İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵՏԵՆԻՅԷԹ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԵՐԵՔ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 30 Նոյեմբեր 2012, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, ընդունեց Իսթանպուլի Մէտէնիյէթ Համալսարանի Գեղարուեստի, ծրագրաւորման եւ Ճարտարապետական Ֆաքիւլթէի Թրքական Երաժշտութեան Բաժնի դասախօսներ Տոց. Տքթ. Սամի Տուրալը, որուն կ՚ընկերանային նոյն բաժնի մէջ պաշտօնավարող դասախօսներ՝ Տքթ. Էրտալ Քըլըճ եւ Սէմիհ Էօզտէմիր։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։

Հիւրերէն Տքթ. Էրտալ Քըլըճ, որ նախապէս որպէս փոխ տնօրէն պաշտօնավարած էր Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի մէջ եւ իր պաշտօնավարած տարիներուն յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած՝ Հայերէնի նկատմամբ եւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Շողեր Չափարեանի առաջնորդութեամբ սկսած էր Հայերէնի ընտելանալ։  Իր ձեռքբերած փորձառութեամբ պատրաստած էր արեւմտահայերէնի ուսուցման գիրք մը եւ անոր անգլերէն տարբերակը։ Բաց աստի Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի Հիմնադրի Ներկայացուցիչ Տիար Կարպիս Պալմումճուի  առաջարկին ընդառաջելով նկատի ունեցած էր հոգելոյս Երաժշտապետ Եղիա Տնտեսեանի «Տարերք Երաժշտութեան» գիրքը, որ յատկապէս պատրաստուած էր Համբարձումեան ձայնագրութիւն ուսանելու համար։ Տքթ. Էրտալ Քըլըճ, Հայերէն լոյս տեսած գիրքէն իր դասախօս ընկերներով պատրաստած է  “Müziğin Unsurları” խորագրեալ գիրքը, բացատրական թարգմանութեամբ եւ զարգացած՝ գիտական ցուցակներով եւ յաւելեալ տեղեկութիւններով։ Այս աշխատասիրութիւնը կը պարունակէ նաեւ Եղիա Տնտեսեանի «Տարերք Երաժշտութեան» գիրքի նմանատիպը։

Նորին Ամենապատուութիւնը երիտասարդ դասնախօսներէն տեղեկութիւն ստացաւ իրենց տարած գիտական աշխատութեանց մասին  եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ մանաւանդ իր զբաղմանց առընթեր Հայերէն սորված եւ այս մասին ուղեցոյց գիրք պատրաստած Տքթ. Էրտալ Քըլըճի աշխատութեան նկատմամբ։

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հիւր դասախօսները ունեցան գաղափարի փոխանակումներ, որոնք առընչուած էին երաժշտական ու գրական մարզէն ներս արձանագրուած յաջողութեանց հետ։ Սրբազան Պատրիարք Հայրը իրենց յայտնեց, թէ որեւէ հարցումի մը պարագային կրնային դիմել Պատրիարքարան եւ կարելիութեանց սահմաններուն մէջ ստանալ՝ պատշաճ բացատրութիւններ, ի մասնաւորի Հայ Եկեղեցական Երաժշտութեան մասին։ 

Հիւր դասախօսները Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ իր սուղ ժամանակը տրամադրած էր զիրենք ընդունելու համար եւ մանաւանդ գնահատած ու քաջալերած էր զիրենք։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın