İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԿԷՔ ՅԻՇԵՆՔ

Հարիւր տարի առաջ, 25 Նոյեմբեր 1921-ին, երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Օսմանեան-թուրք պետութեան պարտադրանքով հեռացաւ Սիսի պատմական ու դարաւոր Կաթողիկոսարանէն՝ իր միաբանութեան հետ միասին: Ան վերջին անգամ ըլլալով համբուրեց Կաթողիկոսարանի Սուրբ Սոֆիա Մայր Տաճարին Ս. Աւետարանն ու Ս. Խորանն եւ ապա Կաթողիկոսարանին բանալիները յանձնեց իր մեկնումը սպասող թուրք ոստիկաններուն։

Երջանկայիշատակ Վեհափառը ինը տարիներ շրջեցաւ՝ Երուսաղէմէն Հալէպ, Կիպրոս եւ վերջապէս Կաթողիկոսարանը հաստատեց Անթիլիասի մէջ, 1930-ին: Վեհափառ Հայրապետին նուիրական կտակին հաւատարմութեամբ, 2015-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յանուն ցեղասպանութեան զոհ մեր ժողովուրդին, դատ բացինք Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Դատը կը շարունակուի:

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın