Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնականպատուիրակութեան հետ միասին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը այցելեց ԱնթիլիասիՄայրավանք: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր կողքին ունենալով Շահան Սրբազանը եւ ՆարեկՍրբազանը, եղբայրական սիրով ընդունեց Հոգեւոր Տէրը:
Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ հայժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Անոնք շեշտեցին եկեղեցիներուգործակցութիւնը ամրապնդելու, մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրացնելու եւ միասնաբարմեր ազգն ու հայրենիքը տագնապեցնող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun