Ս. Անդրէաս Առաքեալի տօնը Յոյն Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ տարեդարձն է Տիեզերական Պատրիարքութեան հաստատութեան։ Նոյն առթիւ, 30 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի առաւօտ, Ֆէնէրի Ս. Գէորգ Յունաց Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ տասներկու մետրոպոլիտներու։ Ի ժամ Ս. Պատարագի, Սրբազան Պատարագիչը կատարեց սարկաւագի ձեռնադրութիւն։
Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, հանդիսութեան մասնակցեցաւ Հրատարակչութեան Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Ներկայ էին նոյն առթիւ Վատիկանէն յատկապէս ժամանած պատուիրակութիւնը, քաղաքիս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական դէմքեր։
Արարողութեան աւարտին, Հայր Սուրբը Պատրիարքարանի մէջ շնորհաւորեց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun