İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔ

Երեւանակեդրոն «Սիվիլնեթ» կայքէջի «Զարկերակ» ծրագիրը վերջերս անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մատնուած կացութեան։ Յիշեալ ծրագրի հեղինակ Առէն Քերթեշեան հարցազրոյց մը ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Անցեալ 28 հոկտեմբերին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 114-րդ տարեդարձի խմբագրականին մէջ հնչած ահազանգի արձագանգներէն մին է այս հարցազրոյցը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ այս ահազանգը ներկայիս լայն արձագանգ կը ստեղծէ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս, ուր խոր մտահոգութեան ալիք մը յառաջացած է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Առէն Քերթեշեանի կողմէ Արա Գօչունեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Դժբախտաբար ցաւոտ հարցով մը պիտի սկսինք: 28 հոկտեմբերի ձեր թիւը ցնցիչ էր. «ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հասած է անդունդի եզրին»: Փորձեմ լաւատեսական ակնկալութեամբ հարցում ուղղել: Տակաւին եզրին է, ինչ որ կ՚ենթադրէ, թէ անդունդ չէ ինկած: Ի՞նչ կ՚ըսէք այս մասին:

-Շնորհակալ եմ թէ՛ զրոյցի հնարաւորութեան, թէ՛ մեր ահազանգին արձագանգելնուդ եւ ձեր՝ որպէս պաշտօնակից ցուցաբերած զգայնութեան համար: Ուրեմն պարագան հետեւեալն է. խնդրոյ առարկայ են շարք մը ենթակայական եւ առարկայական հանգամանքներ, որոնք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր անելանելի կացութեան մատնած են: Խօսքը կը վերաբերի մօտաւորապէս վերջին 4-5 տարիներուն կուտակուած խնդիրներուն, որոնք որոշ չափով մեր կամքէն անկախ ընթացան, բայց, վերջին հաշուով, այս թերթին գործունէութիւնը բերին շատ տագնապալի կացութեան: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը համահայկական լրասփիւռ մըն է, համահայկական լրատուամիջոց մըն է, բայց ինչպէս սփիւռքեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, այս պարագային ան եւս իր բնօրրանէն, այսինքն՝ պոլսահայ միջավայրէն կը սնուի առաւել չափով, եկամուտներու իմաստով: Թերթը ունի տնտեսական հաւասարակշռութիւններ, որոնք առաւել չափով պոլսահայ մեր իրականութեան դրուածքին հետ պայմանաւորուած են, թերթին եկամուտները, հասոյթները այդ հաւասարակշռութիւններուն մէջ կը գոյանան եւ կամ, այլեւս պէտք է ըսեմ, կը գոյանային: Վերջին տարիներուն, դուք արդէն որպէս լրագրող հետեւած էք, իսկ մենք որպէս լրագրող շատ խօսած ենք, թրքահայ իրականութեան մէջ եղան բազմաթիւ տագնապներ, յետաձգեալ ու յապաղած եւ տակաւին մինչեւ օրս առկախուած որոշ ընտրութիւններ եւ այլ վարչական խնդիրներ, որոնք տագնապալի կացութիւն յառաջացուցին համայնքին մէջ։ Այդ տագնապները այժմ միայն մասամբ յաղթահարուած են, բայց այդ տագնապներուն հետեւանքները ունեցան սուր դրսեւորումներ, որոնք բեւեռացումներու եւ պառակտումներու պատճառ դարձան թրքահայ իրականութեան մէջ: Պէտք է ըսենք, որ սահմանափակ ուժով մեր համայնքը իրականութեան մէջ այդքան պառակտուելու, բեւեռանալու եւ ճամբարներու բաժնուելու ճոխութիւնը չունէր: Այդ վիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած հարցը եղաւ հետեւեալը. այս լրատուամիջոցը դարաւոր պատմութիւն ունի եւ այսպիսի ծանր պառակտման մէջ պաղարիւնութիւնը, հաւաքական շահու գիտակցութիւնը մատնանշող դիրքերու վրայ եղած է, փորձած է մնալ անաչառ, անկողմնակալ եւ այդ ընթացքով չէ յաջողած ոեւէ մէկը գոհացնել։ Որովհետեւ երբ որ պառակտումներ կան, իւրաքանչիւրը կ՚ուզէ, որ լրատուամիջոցը իր խօսափողը դառնայ եւ երբ չի յաջողիր, անմիջապէս այդ լրատուամիջոցը կը սկսի պիտակաւորուիլ, թէ «ասի անոր մարդն է, ասի միւսին մարդն է» եւ այլն: Այդ վիճակին մէջ հիմա մենք բոլոր բեւեռներուն կողմէ թիրախաւորուած եւ բոլորին կողմէ որպէս «միւսին մարդը» նկատուիլ սկսած ենք, որովհետեւ ամենադժուարը այն է, գիտէք, երբ որեւէ ճամբարի չէք պատկանիր եւ կը փորձէք անկախ մնալ: Այսօր մենք անկախ մնալու մեր ձգտումին արդէն դաժան գինը կը վճարենք, այդ դաժան իրավիճակին դէմ յանդիման մնացած ենք, որովհետեւ պոլսահայ իրականութիւնը այնպիսի ապականած միջավայր մը ունի, որ մարդիկ այդ պիտակաւորումներէն ետք սկսած են մտածել այդ «իրենցմէ չեղողին» դէմ հաշուեյարդարի ձեռնարկել:

Ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ մէջ մայրենիով հրատարակուող օրաթերթ մը որեւէ ձեւով առեւտրական գովազդներ հրատարակելու հեռանկարը չունի՝ բացի շատ հազուադէպ եւ սահմանափակ երեւոյթներէ, որոնք թերթին գործունէութիւնը յառաջ մղելու տեսակէտէ հաշուարկ ընելու պարագաներ չեն, այլ պարզապէս պատահականութիւններ կամ, ըսենք, անակնկալներ: Ներկայ վիճակին մէջ մենք կը պայքարէինք, որ մարդոց մէջ բանիմացութիւն վերահաստատուի, կը փորձէինք մեր յարաբերութիւնները թարմացնել՝ ըսելով, որ լրատուամիջոցի կաշկանդումը կամ զայն գնել փորձելը երկարաժամկէտ ոչինչ պիտի բերէ՝ թէ՛ ժողովուրդը հաւաքական գիտակցութեան պատասխանատուութեան հրաւիրելու եւ առհասարակ նախընթացներ ստեղծելու եւ երկարաժամկէտ ու առողջ լուծումներ գտնելու տեսակէտէ: Սակայն, դժբախտաբար, մեր ջանքերը մնացին ապարդիւն: Յարաբերութիւնները չափազանց մաշած են այսօր, վարչական խորհուրդներու ընտրութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր յետաձգուած են, առկախուած վիճակի մէջ են: Եւ այդ մաշած յարաբերութիւններու պայմաններուն ներքեւ մարդոց աչքերը այնպէս կուրացած են, որ ոեւէ մէկը միւսը վերավարկաւորելու եւ իր յարաբերութեանց մէջ նոր էջ բանալու պատրաստակամութեան մէջ չէ դժբախտաբար: Միւս կողմէ՝ վրայ հասաւ համավարակը, որ ամբողջ երկրին մէջ, նաեւ մեր համայնքի պարագային, առկայ տնտեսական դժուարութիւնները բազմապատկեց եւ այս մէկէ աւելի գործօններու երկար ժամանակի վրայ տարածուած ձեւը, այսինքն՝ խօսքը կը վերաբերի մօտաւորապէս հինգ տարիներու վրայ տարածուած տագնապի մը, մեզ բերաւ-հասցուց այսօրուան փակուղիին: Անցեալ տարի ալ, ինչպէս գիտէք, ահազանգած էինք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ:

Ուրեմն արտասահմանէն, պոլսահայութենէ դուրս աղբիւրներէ զօրակցութիւն փնտռել սկսանք: Ես պէտք է երախտագիտութեամբ այստեղ յայտնեմ, որ այդ ուղղութեամբ որոշ չափով զօրակցութեան իսկապէս արժանացանք: Բայց ատիկա ընդամէնը արհեստական շնչառութիւն է: Յետոյ նաեւ ուրիշ հարց մը կայ. երբ ամէն տարի յաջորդ տարուան համար կը կանխատեսէինք պիւտճէի որոշ բաց մը ունենալ, այդ բացը հաշուելու համար մենք նկատի կ՚առնէինք նախորդ տարուան եկամուտը եւ յոռետես հաշուարկ մը կ՚ընէինք, թէ այս եկամուտէն ալ կրնայ տակաւին այսքան պակսիլ յաջորդ տարուան համար եւ ըստ այդմ կը փորձէինք միջոցներ ստեղծել՝ թերթին պիւտճէն հաւասարակշռելու համար: Բայց սկսաւ պատահիլ այնպէս, որ յաջորդ քայլափոխին համար կատարուած հաշուարկով, նախորդ քայլափոխի տուեալներուն լոյսին տակ, եկամուտները սկսան անհամեմատօրէն նուազիլ: Մէկ տարի առաջուան եղածը յաջորդ տարուան համար նոյնիսկ յղումի վերածել կարելի չեղաւ: Թաւալգլոր բազմապատկուելով՝ այդ բացերը սկսան պիւտճէի սպառնալ, անհաշուարկելի դարձաւ փաստօրէն ամէն ինչ եւ մենք օրհասական վիճակի մատնուեցանք: Ամիսներէ ի վեր այնպիսի վիճակի մը մէջ կ՚աշխատինք, որ պարզապէս յաջորդ օրուան խնդիրը մետասաներորդ պահուն լուծելու ստիպողութեան դէմ յանդիման մնացած ենք եւ այս վիճակին մէջ օրաթերթի արտադրութեան աշխատանքը կազմակերպել գրեթէ անկարելի եղած է, որովհետեւ կաթուածահար վիճակի մէջ ենք: Մենք արդէն հիմա ճգնաժամային դրութեան անցած ենք: Ծրագիր մը մշակած ենք, որպէսզի թերթին տեսանելի ապագան կարենանք կայունացնել, երաշխաւորել գոնէ մէկ տարուան կտրուածքով, ունենալ մեր անհրաժեշտ պիւտճէն եւ մեր այնտեղէն շահելիք ժամանակով յաւելեալ միջոցներու որոնումին ձեռնարկել: Մենք ունինք որոշ ծրագիրներ՝ մեզի յանձնարարուած մեր համակիրներուն, ընթերցողներուն կողմէ, հայ մամուլի առաքելութեան հաւատք ունեցող մարդոց կողմէ եղած առաջարկներ, մշակուած ծրագիրներ, տրուած գաղափարներ, որոնց համադրումը մեզի միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ իրատեսական հեռանկար մը կը ստեղծէ, բայց մենք այդ հեռանկարին հասնելու միջոցները չունինք: Այսինքն՝ մենք սանդուխի աստիճանին առաջինին վրայ մեր ոտքը դնելու հնարաւորութիւն պէտք է ունենանք, որպէսզի յետոյ կարենանք մեր հայեացքը ուղղել դէպի տասներորդ սանդուխը: Որովհետեւ երբ որ առաջին սանդուխը չգայ, դուք չէք կրնար աւելի բարձրանալ: Ցաւալին այն է, ամփոփելով ըսեմ, որ տեղական ճղճիմ հարցերու, ժամանակաւոր խնդիրներու, երկրորդական նեղ շրջանակի հաշուարկներու պատճառով այսօր համազգային ու անժամանակ արժէք մը մսխուելու վտանգին դէմ յանդիման մնացած է:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այնպիսի լրատուամիջոց մըն է, որ իր առաքելութիւնը չէ աւարտած: Մենք չունինք յամառութիւնը՝ ըսելու համար, որ պէտք է աւանդական դիմագիծով շարունակուի թերթը. ո՛չ, մենք կը գիտակցինք, որ ժամանակներուն պէտք է քայլ յարմարցնենք, յարափոփոխ պայմաններուն մէջ պէտք է անհրաժեշտ ձեւով կարենանք զինուիլ: Մենք ունինք ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութիւն, թէկուզ ատիկա համեստ ներկայութիւն մըն է, բայց աւելին ընելու եւ աւելին ընելու պարագային աւելին քաղելու համարձակութիւնը մեզ կը ներշնչէ: Բայց այդ բոլորին համար հնարաւորութիւններ պէտք են: Այս պահուս, դժբախտաբար, նոյնիսկ մեր ունեցածը պահելու հնարաւորութիւնները զլացուած են մեզմէ: Այդ առումով աւելին հաշուարկելը պարզապէս դադրած է իրատեսական ըլլալէ: Մենք կը ցաւինք այս ահազանգը հնչեցնելու համար, որովհետեւ մենք գիտենք, որ արեւմտահայերէն օրաթերթ մըն է այս մէկը եւ արեւմտահայերէն հաղորդակցելու հնարաւորութիւն ունեցող եւ ի վիճակի եղող զանգուածին տեսակէտէ շատ ջլատիչ եւ բարոյալքիչ հանգամանք մըն է այսպիսի թերթի մը անդունդի եզրին հասած ըլլալը: Երկար ժամանակ փորձեցինք լռութիւն պահել այս մասին, յամառ պայքար մղել լռութեամբ, որպէսզի մարդիկ իրենց ինքնութեան եւ լեզուին համար այսքան կայացած կռուանի մը վտանգուած ըլլալու պարագայով չտագնապին, բայց ի վերջոյ շնչասպառ մնացած ենք։ Դժբախտաբար, պատկերը առանց չափազանցութեան այսպէս է, թէկուզ պէտք չէ ողբերգութիւն սարքել, եթէ հաշուի առնենք, թէ այս վերջին տասնամեակներուն սփիւռքի մէջ ազգապահպանման ի՛նչ կռուաններ կորսնցուցինք՝ սկսած թերթերէ մինչեւ կրթական հաստատութիւններ, բայց քանի որ հիմա վերջին յոյս մըն ալ կայ, վերջին ճիգ մը, մենք, ուրեմն, այդ վճռակամութեամբ կը ջանանք պայքարիլ:

-Սփիւռքահայ եւ պոլսահայ թերթերէն ինչպիսի՞ արձագանգներ եղան, իսկ Հայաստանէ՞ն: Ձեր պատկերացումով՝ եթէ փրկելու հնարաւորութիւն կայ, ապա ի՞նչ պէտք է ընել եւ ի՞նչ տեսակի աջակցութիւններ կ՚ակնկալուին:      

-Սփիւռքեան մեր պաշտօնակիցները ցաւով արձագանգած են: Ես օրերէ ի վեր զօրակցական եւ բաւական գօտեպնդիչ հեռաձայններ կ՚ընդունիմ, մեզի կը հասնին զանազան ուղերձներ, ելեկտրոնային նամակներ: Երբ անցեալ տարի ալ յայտարարած էինք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ, ինչպէս այս տարուան խմբագրականին մէջ նշուած է, համատարած զգայնութիւն եղաւ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն: Հիմնական անտարբերութիւնը տեղւոյն վրայ է, այսինքն՝ Պոլիսէն է եւ այդ մէկը անշրջադարձելի գործօն մըն է: Առաջին իսկ պահէն զգացինք, որ սփիւռքի մեր բոլոր պաշտօնակիցները տագնապած են, մինչեւ իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած են արձագանգելու: Հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն որոշ արձագանգներ ըլլան: Յամենայնդէպս այդ սրտակցութեան համար, պաշտօնակիցի ու լծակիցի ջերմ վերաբերումին համար բոլորին երախտապարտ ենք: Վերադառնալով պոլսահայ մամուլին՝ ես կը ցաւիմ ըսելու, թէ որեւէ արձագանգ չկայ: Հաւատացէք, չափազանցուած մի՛ ընկալէք, Պոլիս այնպիսի վիճակի մը հասած ենք, որ մարդիկ նոյնիսկ լռելեայն կրնան այնպէս հաշուարկել, որ «այդ մէկն ալ մէջտեղէն կը ջնջուի, լաւ ալ կրնայ ըլլալ»: Այդ վիճակին հասած ենք պոլսահայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ Պոլսոյ ներքին զօրակցութիւնը, ներքին համերաշխութիւնը իսկապէս շատ նուազած է: Այսօր մեր բոլոր հաստատութիւնները, ըլլան կրթական կամ զանազան ուրիշ բարենպատակ հաստատութիւններ, որոնք ակամայ կարիքներու մէջ են, ազգային հարստութիւն տնօրինող որոշ լծակներու կողմէ սկսած են ընկալուիլ որպէս բեռ: Այստեղ պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու ուղղեալ բարեփոխումներ եղած են վերջին տարիներուն։ Անոնց շնորհիւ համայնքի որոշ կառոյցներու եկամուտները անհամեմատօրէն բարձրացած են: Եւ այդ եկամուտները, ազգային հարստութիւնը տնօրինող սահմանափակ շրջանակները, որոշ լծակներ հարստանալու զուգահեռ աւելի ինքնապարփակուած գործունէութեան սկսած են թեքիլ եւ կտրուիլ ժողովուրդէն: Անոնք բոլորը հաստատութիւններ են, որոնք մօտաւոր անցեալին ժողովուրդին զօրակցութեան կարիքը ունէին եւ մամուլին հետ սերտօրէն կ՚աշխատէին, որպէսզի իրենց ահազանգը հասցնէին: Այսօր բոլորը իրենց անկիւնը քաշուած են: Կախարդական դեղագիրներ կ՚առաջարկեն՝ ըսելու համար, որ այս հաստատութիւնները պէտք է պակսեցնել, այսքանը աւելի է մեզի եւ այլն: Եւ, ինչպէս ըսի, այդ զօրակցութիւնը շատ թուլացած է: Մեր հաստատութիւնները, որոնք որոշ կարիքներ ունին, բեռ նկատուիլ սկսած են: Այսպիսի ցաւալի մտայնութիւն մը կայ: Ընդ որում, ես ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պարագային ըսեմ, թէ մեր ունեցած խնդիրը, որ մենք այսօր կը բարձրաձայնենք, բացարձակապէս վարչական բացթողումի մը, մսխումի մը, անհեռատեսութեան կամ սայթաքումի մը հետեւանքը չէ, որովհետեւ նոյնիսկ ներկայ տագնապին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը լումայ մը պարտական չէ որեւէ կառոյցի կամ ոեւէ անհատի: Մենք մեր սուղ միջոցները առաւելագոյն զոհողութեամբ ու խնայողութեամբ մինչեւ այսօր օգտագործած ենք: Մենք կը գիտակցինք, որ հնարաւորութիւնն ու ճոխութիւնը երբեք չունինք պարտական հաստատութիւն մը դառնալու, որովհետեւ այդ պարտքերը մարելու, վճարելու ներուժը արդէն չունինք: Հետեւաբար կ՚ակնկալենք այսօր զօրակցութիւն մը, աջակցութիւն մը այն համարձակութեամբ, որ այս թերթին համար ներդրուելիք միջոցները որեւէ ձեւով հին հաշիւներ մաքրելու, ոեւէ մէկուն ձախողումը, սայթաքումը, սխալ հաշուարկի հետեւանքը հաւասարակշռելու համար պիտի չօգտագործուին, այլ ուղղակի մեր նպատակին համար պիտի ներդրուին, այս աշխարհի ամենահին հայկական լրատուամիջոցին, այս պարագային՝ օրաթերթին ապագան պատրաստելու նպատակին պիտի ծառայեցուին անոնք:

Գիտէք, ինչ բանի վրայ որ կը հաշուարկենք, ինչ յենարաններ որ ունինք, այդ բոլորը տեսական են այս պահուն, որովհետեւ մենք գիտենք, թէ ի՛նչ դժուար ժամանակաշրջանէ կ՚անցնի հայ իրականութիւնը: 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքը աղէտ եղած է համազգային նշանականութեամբ եւ հայրենիքը, Արցախը ծով կարիքներ ունին այս պահուն: Տակաւին մենք չենք կրնար մոռնալ Լիբանանի մեր հարազատներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, նաւահանգիստի պայթումէն ետք յառաջացած կացութիւնը, երկրին մէջ առկայ տագնապը, լիբանանահայութեան վիճակը: Մասնաւորաբար կը շեշտենք լիբանանահայութիւնը, որ սփիւռքի ողնայարին մաս կը կազմէ, այսինքն՝ առանցքային գործօն մըն է, մղիչ ուժ մը եւ կու գան անոր վրայ բարդուելու սուրիահայութեան եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ամբողջ աշխարհի մէջ համավարակի հետեւանքները զգալի են եւ կը զուգորդուին կամ կ՚ուղղորդուին տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններով: Աշխարհի իւրաքանչիւր երկրի մէջ ժողովուրդի գնունակութիւնը հարուածի տակ մնացած է: Հազար ափսոս, որ հայերն ալ այդ բոլորէն կ՚ազդուին: Այսպիսի համայնապատկերի մը վրայ է, որ մենք յոյսեր կը փայփայենք՝ զօրակցութիւն ունենալու համար՝ այս թերթին ճակատագիրը փրկելու տեսակէտէ: Չեմ գիտեր՝ սփիւռքեան ո՛ր շրջանակին կրնանք դիմել կամ պաշտօնական ո՛ր լծակին վրայ յոյս դնել: Այս բոլորը վերացական են: Փաստօրէն մենք կ՚ուզենք բոլոր հարթութիւններուն վրայ մեր ահազանգը հնչեցնել, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին եթէ կարելի է, մարդիկ իրենց ձեռքը դնեն իրենց խղճին վրայ, իրենց առողջ դատողութեամբ ինքնաբուխ մտածեն, որ այստեղէն բարձրացած ձայնը անկարելի է անտարբերութեան մատնել։ Պէտք չէ թողուլ, որ այդ ձայնը պարապութեան մէջ արձագանգէ եւ թաղուի-երթայ: Հետեւաբար, պարզապէս այդ տեսական հնարաւորութիւնները հաշուի առնելով կ՚ընթանանք հիմա:

-Կը մաղթեմ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հեռանայ անդունդի եզրէն, որովհետեւ երբ ալ ըլլայ, ինչպէս ըսիք, անժամանակ պիտի ըլլայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին անդունդ գլորիլը: Շնորհակալութիւն։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F24-11-2021-խոր-մտահոգութեան-ալիք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın