İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ անցեալ օրերուն ընդունած էր սանուց եւ մարզական միութիւններու ատենապետները, այս անգամ 30 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, ընդունեց քաղաքիս մէջ գործող համաքաղաքացիական միութիւններու ատենապետներըշ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։ Այս միութիւններէն ոմանք ունէին պաշտօնական միութեան իրավիճակ, իսկ ոմանք կը գործէին որպէս անուանական միութիւններ եւ իրենց հովանիին ներքեւ համախմբած էին իրենց համաքաղաքացիները եւ կը ցուցաբերէին օգտակար գործունէութիւն։ Ընդունելութեան ներկայ էին Սասունի Աճար Գիւղի Հայոց Միութենէն՝ Գէորգ Ֆիքրի Չալըշ, Մալաթիա Հայտէրէն՝  Նուրհան Կէզտիրիճի, Պագրգիւղ Զառացիներու Միութենէն՝ Ոսկիան Քըյմազ,  Տէրիկցիներու միութենէն՝ Անդրանիկ Եոնթան, Վաքըֆգիւղցիներու Միութենէն՝ Արթին Ճան Պահարօղլու, Սասուն Պիթլիս Միութենէն՝ Արամ Տէմիր, Պուռունքըշլացիներու Միութենէն՝ Յովսէփ Արզուման եւ Սեբաստացիներու Միութենէն՝ Սեպուհ Քոչաք։

Նորին Ամենապատուութիւնը պարզեց հաւաքոյթին նպատակը եւ մի առ մի հետաքրքրուեցաւ միութեանց տարած աշխատանքներով։ Շեշտեց, թէ համաքաղաքացիներու միութիւնները կը տարբերէին սանուց եւ մարզական միութիւններէն այն առումով որ իրենց գործունէութեան նպատակն էր պահել ծննդավայր՝ գաւառի սովորութիւններն ու աւանդութիւնները եւ փոխանցել նոր սերունդին, մանուկներուն եւ երիտասարդներուն։ Գաղափարի փոխանակումներու առընթեր ներկաներ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին, որ երիտասարդներ տակաւ առ տակաւ կը դառնային անհասանելի։ Այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառը այն էր, որ երիտասարդներ հակառակ անոր որ ծնած էին գաւառէն Պոլիս եկած ընտանիքներու երդիքին տակ, այլեւս իրենք զիրենք կը նկատէին Իսթանպուլցի եւ հետեւաբար համաքաղաքացիական միութեանց առաքելութիւնները  իրենց համար հետաքրքրութեան դաշտ մը չէր։ Ուստի այս առումով անոնք կը դժուարանային գործօն անդամներ գտնել ու մանաւանդ զանոնք ընդելուզել վարչական դրութենէն ներս։

Միութիւններէն ոմանք դժգոհութիւն յայտնեցին, քանի իրենց  սեպհական հաւաքատեղին չունէին։ Սակայն կը գործէին միշտ ի մտի ունենալով իրենց  համաքաղաքացիները միութենական կապին շուրջ  համախմբուած պահելու տեսլականը։ 

Առաջարկուեցաւ, որ համաքաղացիական միութիւնները յաճախ իրարու քով գան եւ միութենական հասարակաց հաւաքավայր մը ունենան, ուր իւրաքանչիւր միութիւն իր հաւաքման օրը ունենայ։ Այս իրականանալու պարագային անխտիր բոլոր երիտասարդներ կրնան օգտուիլ այս հաւաքավայրէն, որ իր օգտակար ներդրումը կրնայ բերել երիտասարդ սերունդի առողջ գոյատեւման։ 

Միութիւններ նաեւ ունէին տնտեսական հարցեր, քանի որ իրենց գոյութիւնը կը պահէին անդամավճարներով ու պատահական նուիրատուութիւններով։ Միւս կողմէ համաքաղաքացիական միութիւնները իրենց վրայ կրած էին համավարակի ժխտական ազդեցութիւնը։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը իրենց թելադրեց միշտ իրարու հետ կապի մէջ ըլլալ, եւ իրարու տեղեկութիւն փոխանցել կատարելի գործունէութեանց մասին։ Ընդունելութեան մասնակից ատենապետները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ ընդունած էր զիրենք եւ լսած՝ իրենց գործունէութիւններն ու դժգոհութիւնները։ Առաջարկեցին ուրիշ առիթով ալ հաւաքուիլ, այս անգամ վարչական այլ անդամներու ալ մասնակցութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բերուած մասնակցութեան համար, բոլորը օրհնեց եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın