Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 2 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գօչունեանը, եւ «Մարմարա» օրաթերթի պատասխանատու տնօրէն՝ Արի Հատտէճեանը, «Ակօս» շաբաթաթերթի խոբագիր՝ Եդուարդ Տանձիկեանը, «Փարօս» հանդէսի խոբագիր Մայտա Սարիսը եւ «Լոյս» պարբերաթերթի խմբագիր Արամ Գուրանը։ Ընդունելութեան ներկայ էին Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ծանօթ է մեր համայնքային շրջանակներուն, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը իր գահակալութեան շրջանին կարեւորութիւն ընծայած ըլլալով Հայ Մամուլի առաքելութեան, նախապէս ալ հանդիպումներ ունեցած էր խմբագիրներու հետ ու հաստատած՝ ուղղակի երկխօսութիւն։
Այսօրուան ընդունելութեան ընթացքին խմբագիրներ Նորին Ամենապատուութեան պարզեցին հրատարակութեան համար իրենց դէմ յանդիման մնացած դժուարութիւնները, մանաւանդ տնտեսական վերջին պայմաններու բերմամբ։ Բոլորը անդրադարձան Հայ Մամուլին հանդէպ Պատրիարք Հօր ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքին, որ յայտնաբերուած էր նախորդ հանդիպումին։ Նորին Ամենապատուութիւնը նկատի ունենալով թրքահայ լրատուամիջոցներու նիւթական կայունութեան կարեւորութիւնը խոստացած էր Պատրիարքական Աթոռի կողմէ տնօրինուած «Ռատիոյի Ֆօնի» միջոցներով զօրակցութիւն բերել Հայ Մամուլին։
Այսօրուան հանդիպումին Նորին Ամենապատուութիւնը ըստ լրատուամիջոցներու պարբերականութեան սահմանուած յատկացումները յանձնեց խմբագիրներու, որոնք որդիական ակնածանօք շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած հայրական հոգածութեան համար, մանաւանդ ներկայի տնտեսական հրատապ պայմաններուն։ Խմբագիրներ Նորին Ամենապատուութիւնը վստահեցուցին, որ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ կատարուած այս յատկացումը պիտի օգտագործուի համայնքային կեանքէ ներս առողջ գաղափարախօսութեան ձեւաւորման եւ ժողովուրդի լուսաբանման ուղղութեամբ։
Ընդունելութեան մասնակիցներ մաղթեցին, որ Հայ Մամուլի նկատմամբ մեր Հոգեւոր Պետին ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքը վարակիչ կ՚ըլլայ նաեւ համայնքային ու թաղային վարչական շրջանակներէ ներս։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun