İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՔՕԶԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ 27 Նոյեմբեր 2021, Շաբաթ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ 

Արարողութեանց մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Բրշ. Ժիլպէռ Սրկ. Քարափէքմէզ եւ ժառանգաւոր սաներ։Սոյն տօնակատարութիւնը առիթ դարձաւ, որ համավարակի սահմանափակումներէն յետոյառաջին առիթով տօնական Ս. Պատարագ մատուցուի Պէյքօզի մէջ եւ Վարուժան Մաղաքեանիատենապետած թաղային խորհուրդի անդամները հիւրընկալեն ուխտաւոր հաւատացեալները։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու եւ ուխտաւորդպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ խօսքերու սկիզբին փառք տուաւԱստուծոյ, որ երկու տարիներ յետոյ առաջին անգամ Պէյքօզի հեռաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագկը մատուցուէր։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց, թէ՝ սակաւ թիւով հաւատացեալներով եւհոգեւորականներով փութացած էին Պէյքօզ, որպէսզի եկեղեցին պայծառանար իր անուան տօնինառիթով։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առիթով գնահատեց Վարուժան Մաղաքեանի  գլխաւորածթաղային խորհուրդի անդամները, որոնք Պոլսոյ հեռաւոր այս եկեղեցւոյ պայծառութեան համարամէն ջանք ի գործ կը դնէին։ Բաց աստի, իրենք ունէին գնահատելի կեցուածք մը, որովեկամուտներու տիրացած եկեղեցին կ՚օժանդակէր թէ՛ համայնքային հաստատութեանց եւ թէ՛Պատրիարքական Աթոռոյ։ Այս շրջագիծով Պատրիարք Հայրը կարողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյպատասխանատուներուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդաբար Ս. Նիկողայոսի Տօնին անդրադարձաւ եւ սուրբի կեանքին մասինտեղեկութիւններ փոխանցեց, յիշեցնելով նաեւ՝ թէ Ս. Նիկողայոս մեծ հարստութեան մէջ ընտրած էրԱստուծոյ սպասաւորութեան ճանապարհը եւ անձայն անշշուկ բարեգործութիւններ կատարած էրիր շրջանի ժողովուրդին։ Ան, սրբոց դասակարգին մէջ Ս. Աստուածածինէն յետոյ ամենէն շատհետաքրքրութեան արժանացած սուրբի վերածուած էր եւ աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջսուրբի անուան ընծայուած եկեղեցիներ կառուցուած էին։ Պոլսոյ մէջ կային երկու եկեղեցիներ, որոնցմէ մին էր Պէյքօզի Եկեղեցին։ Պատրիարք Հայրը իր խօսքերուն մէջ յայտնեց նաեւ թէ՝նիւթականը ղեկավարելը դժուար գործ է, որովհետեւ դրամը այն զօրութիւնն է որ կրնայ իշխելանհատներու վրայ։ Երանելի է այն անձը, որ փոխանակ ծառան դառնալու դրամին, կը գործածէմարդկային կամքը եւ առանց  դրամի գերին դառնալու կ՚օգտագործէ զայն հրաշքներ կատարելուհամար ուրիշներու եւս կեանքերէն ներս։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, եկեղեցւոյ վախճանեալհոգեւոր սպասաւորներուն, հիմնադիրներուն, ծառայողներուն, բարերարներուն, ներկայբարերարներու հանգուցեալ պարագաներուն եւ հանգուցեալ թաղեցի հաւատացեալ ժողովուրդինհոգւոցն ի հանգիստ։ 

Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին, ներկաներ բոլորուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ եւ այս մէկըառիթ եղաւ որ Մեր Հոգեւոր Պետը ջերմօրէն զրուցէ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն եւ ներկայուխտաւորներուն հետ։ Վարուժան Մաղաքեան, յանուն թաղային խորհուրդին, շնորհակալութիւնյայտնեց Պատրիարք Հօր եւ արարողութեանց մասնակից բոլոր ներկաներուն, որոնք յանձն առածէին մասնակցիլ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın