İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաւէրով Պատրիարքական Աթոռի քահանայից դասու անդամները 22 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։

Հաւաքոյթը բացուեցաւ կատարուած հանգստեան կարգով ի հանգիստ հոգւոցն նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ իր ցաւը յայտնեց, թէ հոգեւորական դասը կորսնցուցած էր իր երկու անդամը եւ անդրադարձաւ անոնց օգտաշատ ծառայութիւններուն վասն Պատրիարքական Աթոռի եւ սուրբ եկեղեցեաց։ Ապա նշեց, թէ համավարակի պատճառաւ երկար ժամանակ հանդիպումներ, ժողովներ դադրած էին եւ հիմա որ ըստ բաւականի թեթեւցած էր այդ միջոցառման պայմանները, համայնքային կառոյցին մաս կազմող պատասխանատուներու եւ վարիչներու հետ Պատրիարքարանի մէջ սկսած էր հանդիպումներ ունենալ, լսելու համար իրենց հարցերը եւ խնդրանքները, նաեւ յայտնելու՝ թէ Պատրիարքական Աթոռը ինչպէ՞ս կրնար օգտակար ըլլալ իրենց։ Այս առումով նախ եկեղեցիներու մէջ հովուական պաշտօն վարող հայր սուրբերու հետ միատեղուելէ յետոյ հրաւիրած էր նաեւ քահանայ հայրերը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց, որ քահանայ հայրեր մանաւանդ համավարակի շրջանին իրենց կեանքը վտանգելով փութացած էին մեր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տալու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրուեցաւ համավարակի պարտադիր պայմաններուն մէջ  իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած եկեղեցիներէն ներս կատարուած հոգեւոր գործունէութեամբ։ Քահանայ հայրերու տուած բացատրութիւններէն յայտնի կը դառնար, թէ արարողութիւնները եւ Սուրբ Պատարագի մատուցումները շրջան մը կատարուած էին դռնփակ, ապա՝ սահմանափակ պայմաններու ներքեւ։ Այս պարագան դուռ բացած էր, որ հաւատացեալներ իրենց առօրեային մէջ շարունակեն ապրիլ վարակուելու վախը եւ այդ իր անդրադարձը կ՚ունենար հաւատացեալներու արարողութեանց մասնակցութեան եւ մանաւանդ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու թիւին վրայ։ Յոյս յայտնեցին, թէ ժամանակի ընթացքին այդ պիտի դարմանուէր երբ տակաւ առ տակաւ պիտի նուազէր համավարակի առթիւ բացայայտուած թիւերը։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ նշեց աղօթքի, մանաւանդ միասնական աղօթքի կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց թէ միասնական աղօթքէն կը բղխէր զօրութիւն։ Միասնական աղօթքի մթնոլորտին մէջ կատարուած Սուրբ Գիրքի ընթերցումները եւ անոնց մասին եղած խորհրդածութիւնները կարեւոր էին հոգեւորականի հոգեւոր շինութեան համար։ Հետեւաբար պատրաստակամութիւն յայտնեց մերթ ընդ մերթ գլխաւորելու միասնական աղօթքի հաւաքները, որ նաեւ պիտի օգտէր հոգեւոր շինութեան եւ մանաւնդ պիտի ամրացնէր  հոգեւորականներու միասնականութեան զգացումը։

Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ երիտասարդներու եւ մանկանց ուղղեալ աշխատանքներու կարեւորութիւնը, որ իր անդրադարձը կրնար ունենալ  դպրաց դասերու, երգչախումբերու շարքերուն զօրացման։ Այդ շարքերու զօրացմամբ, ապագային մեր հաստատութիւնները իրենց վարչական կազմերէն ներս կրնային եկեղեցւոյ կառոյցին ու կեանքին հաղորդ անձեր ունենալ։ Թելադրեց, որ իրենց շրջափակին մէջ դպրութեան եւ ուրարակրութեան պատրաստուելու փափաք ունեցողները ներկայացնեն Պատրիարքական Աթոռին, որպէսզի անոնց պատրաստութեան համար հարկաւոր խնամքը ընծայուի։

Հաւաքոյթին ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրով Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քահանան նշումներ ըրաւ արարողութեանց կանոնաւորութեան մասին եւ խնդրեց որ ակամայ թերութիւններ չպատահին արարողութեանց կատարման ընթացքին։

Հաւաքոյթին վերջաւորութեան միասնաբար բժշկութեան աղօթք արտասանուեցաւ Արժ. Տ. Տիրան Աւ. Քահանայ Րէիսեանի եւ Արժ. Տ. Մաշտոց Գալփաքճեանի համար։

Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքոյթը եւ քահանայ հայրեր շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ եւ մանաւանդ իրենց հոգեւոր շինութեան համար ցուցաբերուած հայրական մերձեցման համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın