր դասարանի աշակերտէն ո՞ր մակարդակի վրայ հայերէնի տիրապետած ըլլալը կ՚ակնկալուէր։ Նաեւ կարեւոր էր ընկերաբանական մերձեցումով կատարելի ուսումնասիրութիւնները, որոնցմով կրնար յայտնաբերուիլ այն կարեւոր ազդակները, որոնք հայերէնի դասաւանդութեան արդիւնաւետութեան վրայ կ՚ազդէին։

Վարժարանի տնօրէններն ու ուսուցիչները իրենց կարգին յայտնեցին, թէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը ջանային լաւագոյնը կատարել եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանէին։ Անդրադարձան կարեւոր կետի մը, ըստ որում հայերէնի դասաւանդութեան համար մայրենի լեզուի ուսուցման մեթոտը ներկայիս վերածուած էր օտար լեզուի ուսուցման մեթոտի, հետեւաբար այս ուղղութեամբ պէտք էր ուսուցման ծրագիր եւ մեթոտ մշակել, թէ ուսուցիչներու եւ թէ աշակերտներու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, անոր համար որ անհատական աշխատանքներ կը կատարուէին։ Այս ուղղութեամբ թելադրեց միասնական աշխատանք տանիլ եւ մնայուն գործ կատարել յօգուտ աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ՝ այժմու ու ապագայի ուսուցիչներուն։ Առաջարկեց իւրաքանչիւր դասարանի համար այժմէականացնել հայերէնի ուսուցման ծրագիրը։ Նաեւ մատնանշեց անյետաձգելի աշխատանքի մը կարեւորութիւնը, որ էր մերօրեայ պայմաններուն պատշաճ դասագիրքերու պատրաստութիւնը։ Հաւաքոյթին մասնակիցներ համամիտ գտնուեցան, թէ ի պահանջել հարկին պէտք էր արհեստավարժ մակարդակով օժանդակութիւն ստանալ մասնագէտներէ ներկայ ժամանակներուն կիրարկելի մեթոտի պատրաստութեան համար։

Հաւաքոյթին մասնակիցներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ թէ՛ համայնքապետի, թէ՛ ուսուցչական եւ թէ՛ համայնքի անդամ ըլլալու հանգամանքներով կը հետաքրքրուէր մեր կրթական մշակներով։

Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın