İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաւէրով սանուց միութիւններու ատենապետները 26 Նոյեմբեր 2021, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՊատրիարքականՓոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Հաւաքոյթը բացուեցաւ կատարուած հանգստեան աղօթքով ի հանգիստ հոգւոցն նորոգվախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի։ Միասնաբարարտասանուած Տէրունական Աղօթքէն յետոյ 

Նորին Ամենապատուութիւնը  յիշեցուց թէ նախապէս իր նախագահութեամբ հաւաքոյթներիրականացած էին հոգեւորականներու, սարկաւագներու, դպրաց դաս երգչախումբերու, մամլոյխմբագիրներու, վարժարաններու տնօրէններու, մասնակցութեամբ։ Իր գոհունակութիւնը  յայտնեցնոյն դահլիճին մէջ համախմբուած տեսնելով սանուց միութեանց ատենապետները։

Ինչպէս բոլոր հանդիպումներուն, այս անգամ եւս Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրուեցաւ, թէսանուց միութիւններ գործունէութեան առումով ի՞նչ վիճակի մէջ էին։ Տրուած բացատրութիւններէնյայտնի դարձաւ, թէ ինչպէս բոլոր համայնքային հաստատութիւններ, այնպէս ալ սանուցմիութիւններ եւս համավարակի ժխտական ազդեցութիւնը կրած էին։ Մանաւանդ որ սանուցմիութիւններ ստիպուած էին հրապարակուած պաշտօնական կանոններուն համաձայն շարժելու։Այդ կանոնները կը սահմանափակէին հաւաքոյթի մասնակիցներու թիւերը։ Ուստի բոլորընախընտրած էին միութեանցէ սրահները փակ պահել։

Պատրիարք Հայրը հետաքրքրուեցաւ նաեւ սանուց միութեանց դէմ յանդիման մնացած հարցերունհետ։

Կարեւորութեամբ նշուած հարցերէն էր սրահի, նիւթականի նեղութիւնները եւ անդամներու թիւիննուազումը։ Նկատուեցան, թէ ներկայ ժամանակներու սերունդին նախընտրութիւնները փոխուածէին եւ այս առումով շատերու համար հետաքրքրական չէր սանուց միութեանց մթնոլորտին մէջ մնալ։Բնականաբար կային նուիրեալներ, որոնք իրենց ընտանեկան դաստիարակութեամբ ունէինպատկանելիութեան առողջ զգացում։ Նշուեցաւ նաեւ, թէ վարժարաններու աշակերտներ երբշրջանաւարտ կ՚ըլլային իրենց կապը կը խզէին վարժարանին հետ ու չէին հետաքրքրուերվարժարանի սանուց միութեամբ։ Միութիւններ ունէին նաեւ տնտեսական հարցեր, քանի որ անոնքեկամտաբեր կալուածներ չունէին եւ իրենց եկամուտը կը գոյանար անդամավճարներէ ուպատահական նուէրներէ։ Նաեւ ընդգծուեցաւ, թէ համայնքային եւ թաղային վարիչներ իրենցամբողջ ոյժը կը կեդրոնացնէին վարժարաններու վրայ ու չէին մտածեր թէ 18-30 տարիքի միջեւ եղածերիտասարդներու համար ինչե՞ր պէտք էր ընել զանոնք համախմբելու ուղղութեամբ։

Մեր Հոգեւոր Պետը թելադրեց, որ սանուց միութեանց վարչութիւնները իրենց եւ վարժարաններուտնօրէններուն հետ առողջ երկխօսութիւն ստեղծեն, որպէսզի վարժարանին երդիքին տակաշակերտութեան թելադրուի սանուց միութեանց կարեւորութիւնը։ Նաեւ թելադրեց, որ համայնքայինու թաղային մարմիններու հետ եւս առողջ երկխօսութեամբ կապ հաստատել, որպէսզի անոնքհամոզուին, թէ կարեւոր է սանուց միութեանց համար եւս նիւթականի յատկացում կատարելը։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ սանուց միութիւններու համար եւս կարեւոր էր նոյնգաղափարին շուրջ համախմբուիլը, միասնաբար մտածելը, ընդհանուրը հետաքրքրող հարցերըմիասնաբար ճշդելը, հարցերու լուծման համար ճանապարհներ որոնելը եւ ընդհանուրին համարգործելու հանգիստ միջավայր ապահովելը։ Գոհունակութեամբ տեղեկացաւ, թէ միութիւններ արդէնիսկ համացանցի վրայ ունէին միասնականութիւն մը եւ կը հաղորդակցէին իրարու հետ։ Թելադրեցպահել այդ միասնականութիւնը եւ զարգացնել զայն հարցերու լուծման համար։

Հանդիպման ընթացքին գոյացաւ այն գաղափարը, թէ սանուց միութեանց վարչութիւնները իրենցատենապետներուն փոխանցած տեղեկութեանց լոյսին տակ խորհրդակցին զիրենք յուզողհարցերու մասին եւ այդ խորհրդակցութեանց արդիւնքները բաժնեն նոյն դահլիճին մէջ գումարելիերկրորդ հաւաքին։

Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքոյթը եւ ներկաներշնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան եւ հայրականմերձեցման համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın