İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Յունաց Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ, 1 Դեկտեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, Կրանտ Հիլ Հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «The Patriarchal and Synodal Encyclical of 1920: 100 Years of Exceptional Influence» խորագրեալ  համաժողովը, որուն գլխաւորեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Համաժողովի պատուոյ հրաւիրեալներէն էր նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որուն կ՚ընկերանար Աթոռոյս Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Սոյն համաժողովը կարեւոր նշանակութիւն ունէր Յունաց Եկեղեցւոյ մօտ, նկատի ունենալով որ 100 տարի առաջ հրապարակուած կոնդակի մը դարադարձն էր։ 

Նախապէս կատարուած կարգադրութեան համաձայն համաժողովի ընթացքին իր զեկուցումով հանդէս պիտի գար Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, սակայն Նորին Սրբազնութիւնը առողջապահական հարցով չկարողացաւ ժամանել Ստանպուլ։ Առ այդ, համաժողովի համար յանուն Հայ Եկեղեցւոյ գրի առնուած բնագիրը ընթերցեց Յերոնիմոս Սրկ. ։

Համաժողովը սկիզբ առաւ ժամը 10.00-ին, Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքի բացման խօսքով։ Յաջորդաբար Գատըգիւղի Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը հանդէս եկաւ համաժողովի մասին ներածական խօսքով մը։ 

Առաջին նիստին բացումը կատարեց, Արկալոխորիոնի Անդրէաս Սրբազան Մետրոպոլիտը արտայայտուեցաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի յաջորդող շրջանին Եւրոպան խորագիրով։ Իսկ Հայր Ճորճիոս Թէթսիսի զեկուցումը ընթերցեց Փրոֆ. Տքթ. Կոնստանդինոս Տէլիքոսթանթիս, որով ներկայացուեցաւ, թէ՝ ինչպիսի նախադէպքերէն յետոյ կարիքը զգացուած էր նման կոնդակ մը հրապարակելու։ 

Համաժողովի երկրորդ նիստը սկիզբ առաւ ժամը 11.00-ին, Վատիկանէ ժամանած Մոնս. Անտրէ Փալմիէրիի զեկոյցով, որով շեշտադրուեցաւ այս կոնդակին նկատմամբ Կաթոլիկ Եկեղեցիին հայեացքը։ Ապա, Համաշխարհային Եկեղեցեաց Խորհուրդի անդամներէն Փրոֆ. Տքթ. Հայր Իան Սաուսա զեկուցեց կոնդակին Ուղղափառ Եկեղեցիին եւ այլ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու եւ բանավէճերու վրայ ունեցած արտացոլացման մասին։ Այս նիստին ընթերցուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ զեկուցումը, որուն յաջորդեց Եւրոպական Եկեղեցեաց Համաժողովի Նախագահ Պատուելի Քրիստիան Քրիկէրի զեկոյցը։

Նիստերը շարունակեցին մինջեւ ժամը 16.00-ին եւ իր աւարտին հասաւ Էմմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտի վերջաբանով։ 

Այս առթիւ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, լաւ կազմակերպուած համաժողովին առթիւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın