İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՔԻԶ ԻՆՁՆԻՑ Ո՞Վ ԿԱՆԱՅ ԽԸԼԻ` ԱՇՈՒՂԻ ԲԱՍՆ ԻՍ, ՔԱՄԱ՛ՆՉԱ» (ՄԱՍ 2)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Թիֆլիզի մէջի մեր առաջին կայանը եղաւ Առաջնորդարանիստ Ս. Գէորգ Եկեղեցին, որուն համալիրին մէջ կը գտնուի Սայաթ Նովայի շիրիմը։ Գիտնալով հանդերձ որ հոն էր պատուական հաւատացեալին շիրիմը, օդը մութ ըլլալուն չկրցայ առաջին պահուն այցելութիւն շնորհել։ Սպասման ժամանակը սակայն, առիթ եղաւ որ Սայաթ Նովայի մասին Պոլսոյ յուշերս վերյիշեմ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ նշանակութիւն ունէր։ 

Ո՞ր մէկը ըսեմ, քանի բոլորը իրարմէ տարբեր իմաստներով զեղուն են. Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի մէջ Հայերէն դասին երգած «Քամանչա»ս, թէ ոչ՝ երաժշտութեան դասի մէջ Պրն. Յակոբ Մամիկոնեանի հետ միատեղ մեր աշխատած Սայաթ Նովայի երգերը, եւ կամ՝ սիրեցեալ հոգեւոր եղբայր Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայ Հօր Սայաթ Նովայի հանդէպ յատուկ սէրն ու իր երգած երգերը։ Բառերը նոյնիսկ արտասանելու դժուարութիւնը կ՚ունենայինք եւ իմաստը հասկնալ իսկ այնքան դիւրին չէր։ Սակայն, քամանչայէն ճառագայթող երաժշտական հոգին կը հասնէր մեր սրտերուն եւ պատճառ կը դառնար որ երգը ներթափանցէ մեր հոգիներէն ներս։ Բազում յիշատակներ երեւակայել կուտային Սայաթ Նովային սէրը հանդէպ՝ Քամանչայի, որ կարող էր տխուր սիրտերը խնդացնելու եւ երաժշտութենէն հմայուած անձանց ըսել տալու՝ «ապրի կատարողը»։ 

«Շատ տըխուր սիրտ կու խընդացնիս, կու կըտրիս հիվընդի դողըն, Յիփ քաղցըր ձայնըդ վիր կ’օնիս` բաց կու’լի հիդըդ խաղողըն. Խալխին էս իլթիմազն արա` ասին. «Ա՛պրի քու ածողըն»: Քանի սաղ է Սայաթ-Նովէն, շատ բան կու տեսնիս, քամա՛նչա»:

Ժամանակը տակաւ առ տակաւ անցաւ եւ արեւածագին յաջորդող պահուն առաջին գործս եղաւ Սայաթ Նովայի շիրմին մօտենալ եւ քիչ մը խոկալ։ Արժանի է Սայաթ Նովայի շիրիմը, աղօթքի առընթեր խոկման վայր ըլլալու, քանի այցելուներուն փոխանցելիք պատգամ մը ունի քամանչային այնքան սիրահար եւ նոյնքան հաւատքին փարած Սայաթ Նովան եւ կամ Ս. Ստեփանոս Քահանան։ Յովհաննէս Թումանեանի գրիչով «գեղեցիկ ձեւ մէջ մշտական հուր հոգի մըն է ան, ազնիւ մը եւ լիքը սիրտ, հարազատ հզօր շունչ մը, որ մեր աշխարհի հարազատ շունչի նման միշտ խաղալու է Կովկասի ժողովուրդներու վրայ…»։ Եւ կամ հաւատացեալ Քրիստոնեայի տիպարներէն է ան, որուն «Չըխմանամ Քլիսադան, դոնմանամ Իսադան» խօսքը սերունդներ կրկնելով կրկնեցին եւ յիշատակեցին Աստուծոյ ծառայ՝ Սայաթ Նովան։ 

Շիրիմին վրայ մետաղեայ տարերով քանդակուած էին Սայաթ Նովայի նշանաւոր տողերէն «Ամէն մարդ չի կանայ խըմի` իմ ջուրըն ո՛ւրիշ ջըրէն է. Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ` իմ գիրըն ո՛ւրիշ գըրէն է. Բունիաթըս աւազ չիմանաս, քարափ է, քարուկըրէն է»։ Ահա արդէն իսկ կը խոկայի այս տողերուն վրայ, ամէն մարդ չկրնար խմել իմ ջուրէս եւ ամէն մարդ չկրնար կարդալ իմ գիրս ուրիշ գիր է։ Որքա՜ն խորհրդաւոր ձեւով արտայայտուեր է Սայաթ Նովան, որ իր շիրիմը այցելող անձինք կը մտածեն զգալի տարբերութեան մասին։ Այս այն տարբերութիւնն է, որ ո՛չ միայն սոսկ գրական եւ կամ գեղարուեստական ճաշակէ մը կը բխի, այլ այն տարբերութիւնը՝ որ է «Կեանքի Ջուր»ին եւ «Կենաց Սուրբ Գիրք»ին տեղեակ ըլլայ։ Հետեւաբար 18րդ դարու սկիզբը ծնած Սայաթը մօտաւորապէս 80-ական տարիքին կը վախճանի որպէս Տ. Ստեփանոս, յիշատակուելով որպէս վասն հաւատոյ Քրիստոսի իր կեանքը ընծայաբերած հաւատարիմ եւ իմաստուն հոգեւորական։ Հետեւաբար սոսկ գերեզման մը պէտք չէ ընդունուեր այս վայրը։ Ուստի խաչակնքեցի, Տէրունական Աղօթք արտասանեցի եւ յաջորդաբար ի խորոց սրտի աղօթեցի ըսելով. «Ո՜վ պատուական վկայ Քրիստոսի, դուն բարեխօս եղիր բոլորիս Տիրոջը՝ Քրիստոսի մօտ»։ 

Անշուշտ, թէ՝ մեծ երգահանի, բանաստեղծի մասին գիրեր, գիրքեր, հատորներ լոյս տեսեր են 200 տարիներու ընթացքին, սակայն այս այցը առիթ եղաւ որ, Սայաթ Նովային ծնունդ տուած Թիֆլիզի մէջ շնչեմ Սայաթ Նովան ու մտածեմ եւ ներշնչուիմ Սայաթ Նովայով։ 

***Շարունակելի …

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın