İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տարեկան տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան և Յարութիւն Էպէօղլուի գլխաւորած խնամակալութեան անդամները հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ս. Պատարագը մատոյց՝ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ. Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սիրուն Սիրունեանի, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ։ 

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորած ուսուցիչներ։ Քորոնա Համավարակի պատճառաւ տօնախմբութիւնը սահմանափակուած էր միայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց մտքերու լուսաւորութեան կարեւորութեան անդրադառնալով։ Աշխարհի ամենէն մեծ չարութիւններէն մին որակեց տգիտութիւնը եւ զայն ներկայացուց որպէս խաւար։ Այս առումով յիշեցուց որ դարերու ընթացքին մարդկութիւնը միշտ լուսաւորուիլ ուզած է, որպէսզի իրենց կեանքի ուղղութիւնը գտնեն ու որոշեն, թէ՝ իրենց կեանքը ինչպէս արդիւնաբեր կրնան դարձնել յօգուտ մարդկանց։ Տարբեր փիլիսոփայութիւններ եւ հաւատալիքներ, իրենց կարգ ու կանոնին մէջ փորձած են լոյս հասցնել եւ Քրիստոսնէութիւնը եւս ունի նոյն սրբազան նպատակը՝ որ է լոյս հասցնել հաւատացելոց։ Քրիտոնէութիւնը իմաստին դռները կը բանայ, որպէսզի մենք այս կեանքի արժէքը արժեւորենք։

Այս առումով յիշեցուց, Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Ս. Գրքի թարգմանչական աշխատութիւնը, որուն ընթացքն որպէս առաջին նախադասութիւն ընտրուած էր Սողոմոն Իմաստունի խօսքը. Իմաստութիւնը եւ խրատը ճանչնալու համար, կարիքն ունինք Ս. Գիրքի աւանդած իմաստութեան։ Այս բառերը անցեալէն մինչեւ այսօր վարժարաններէ ներս ընկալուած է, որպէս աւանդ եւ վարժարաններ իմաստութիւնը փոխանցելու տրամադրութեամբ հետաքրքրուած են աշակերտներու հետ։ Իմանալ, թէ՝ մեզմէ առաջ մարդիկ ինչպէս ապրեր ու դասեր թողեր են։ Պատրիարք Հայրը յիշեցուց Սողոմոն Իմաստունի կեանքը եւ յայտնեց, թէ՝ Սողոմոն Աստուծմէ ուզած էր իմաստութիւն եւ Աստուած յայտնած էր, թէ՝ ճիշտ բանը ընտրած էր Ան։ Բացատրեց, թէ ի՞նչ է գիտութեան եւ իմաստութեան տարբերութիւնը. գիտութիւնը, տեղեկութիւն հաւաքելու արուեստն է։ Իսկ իմաստութիւնը, այդ գիտութիւնը օգտագործելն է։

Անդրադառնալով  ուսման եւ կրթութեան տարբերութեան, խօսեցաւ Հայեցի դաստիարակութեան նշանակութեան մասին, որ էր ձեռք բերել հայեցի ապրելակերպի իմաստութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Ինչ օգուտ, եթէ մեր զաւակները արդի գիտութիւններուն տիրանան եւ կրթութենէ հեռու մնան։ Աշխարհի ընթացքը, ցոյց կուտայ այս տխուր իրավիճակը։ Գիտութիւնը պիտի չփրկէ մեր զաւակներն ու համայնքը, այլ՝ կրթութիւնը, որովհետեւ կրթութեան կը միանայ ապրելու իմաստութիւնը։ Սակայն գիտութիւնը սկսած է գերադասուիլ կրթութենէն։ Որպէս օրինակ կրնանք նշել 8րդ եւ 12րդ դասարաններու աշակերտներու կեանքերը։ Քննութեան յաջողելու համար լաւ աշակերտ պատրաստելը կը կայանայ գիտութեան, գիտելիքներու առատացման վրայ։ Սակայն, համայնքային կեանքը կը մատնանշէ, թէ՝ նուազում մը ի յայտ կուգայ մեր կեանքերէն ներս։ Այս առումով աշակերտներ Հայութեան պէտք է ծանօթանան իրենց վարժարաններուն մէջ։ Պէտք է անդրադառնան իրենց ունեցած արժէքներուն եւ պէտք է սորուին, թէ՝ ընելիք գործեր ունին, քանի որ երէց սերունդը իրենց վրայ յոյս դրուած է»։

Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի մասին եւ յայտնեց թէ՝ ան դարձած է Պոլսահայութեան տիտան հասատատութիւններէն մին եւ տակաւին կը շարունակէ գործել բարձր մնալով պատնէշի վրայ։ Այս առումով յիշեց Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանը ու անոր հեռատես ծրագրին կարեւորութիւնը եւ երանութեամբ յիշատակեց իր թողած աւանդը։ Այս առումով հրաւիրեց որ ժողովուրդը տէր ըլլայ այս աւանդին, որ փոխանցուած է մեծ զոհողութիւններով։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով շնորհաւորեց վարժարանի տեսչութիւնն ու ուսուցչաց կազմը, որոնք կը շարունակեն փորձել գիտութիւն ջամբել մեր զաւակներուն։ Գնահատեց նաեւ վարչայիններուն կամքը, որով վարժարանը այս դժուարին օրերուն կը մնայ կանգուն։

Ս. Պատարագի աւարատին, եկեղեցականաց թափորը Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադիր՝ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին, ուր կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın